ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Վատ պիտի յիշուին

Վեր­ջին քա­նի մը օրե­րու զար­գա­ցումնե­րուն հե­տեւե­լով, ակա­մայ կը յի­շեմ ողոր­մա­ծիկ մօրս «կրկին փոր­ձութիւ­նը յի­մարու­թիւն է» խօս­քը։ Էսաեան վար­ժա­րանի թէ նա­խակրթա­րանի եւ թէ երկրոր­դա­կան բաժ­նի տնօ­րէնու­հի­ները պաշ­տօ­նազրկո­ւեցան յան­կարծա­կի յայ­տա­րարու­թեամբ։ Ս. Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ լիազօ­րու­թիւնը խիստ վի­ճելի թա­ղակա­նու­թիւնը, պար­կեշտու­թե­նէ եւ պատ­շա­ճու­թե­նէ հե­ռու եղա­նակով մը զոյգ տնօ­րէնու­հի­ներուն տե­ղեկա­ցուց թէ սոյն տա­րուայ Օգոս­տոս ամի­սէն սկսեալ վերջ տո­ւած է իրենց պաշ­տօ­նին։ Ճիշդ է որ թա­ղակա­նու­թիւններ եւ խնա­մակա­լու­թիւններ օրի­նական գետ­նի վրայ ու­նին նման իրա­ւունք։ Հե­տեւա­բար անի­մաստ է Եր­րորդու­թեան տխրահռչակ թա­ղական­նե­րուն այս ան­բա­րոյ վար­քին առար­կել օրէնքնե­րու սահ­մա­նով։ Մա­նաւանդ երբ այդ վեր­ջիննե­րը խոս­տա­ցած են պաշ­տօ­նազրկման պար­տադրած բո­լոր կար­գադրու­թիւննե­րը յար­գել եւ հա­տու­ցումնե­րը վճա­րելու մա­սին։ Տնօ­րէնու­հի Սա­թենիկ Նշան 33 տա­րինե­րու վաս­տակ մը ու­նի այդ պաշ­տօ­նին վրայ։ Սա ինքնին աւանդ մըն է դպրո­ցի պատ­մութեան մէջ։ Ար­դա­րեւ շրջա­նաւարտներ, սոց­ցանցե­րու վրայ շեշ­տե­լով իրենց աւար­տա­կան տա­րեթի­ւը, յայ­տա­րարու­թիւննե­րով զօ­րակ­ցե­ցան տնօ­րէնու­հի­ներուն եւ դա­տապար­տե­ցին թա­ղակա­նու­թեան անըն­դունե­լի ոճը։ Մինչ այդ հա­մայնքա­յին մա­մուլն ու Պատ­րիար­քա­րանն ալ հա­մարեայ նման մե­ղադ­րանքնե­րով քննա­դատե­ցին կա­տարո­ւածը։ Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք, պատ­րիար­քա­րանի կայ­քէ­ջէն հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թիւնով մը ար­դա­րացուց իր ստանձնած կո­չու­մը։ Իսկ խնդրին «կրկին փոր­ձութիւն» ասա­ցուած­քը կը ծա­գի հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու բնոյ­թէն։ Բազ­մա­թիւ գրա­ռումնե­րու մէջ կը նկա­տենք այն հա­մոզու­մը, որուն հա­մաձայն կա­տարո­ւածը ան­նա­խադէպ է եւ կը ծա­գի թա­ղական­նե­րու ան­հե­թեթու­թե­նէն։ Չի յի­շուիր թէ նման խայ­տա­ռակ երե­ւոյթներ ան­ցեալին ալ պա­տահած են մեր բազ­մա­թիւ դպրոց­նե­րէ ներս։ Բո­լորն ալ այդ օրե­րուն որոշ օրա­կարգ զբա­ղեցու­ցած, ապա մատ­նո­ւած են մո­ռացու­թեան։ Թո­ղենք Գա­տըգիւ­ղի Արա­մեանի ու­թը ու­սուցիչ­նե­րու, կամ Դպրե­վան­քի տնօ­րէնի փո­փոխու­թեան եւ այլ օրի­նակ­ներ, ինքնին Էսաեանի պատ­մութիւ­նը լե­ցուն է նման անար­դար որո­շումնե­րով։ Բնաւ նո­ւազ գայ­թակղու­թիւն չէր Թոր­գոմ Պե­շիկ­թաշլեանի պաշ­տօ­նան­կութիւ­նը տնօ­րէնի կար­ճա­տեւ պաշ­տօ­նէն։ Ան առար­կած էր փոխ տնօ­րէնին, իր անու­նին տակ «թուրք փոխ տնօ­րէն» գրե­լուն։ «Եթէ հա­մարիս այս կո­չու­մը գոր­ծա­ծելու, ես ալ «հայ տնօ­րէն» կո­չու­մով պի­տի փո­խադար­ձեմ» ըսած էր Թոր­գոմ Պե­շիկ­թաշլեան։ Փոխ տնօ­րէնը, որ դպրո­ցէ ներս կրթա­կան մշա­կէ աւե­լի պե­տական գոր­ծա­կալի հան­գա­մանք ու­նէր, դժգո­հու­թիւնը փո­խան­ցեց խա­մաճիկ թա­ղակա­նու­թեան, որոնք իս­կոյն կա­տարե­ցին այն ինչ որ կ՚ակնկա­լուէր իրենցմէ։ Նա­խորդ փոր­ձութիւննե­րէ դաս քա­ղելու հա­մար գիտ­նանք թէ Պէ­յօղ­լո­ւի զոյգ եկե­ղեցեաց եւ Էսաեան վար­ժա­րանի մա­տակա­րար թա­ղակա­նու­թիւնը եթէ ոչ ի հի­մանէ, գո­նէ վեր­ջին մօտ մէկ դա­րուայ ժա­մանա­կահա­տուա­ծին միշտ յի­շուե­ցաւ իր վատ համ­բա­ւով։ Միշտ լի­նելով բա­ցառու­թիւն կազ­մող ազ­նիւ ան­ձեր, այդ հաս­տա­տու­թիւնը, իբ­րեւ գա­ղու­թի ամե­նաեկամ­տա­բեր կա­ռոյ­ցը, կռուախնձոր եղաւ թա­ղական խոր­հուրդի ընտրու­թիւննե­րուն։ Անոնցմէ շա­տեր, զա­նազան առիթ­նե­րով օգ­տո­ւեցան եկե­ղեց­ւոյ հարստու­թե­նէն։ Օրի­նակի հա­մար իրենք վար­ձե­ցին եկե­ղեց­ւոյ կա­լուա­ծը եւ ապա շատ աւե­լի բարձր գի­նով վար­ձա­կալե­ցին ու­րիշնե­րուն։ Այս բո­լորը ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է բո­լորին հա­մար, որոնք միշտ տա­րուած են մերկ թա­գաւո­րի տա­րազին հմայ­քը փա­ռաբա­նելու։ Եւ ան­շուշտ միշտ ալ պատ­րաստ «թա­գաւո­րը մերկ է» ազդարարողին ձայնը խեղդելու։

pakrates@yahoo.com