Համավարակը մեծ փորձութիւն մը եղաւ համայն մարդկութեան համար։ Ծագած օրերուն բնականաբար չէինք կրցած ենթադրել, թէ որ սահմաններուն կրնայ հասնիլ «Քովիտ 19»ի համաճարակը։ Սկիզբը այն դիտեցինք հեռաւոր Չինաստանի անունը մինչեւ այդ օր շատերուս անծանօթ քաղաքի մը մէջ ծագած փորձանք մը ըլլալով։ Անցեալին նմաններուն հանդիպած էինք հեռաւոր Ափրիկէի մէջ։ Հետեւած էինք անոր ծաւալման փուլերուն։ Նոյնը եղած էր (HIV) ժահրի ծագման ընթացքին։ Կարծած էինք թէ այն ալ սահմանուած է համասեռականներով։ Սակայն շուտով վերահասու եղանք այս նոր փորձանքի ընդլայնման եղանակին։ Տեսանք որ այս անգամ վտանգը բնաւ հեռու չէ մեզմէ։ Եւ օրը օրին հետեւելով ի վերջոյ Թուրքիոյ Առողջապահութեան Նախարարն ալ 11 Մարտ 2020 թուականին յայտարարեց, թէ յայտնաբերած են առաջին վարակման դէպքը։ Այդ լուրէն անմիջապէս ետք շուտով կրկնապատկուեցաւ վարակուածներու եւ ապա մահացածներու թիւերը։ Այս ակնկալուած անակնկալի դիմաց երկիրը որոշ ուշացումով ալ ըլլայ դիմեց կանխամիջոցներու։ Աւելի քան երկու ամիս է, որ ամբողջ առօրեան փոխուած է երկրին մէջ։ Անստոյգ է նաեւ ապագան։ Ներկայ պայմաններու մէջ վարակուելու եւ մահանալու թիւերու առումով զգալի նուազում մը կ՚ապրինք։ Բայց նման փորձը նախապէս ապրած հարաւային Քորէայի մէջ կանխամիջոցներու թուլացումով նկատուեցաւ նոր ոստում մը։ Մասնագէտներ արդէն վաղուց կը զգուշացնէին երկրորդ եւ երրորդ ալիքներու հաւանականութեան մասին։ Մենք որ Թուրքիոյ մէջ առիթը ունեցանք այլ երկիրներու փորձերուն հետեւելու կրկին մատնուեցանք մտավախութեան։ Երբ 11 Մայիսի դրութեամբ կը փորձենք որոշ կանխամիջոցներու թուլացում այս պահուն չենք կրնար գիտնալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ նման զանցառութեան մը հետեւանքները։
Համավարակը նաեւ նոր փորձի դաշտ մը եղաւ փիլիսոփաներու եւ քաղաքական վերլուծաբաններու դիմաց։ Անոնք այժմ կանխատեսումներով հանդէս կու գան մեկնաբանելու համար նման աղէտի մը հասարակութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնը։
Երբ ընդմիշտ կը խօսուի բնականոնի մասին մասնագէտներ համոզուած են, որ բնականոն կոչուածը բաւական տարբեր պիտի ըլլայ վարակի նախորդող ժամանակներու մեր իրողութենէն։ Այսինքն թերեւս ալ ի հիմանէ պիտի մոռնանք բազմաթիւ վարուելակերպ ու պիտի որդեգրենք նոր ըմբռնում, նոր կենցաղ։
«Ակօս»ի էջերուն վրայ կը հանդիպիք արուեստագէտներու այս մասին կանխատեսումներուն։ Օրինակի համար անուանի բեմադրիչ Ադոմ Էկոյեան վստահ չէ թէ արդեօք կրկին պիտի յաջողինք շարժանկարի դահլիճներուն մէջ բազմաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ ֆիլմ դիտելու։ Արդեօք «Քանի կինօփառատօն»ի բացման տեղի ունեցած կարմիր գորգի վրայ շքերթը պիտի կրկնուի՞ յաջորդ տարիներուն ալ։ Թէ ոչ, առյաւէտ դուրս պիտի մնայ մեր ապրումներէն։
Իրականութեան մէջ բաւականին լուրջ հարցումներ են այս բոլորը։ Լուրջ ու մտահոգիչ։ Մտահոգիչ՝ երբ կշիռքին մէկ նժարին վրայ է համաշխարհային մարդկութեան առողջութիւնը եւ միւսին վրայ տնտեսական կեանքի վերսկսումը։ Թրամբի կամ Էրտողանի նման նախագահներ բացարձակապէս պիտի չհանդուրժեն տնտեսական համակարգի քայքայման։ Բայց խնդիրը այն է, թէ զարգացումներու բերումով արդեօք իրենք այդ նախապատուութիւնը ճշդելու իրաւասութիւն պիտի ունենա՞ն, թէ ոչ վարակի ուժը իր պարտադրանքներով պիտի զգետնէ անոնց համաշխարհային մարդկութեան վրայ վճիռ արձակելու կարողութիւնը։
pakrates@yahoo.com