Օրակարգը որքան ալ խճողուած ըլլայ որոշ նիւթերու ծանրութիւնով, կեանքի յարատեւութիւնը մեզ կը թելադրէ անդրադառնալ տարբեր բնոյթի խնդիրներուն եւս։ Այս տեսակի նիւթ մըն էր Ծովինար Լոքմակէօզեանի սոյն շաբաթուայ համար պատրաստած յօդուածը։ Ան կը խօսէր Հայաստանի մէջ վերջերս ծաւալած նոր բանավէճի մը մասին։ Նիւթ էր հայոց շատ անգամ թրքերէնով կոչուած ազգանունները։ Ազգի մը տարրերը, եթէ պայմաններու բերումով ենթարկուած են տարբեր մշակոյթներու հետ շփումի տուեալ այդ մշակոյթները անխուսաբելօրէն կ՚ունենան իրենց ազդեցութիւնները։ Նոյն անունը կրող անձեր իրարմէ կը զանազանուին ազգանուններով։ Հայերու մէջ ալ երեւոյթը նոյն է։ Շատ անգամ ազգանունը եւս անձի մը անուն է։ Այս սովորութիւնը կը շարունակուի արեւելահայերու մօտ։ Իսկ արեւմտահայերը նախապատուութիւնը տուած են ընտանեկան կամ եթէ կարելի է այդպէս ըսել պապենական ասպարէզին։ Այսպէսով ձեւաւորուած է Գույուճեան, Տէմիրճեան, Պաքըրըճեան, Գալայճըեան, Չիզմէճեան, Տէօշէմէճեան եւ այլ զանազան անուններ։ Անոնց կողքին կայ նաեւ պատկանելութիւնը հայրենի երկրի մը կապող ազգանուններ եւս։ Ահա Սվասլըեան, Կեսարացեան, Այնթապլեան, Երզնկացեան եւ տակաւին բազում օրինակներ։ Նոյնիսկ կը հանդիպինք այլ ազգութիւններու հետ առնչուած ազգանուններու։ Ինչպէս Չերքեզեան, Պոշնակեան, Մոսկոֆեան, Լազեան, Քրտեան եւ դեռ բազմաթիւ այբ տեսակի ազգանուններ։
Այժմ հարցը այն է, թէ մեր ազգային պատմութեան մէջ բնականաբար իմաստաւորուող այս ազգանուններու գոյութիւնը վերջերս դժգոհութիւն պատճառեր են մարդկանց, որոնք տառապելով որոշ բարդոյթներէ կը թելադրեն ձերբազատուիլ այդ օտարաշունչ ազգանուններէ։ Երանի նոյն բծախնդրութիւնը ցուցաբերուած ըլլար օտարաշունչ անձնանուններու հանդէպ։ Արդարեւ ազգի յատկանիշներէն մէկն ալ ազգային անձնանուններն են։ Անխղճօրէն մերժել աւանդական բոլոր անունները, անոնք փոխարինել նորաձեւութիւն համարուած շինծու կոչումներով եւ յետոյ յարձակիլ օտարաշունչ ազգանունին։ Ազգանուն՝ որ մարդուս կը պարգեւէ իր նախնիներու հետ ուղղակի կապի մը առիթը։ Հետեւաբար օտարաշունչ ազգանունը հայացնելով մենք արդէն յստակ հեռաւորութիւնը մը դրած կ՚ըլլանք մեր անցեալին հանդէպ։ Նման հակասութիւնը կարելի է բացատրել թուրքի եւ թրքերէնի նկատմամբ նողկանքով միայն։ Երեւոյթ մը՝ որ արդէն ինքնին բաւականին հիւանդագին է։ Պարտիք ընդունել թէ կամայ թէ ակամայ մեր մշակոյթը, մտածելակերպը, նոյնիսկ շատ անգամ գործելակերպը ուղղակիօրէն ազդեցութիւնը կը կրէ նոյն ինքն մեր հալածած ազգին եւ անոր մշակոյթին։ Ի զուր չէ որ կ՚ըսենք կրկնելով, թէ հայ ժողովուրդի մայրենի լեզուներէն մէկն ալ թրքերէնն է։ Լեզու մը, որուն տիրապետել են մեր միջնադարեան աշուղները եւ իրենց բազում գործերը արտադրել այդ լեզուով։ Եթէ յանկարծ տարուինք այս բարդոյթէն մենք զմեզ կը գտնենք մեր այդ հսկայ պատմական անցեալը ուրանալու վտանգին դիմաց։
Տարակարծութիւնը կը ծագի «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» կարգախօսէն։ Նոյնիսկ այդ կարգախօսին վրայ ոմանք փորձեցին անխղճօրէն աւելցնել «Մէկ եկեղեցի» սահմանումը։
Եթէ պիտի փնտռենք նողկալի մը, այդ մէկը ազգը մաքուր դարձնելու այս փորձերը են։ Մերժողական արտաքսումի միտող այդ հասկացողութիւնն է նողկալին։ Իսկ անդին կայ բազմահազար տարիներու պատմութիւն մը։ Այդ պատմութեան որոշ մասնիկներ, կամ յատկութիւններ եթէ ոմանց համար անընդունելի է թողենք անոնք իրենց տառապանքին մէջ եւ մենք շարունակենք զարգացնել եւ յարատեւել յաւէրժի ճամբորդի ճանապարհը։