ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Դժուար «Մայիս Մէկ»

Սոյն տա­­­րուայ 12 Ապ­­­րի­­­­­­­լին հա­­­յերս եւ Կա­­­թողի­­­կէ եկե­­­ղեցին նշե­­­ցինք Սուրբ Զատ­­­կի տօ­­­նը դռնփակ պա­­­տարագ­­­նե­­­­­­­րով։ Ոչ ոք կրցաւ եկե­­­ղեցի եր­­­թալ եւ բո­­­լորս տնե­­­րէն հե­­­տեւե­­­ցանք Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նեան հե­­­ռուստաալիք­­­նե­­­­­­­րուն սփռած Սուրբ Պա­­­տարա­­­գին։ Հռո­­­մի Պա­­­պը իր ու­­­ղերձը հա­­­ղոր­­­դեց դար­­­ձեալ հե­­­ռուստաէկ­­­րաննե­­­րէն, փո­­­խանակ Սուրբ Մար­­­կո­­­­­­­սի հրա­­­պարա­­­կին։

Շա­­­բաթ մը անց նոյն թախ­­­ծոտ Զատ­­­կի տօ­­­նակա­­­տարու­­­թիւնը վա­­­յելե­­­ցին ուղղա­­­փառ քրիս­­­տո­­­­­­­նեանե­­­րը։ Անոնք եւս զրկուեցան տօ­­­նը իր թե­­­լադ­­­րած ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեամբ վա­­­յելե­­­լէ։

Այժմ հա­­­սած է «Մա­­­յիս Մէկ»եան տօ­­­նակա­­­տարու­­­թիւննե­­­րը։ Անոնք դար­­­ձեալ պի­­­տի կա­­­յանան փակ դռնե­­­րու ետին։ Նոյ­­­նիսկ այդ օր ար­­­գի­­­­­­­լուած է փո­­­ղոց ել­­­լե­­­­­­­լը։ Այդ ար­­­գելքով հան­­­դերձ ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը ար­­­գե­­­­­­­լակող ցան­­­կա­­­­­­­պատե­­­րով պա­­­տեցին Թաք­­­սի­­­­­­­մի հրա­­­պարա­­­կը։

Արհմիու­­­թիւննե­­­րը դի­­­մեցին բա­­­նուոր դա­­­սակար­­­գին, իրենց գտնո­­­ւած բո­­­լոր վայ­­­րե­­­­­­­րուն մէջ «Մա­­­յիս Մէկ»ը նշել։

Ճիշդ է որ այս բո­­­լորը հա­­­մավա­­­րակի պայ­­­մաննե­­­րու հասկնա­­­լի հե­­­տեւանքներն են։ Բայց ան­­­դին կայ ան­­­հասկնա­­­լի իրո­­­ղու­­­թիւններ։ Ներ­­­կայ պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ ի՞նչ կը նշա­­­նակէ «Մա­­­յիսի Մէկ»եան տօ­­­նակա­­­տարու­­­թիւնը։ Տօն մը, որ կը խորհրդան­­­շէր աշ­­­խա­­­­­­­տող­­­նե­­­­­­­րու ու­­­թը ժա­­­մուայ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քա­­­­­­­յին օրի ձեռքբե­­­րու­­­մը։ Դիւ­­­րին չէր եղած այդ իրա­­­ւունքին հաս­­­նիլ։ Բա­­­զում կեան­­­քեր կորսնցո­­­ւած էրնման իրա­­­ւունքի մը հաս­­­տատման հա­­­մար։ Իսկ այ­­­սօր ամե­­­նայն հեշ­­­տութեամբ, նոյ­­­նիսկ կա­­­րելի է ըսել անզգա­­­լաբար վե­­­րացած է աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քա­­­­­­­յին օրը ու­­­թը ժա­­­մով սահ­­­մա­­­­­­­նող սկզբունքը։ Գոր­­­ծա­­­­­­­տէրեր դիւ­­­րաւ կը պար­­­տադրեն օրա­­­կան 12-15 ժա­­­մերու հաս­­­նող աշ­­­խա­­­­­­­տանք։ Աշ­­­խա­­­­­­­տողը կա­­­րողու­­­թիւն չու­­­նի այդ պար­­­տադրան­­­քին առար­­­կե­­­­­­­լու, քա­­­նի որ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քազրկու­­­թիւնը հա­­­սած է շատ բարձր հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւննե­­­րու։ Եւ ան­­­շուշտ ոչ միայն այդքա­­­նը։ Վեր­­­ջին եր­­­կու տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րու հո­­­լովոյ­­­թով լրջօ­­­րէն նո­­­ւազած է աշ­­­խա­­­­­­­տավարձքի ար­­­ժէ­­­­­­­քը։ Բա­­­նուո­­­րին ստա­­­ցած գու­­­մա­­­­­­­րը կորսնցու­­­ցած է գնե­­­լու կա­­­րողու­­­թիւնը։

Ան­­­շուշտ որ կը խօ­­­սինք հա­­­մատա­­­րած երե­­­ւոյ­­­թի մը մա­­­սին, որ եր­­­բեք սահ­­­մա­­­­­­­նուած չէ այս կամ այն երկրով։ Այս երե­­­ւոյ­­­թի հիմ­­­նա­­­­­­­կան դրդա­­­պատ­­­ճառն է Խորհրդա­­­յին միու­­­թեան փլու­­­զումը։ Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին քա­­­փիթա­­­լը, այդ փլուզման հե­­­տեւան­­­քով ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րեց ոս­­­տում մը։ Նախ­­­կին դրա­­­մապաշտ հա­­­մակար­­­գը վե­­­րածո­­­ւեցաւ նոր դրու­­­թեան մը, որ պի­­­տի կո­­­չուէր «նէօլի­­­պերալ քա­­­փիթա­­­լիզ»։ Ինչպէս որ յայ­­­տա­­­­­­­րարո­­­ւած էր խորհրդա­­­յին կար­­­գե­­­­­­­րու կոր­­­ծա­­­­­­­նու­­­մէն ետք հի­­­մա պի­­­տի տի­­­րապե­­­տէր հա­­­մաշ­­­խարհայ­­­նա­­­­­­­ցու­­­մը։ Այս ալ ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւեցաւ «կլո­­­պալիզմ» քնքոյշ բա­­­ռով։ Խա­­­բեցին մարդկանց ըսե­­­լով, թէ այսպի­­­սով բո­­­լորին հա­­­մար հա­­­սանե­­­լի պի­­­տի ըլ­­­լայ աշ­­­խարհի որե­­­ւէ երկրի մէջ ար­­­տադրո­­­ւած ապ­­­րանքը։ Այդ պա­­­հուն ան­­­հատներ ան­­­շուշտ, որ չէին կրցած անդրա­­­դառ­­­նալ որ հա­­­մաշ­­­խարհայ­­­նա­­­­­­­ցած քա­­­փիթա­­­լը այսպէ­­­սով պի­­­տի տի­­­րանայ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին շու­­­կա­­­­­­­յի մը եւ ան­­­շուշտ այդ շու­­­կան ձե­­­ւաւո­­­րելու հա­­­մար պայ­­­ման էր որոշ կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րու կի­­­րար­­­կումը։ Այսպէս հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին ֆի­­­նան­­­սը սկսաւ որո­­­շել թէ ո՞ր երկրի մէջ, ի՞նչ ար­­­տադրու­­­թիւն պի­­­տի կա­­­տարո­­­ւի, ի՞նչ բերք պի­­­տի ցա­­­նուի եւ ի՞նչ բերք պի­­­տի հնձո­­­ւի։ Նոյ­­­նիսկ ո՞ր հու­­­նտը, ո՞ր երկրէն պի­­­տի ապա­­­հովո­­­ւի։ Այս բո­­­լորի հե­­­տեւան­­­քը եղաւ աշ­­­խա­­­­­­­տող դա­­­սակար­­­գի անխնայ սնան­­­կա­­­­­­­ցու­­­մը։

Ահա այս պայ­­­մաննե­­­րու տակ է, որ հարց կու տանք։ Ինչպէ՞ս գո­­­չել «Կեց­­­ցէ՛ Մա­­­յիս Մէկ» կամ «Կեց­­­ցէ՛ բա­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու զօ­­­րակ­­­ցութեան օրը»։

Այս պա­­­հուն մեր դի­­­մաց ծա­­­ռացած ամե­­­նալուրջ հրա­­­մայա­­­կանն է բա­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու միացու­­­մը։ Կոչ մը, որ ժա­­­ռան­­­գո­­­­­­­ւած էր նա­­­խորդ դա­­­րէն եւ իրա­­­կանա­­­ցուե­­­ցաւ ո՛չ թէ աշ­­­խա­­­­­­­տող­­­նե­­­­­­­րու, այլ դրա­­­մատէ­­­րերու կող­­­մէ։ «Բա­­­նուոր­­­ներ բո­­­լոր եր­­­կիրնե­­­րո՛ւ միացէք» կո­­­չը լսե­­­ցին, դրա­­­մատէ­­­րերը եւ դիւ­­­րաւ յա­­­ջողե­­­ցան իրենց ֆի­­­նան­­­սը միաց­­­նե­­­­­­­լով աշ­­­խա­­­­­­­տողին կե­­­ղեքու­­­մը հա­­­մաշ­­­խարհայ­­­նացնել։

Ափ­­­սոս որ այս է 2020 թո­­­ւի «Մա­­­յիս Մէկ»եան հա­­­մայ­­­նապատկերը։

pakrates@yahoo.com