Վերջին 55 տարիներու ընթացքին, առաջին անգամ այս տարի կը հրաժարինք հայոց ցեղասպանութեան զոհերը հաւաքաբար յիշատակելու նպատակաւ կազմակերպուած միջոցառումներէ եւ հանրահաւաքներէ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի այցելութիւնը սահմանափակեց միայն պետական աւագանիի մասնակցութեամբ։ Նոյնպէս պիտի չկայանայ վերջին տարիներուն աւանդութիւն դարձած եւ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ կայացող ջահերով երթը։ Սա շատ տեղին որոշում մըն է, քանի դէմ առ դէմ ենք համաշխարհային բնոյթով համավարակի մը հետ, որմէ խուսափելու գլխաւոր միջոցն է մարդկանց մեկուսացումը, կամ գոնէ իրարու միջեւ որոշ հեռաւորութեան պահպանումը։
Սակայն նոյնիսկ պատժամիջոցներ տնօրինելով, աշխարհի վրայ չկայ ոեւէ վարչապետ կամ նախագահ, թագաւոր կամ փարաւոն, որ պիտի յաջողէր մարդկանց իրենց անմեղ զոհերը յիշատակելու, անոնց սուգը պահելու կամքը արգիլել։ Նոյնիսկ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, որոնք մինչեւ օրս կը փշաքաղուին, նոյնիսկ կարելի է ըսել կը կատաղին հայոց պահանջատիրութիւնը լսելով, ի վերջոյ տեղի տուին իրենց երկրի քաղաքներու մէջ ալ 24 Ապրիլի յիշատակման։ Խոստովանինք թէ այդ ետքայլը ապահովողը ոչ թէ հայոց վճռակամութիւնն է, այլ իր կարգ մը ազգակիցներուն ձեռքբերած գիտակցութիւնը։ Վերջապէս մարդիկ իմացան թէ ցեղասպանութիւն կոչուածը, անկախ իրեն թիրախ ընտրած ազգութենէն կամ խմբակէն, համայն մարդկութեան դէմ գործուած մեծ ոճիր մըն է։
Այս իրողութիւնը կը թելադրէ թէ ցեղասպանութեան նման ահռելի եւ սարսափազդու փորձանքի մը դիմաց գերզգայուն ըլլան նախ այն ժողովուրդները, որոնք անցեալին ենթարկուած են այդ աղէտին։ Սակայն այս ակնկալութիւնը ի սպառ կը մնայ ազգայնական դրդումներով գործողներու պատճառաւ։ Անոնք կ՚ուզեն փաստել, թէ իրենց դէմ կատարուածը միակն էր, եզակի եւ անօրինակը։ Կարծես կը նախանձին, չեն ուզեր սեփականացուած ցեղասպանութեան իրողութիւնը կիսել ուրիշներու հետ։ Այդ էր պատճառը, թէ Իսրայէլի պետութիւնը երկար տարիներ դժկամի հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու։ Անոնք շարք մը այլ երկիրներու նման, պատմական իրողութիւնը կը շահագործեն Թուրքիոյ դէմ իբրեւ դիւանագիտական խաղաքարտ մը ըլլալով։ Երեւոյթ մը, որ իր կարգին անարգանք է անմեղ զոհերու յիշատակին։ Իսկ հայու համար անարգանք է անցեալին այդ մեծ ոճիրին մեղսակից եղած պետութիւններէն յուսալ ու սպասել, թէ անոնք մեղադրեն Թուրքիան։
24 Ապրիլ 1915 խորհրդանշական թուականով յիշուած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, քանի ան բնական ժառանգորդն է Օսմանեան կայսրութեան։ Աւելին՝ մինչեւ օրս չէ դատապարտած իր նախնիներուն գործած ծանր մեղքը։ Ընդ հակառակ, պաշտպանած, արդարացուցած է բազմաթիւ սուտ ու սխալ պատրուակներ ներկայացնելով։ Հասած է այնպիսի հանգրուանի մը թէ, իր գործած ոճիրին համար մեղադրէ զոհուածները։ Իրականութեան մէջ այս բոլորը, կատարուածին հաւաքական ենթագիտակցութեան մէջ տեղ գտած յանցագործութեան գիտակցելու երեւոյթներ են։ Ինչպէս Հրանդ Տինք յաճախ կը նշէր, թիւրին չէր այդ ծանր մեղքին հետ առերեսուիլ։ Ուրեմն իբրեւ ելքի միջոց կը մնար ուրանալ, ժխտել եւ ամենակարեւորը, զոհուածը մեղաւորի վերածել։
Այս բոլորը հաստատելով հանդերձ չենք կրնար անտեսել մեծ ոճիրի մեղսակիցները, որոնք կատարուածին հանդէպ քար լռութիւն պահեցին երկար տարիներ։ Նորաստեղծ պետութենէն ակնկալութիւններ ունէին։ Ան Խորհրդային Միութեան դիմաց սահմանապահ մըն էր Եւրոպայի կամ աւելի լայն ընկալումով, իբրեւ թէ «քաղաքակիրթ» արեւմտեան աշխարհի համար։ Կեղեքման դաշտ մըն էր իր բազմամարդ բնակչութեամբ եւ բնական պաշարներով։
Մենք այս տարի ալ պիտի յիշենք մեծ եղեռնի այժմ սրբադասուած զոհերը։ Բայց նաեւ արթուն ու զգօն պիտի ըլլանք աշխարհի ծուռ դրուածքին դիմաց։
Նման զգօնութիւնը կը պարտադրէ զօրակցել չարիքի դիմաց անելի մատնուած բոլոր ազգութիւններուն, Ռուանտայէն Պոսնիա, Շենկալի լեռէն Քիւրտիստանի հովիտներ կամ Եմէնի անապատներ։