Արար աշխարհ համոզուած է յստակ իրողութեան՝ Արարատ սարը հայոց կը պատկանի։ Միակ բացառութիւնը թրքական քաղաքական միտքն է որ կը մերժէ, կ՚ուրանայ այդ իրողութիւնը։ Կ՚ուրանայ, որովհետեւ չի հանդուրժեր հայուն անունը իսկ լսելու։ Արարատի հայապատկան ըլլալու փաստը հազարամեակներու անցեալ ունի, իսկ թուրքի անհանդուրժողութիւնը հազիւ հարիւրամեայ։ Այդ սարսափը կը ծագի իր ձեռքով գործուած մեծ ոճիրէն։ Հայատեացութիւնը ոչ թէ գիտակցութեան, այլ ենթագիտակցութեան դրսեւորում է թուրքի ինքնութեան մէջ։
Կայսրութիւնը բնորոշող յատկութիւնը անոր ծաւալելու կարողութիւնն է։ Անցեալին Օսմանեան կայսրութիւնն ալ իր տիրապետութիւնը ծաւալած էր երեք ցամաքամասերու վրայ։ Սերպիա, Հունգարիա, Պուլկարիա, Յունաստան միասնաբար կը կոչուէին Պալգանեան երկիրներ եւ կը կազմէին Եւրոպայի արեւելեան հատուածը։ Եգիպտոս, Մարոք, Լիպիա եւ Թունիս միասնաբար կը կոչուէին Մաղրիպեան երկիրներ եւ կը կազմէին Ափրիկէի հիւսիսային հատուածը։ Նմանապէս Ասիոյ արեւմտեան հատուածն ալ կը կոչուէր միջին արեւելք եւ ան ալ գրաւուած, հարկատու դարձուած էր երբեմնի հզոր կայսրութեան կողմէ։
Եւրոպայի բազմաթիւ թագաւորութիւններ օգտուելով զարգացած նաւավարութեան դրութիւններէ եւ քարտէզագիտութենէ, արդէն իսկ արշաւած էին հեռաւոր երկիրներ։ Կողոպտած էին այդ երկիրներու բնական հարստութիւնը, մարդուժը, որոնց շնորհիւ զարգացաւ նաեւ իրենց ճարտարագիտութիւնը։ Օսմանցին չունենալով ճարտարագիտական միջոցներ, գոհացաւ հարկահաւաքումով միայն։ Բայց ի տարբերութիւն եւրոպացիներու, օսմանցիներ տարուեցան արշաւած երկիրը իր սեփականութիւնը կարծելու մոլորումէն։
Մինչեւ օրս կ՚ափսոսան կայսրութեան երբեմնի գրաւած հողերուն կորուստով։ Եւ սակայն միջազգային դիւանագիտութիւնը յաջողեցաւ որոշ չափով սովորեցնելու, թէ պարտաւոր են ազգերու ինքնիշխանութեան դէմ հաշտուելու։
Մնաց մի քանի ազգութիւն, որոնց հողերը մաս կը կազմեն ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան։ Արեւմտեան Հայաստանի, Պոնտաց երկրի, Ասորեստանի եւ Հիւսիսային Քիւրտիստանի գոյութիւնը, եթէ ոչ միջազգային օրինականութեան սահմանումով, բայց պատմական առումով փաստացի իրողութիւն է։ Նման իրողութեան ուրացումը ծնունդ կու տայ սնամէջ ինքնապաշտպանութեան մը բարդոյթին։
Ահա այդ բարդոյթէն տարուելով է որ Ազգային Շարժում կուսակցութեան պետը, իր համբակներով կը յանդգնի Անիի մայր տաճարին մէջ նամազով երկրպագելու, իբր բողոք հոն այցելած հայ զբօսաշրջիկներուն մոմավառութեան, խաչակնքումին կամ «Տէր Ողորմեայ» մրմնջալուն։
Թրքական բարդոյթի ապացոյցն է Չինաստանէն Հայաստանի Հանրապետութեան ուղարկուած բժշկական օգնութեան տուփերուն վրայ «Արարատէն աւելի բարձր եւ Եանկ-ցէյէն աւելի երկար բարեկամութեան մաղթանքով» գրութեան պատճառած աղմուկը։ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց Նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Փեքինի աւագ դեսպանը եւ յայտնեց թէ այդ մաղթանքը սպառնալիք մըն է իր երկրի հողային ամբողջութեան հանդէպ։ Նոյն ելոյթը ունեցաւ Փեքինի մէջ Անգարան ներկայացնող թուրք աւագ դեսպանը, այցելելով Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն։
Մեզի համար ծիծաղելի այս գերզգայնութիւնը թրքական դիւանագիտութեան համար լուրջ խնդիր է եւ կարելի չէ բաց թողուլ։
Բայց կայ աւելի ծիծաղելին, որն է չինացիներու պատասխանը։ «Տուփերու չինարէն գրութեան մէջ չկայ այդպէս արտայայտութիւն։ Այդ մէկը թարգմանութեան պահուն սպրդեր է»։ Հասկնալի է չինացիներու մտածելակերպը։ Մէկ նժարին վրայ 3 միլիոնանոց Հայաստանի շուկան է, միւսին վրայ 83 միլիոնանոց Թուրքիոյ շուկան։ Չարժէր թուրքի բարդոյթին համար այդ շուկան վտանգել։