ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Դէպի կեղծիքի աւարտը

26տա­­­րիներ առաջ այս օրե­­­րուն էր որ Իս­­­թանպու­­­լի քա­­­ղաքա­­­պետ ընտրո­­­ւելով Թուրքիոյ քա­­­ղաքա­­­կան կեան­­­քին մէջ մեկ­­­նարկեց Ռե­­­ճեպ Թայ­­­յիպ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի շրջա­­­նը։ Առա­­­ջին ան­­­գամ կրօ­­­նամոլ կու­­­սակցու­­­թիւն մը (Ռե­­­ֆահ) կը նո­­­ւաճեր Իս­­­թանպու­­­լի քա­­­ղաքա­­­պետու­­­թեան խիստ կա­­­րեւոր աթո­­­ռը։ Նո­­­րըն­­­տիր քա­­­ղաքա­­­պետը իր ան­­­հա­­­­­­­տական հե­­­ղինա­­­կու­­­թեամբ փայ­­­լե­­­­­­­ցաւ այս պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու պաշ­­­տօ­­­­­­­նին վրայ։ Ինչպէս հաւ­­­կի­­­­­­­թէն ել­­­լող ճու­­­տի­­­­­­­կը, ան ալ ազա­­­տուե­­­ցաւ հնա­­­մաշ կու­­­սակցու­­­թեան զինք սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կող պա­­­տեանէն ու ճա­­­կատա­­­գիրը բաժ­­­նե­­­­­­­լով Ապ­­­տուլլահ Կիւ­­­լի հետ, հիմ­­­նեց «Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն եւ Զար­­­գա­­­­­­­ցում Կու­­­սակցու­­­թիւնը։

Նո­­­րաս­­­տեղծ կու­­­սակցու­­­թիւնը ան­­­վի­­­­­­­ճելի յաղ­­­թա­­­­­­­նակ մը ապա­­­հովեց իր մաս­­­նակցած առա­­­ջին ընտրու­­­թիւննե­­­րուն։ Այսպի­­­սով երկրին ղե­­­կը ան­­­ցաւ այս խի­­­զախ քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծի­­­­­­­չին ձեռ­­­քը։ Այդ տա­­­րինե­­­րուն երկրէ ներս կը տի­­­րէր նաեւ «խո­­­րունկ պե­­­տու­­­թիւն» կո­­­չեալ ու­­­ժը։ Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ այդ ուժն էր որ կը կա­­­ռավա­­­րէր եր­­­կի­­­­­­­րը, իր հսկո­­­ղու­­­թեան տակ պա­­­հելով ժո­­­ղովուրդին ձայ­­­նե­­­­­­­րով ընտրո­­­ւած խորհրդա­­­րանը։ Էր­­­տո­­­­­­­ղան ապա­­­հոված էր ժո­­­ղովուրդին զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը, կազ­­­մած էր կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը բայց չէր կրցած իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն դառ­­­նալ։

Ընդմիշտ քա­­­րոզե­­­լով ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թիւն, խօս­­­քի ազա­­­տու­­­թիւն, ԵՄ-ի պա­­­հան­­­ջած մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու հաս­­­տա­­­­­­­տում, շրջա­­­նային վար­­­չութիւննե­­­րու լիազօ­­­րու­­­թեան սահ­­­մաննե­­­րու ընդլայ­­­նում, յա­­­ջողե­­­ցաւ նաեւ նո­­­ւաճե­­­լու ազա­­­տամիտ շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու աջակ­­­ցութիւ­­­նը եւս։ Այդ հանգրո­­­ւանին երկրի քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ եւ հրեայ փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րը եւս հա­­­մակ­­­րանք ու­­­նե­­­­­­­ցան նոր կու­­­սակցու­­­թեան հան­­­դէպ։ Միւս կող­­­մէ սկսած էր այս վեր­­­ջիննե­­­րուս անար­­­դար օրի­­­նակա­­­նու­­­թիւննե­­­րով յափշտա­­­կուած կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րը վե­­­րադարձնե­­­լու գոր­­­ծընթա­­­ցը։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ յա­­­ջորդ ընտրու­­­թիւննե­­­րը ալ աւե­­­լի փայ­­­լուն յաղ­­­թա­­­­­­­նակ մը շնոր­­­հե­­­­­­­ցին այս նոր շար­­­ժումին։

Էր­­­տո­­­­­­­ղան եկած էր իս­­­լա­­­­­­­մական հիմք ու­­­նե­­­­­­­ցող քա­­­ղաքա­­­կան շար­­­ժումի մը ընդմէ­­­ջէն, բայց կար­­­ծես յա­­­ջողած էր արեւմտեան ար­­­դի ըմբռնումնե­­­րու հա­­­մապա­­­տաս­­­խան քա­­­ղաքա­­­կան ու­­­ղի մը ճշդել։ Եւ­­­րո­­­­­­­միու­­­թեան շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը իր կեր­­­պա­­­­­­­րին մէջ կը տես­­­նէին ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թիւնը որ­­­դեգրած հա­­­ւատա­­­ցեալ լի­­­պերալ մը։

2013 թո­­­ւակա­­­նը ան­­­կիւնա­­­դարձ մը եղած էր այս կա­­­խար­­­դա­­­­­­­կան խափ­­­կանքը խան­­­քա­­­­­­­րելու առու­­­մով։ Սոյն տա­­­րուայ Մա­­­յիս ամ­­­սո­­­­­­­ւայ վեր­­­ջե­­­­­­­րուն էր, երբ ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու ան­­­հա­­­­­­­մեմատ բռնու­­­թեան հե­­­տեւան­­­քով բռնկեց «Կե­­­զի» զբօ­­­սայ­­­գիի դէպ­­­քե­­­­­­­րը։ Բռնու­­­թիւնէն ծնաւ անսպա­­­սելի դի­­­մադ­­­րութիւն, որ ծա­­­ւալե­­­ցաւ բո­­­վան­­­դակ երկրի տա­­­րած­­­քին։ Թուրքիա այդ տա­­­րուայ Յու­­­նիս ամ­­­սուն ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ լուրջ ապստամ­­­բութեան մը պատ­­­կե­­­­­­­րը։ Իսկ տա­­­րուայ աւար­­­տին վրայ հա­­­սաւ երկրորդ ցնցու­­­մը, այս ան­­­գամ 17 եւ 25 Դեկ­­­տեմբե­­­րին գոր­­­ծադրո­­­ւած հար­­­ցաքննու­­­թիւնով, որ կը սպառ­­­նար Էր­­­տո­­­­­­­ղանի որ­­­դի­­­­­­­ներուն, նա­­­խարար­­­նե­­­­­­­րուն եւ իշ­­­խա­­­­­­­նամէտ գոր­­­ծա­­­­­­­րար­­­նե­­­­­­­րուն։ Յա­­­ջոր­­­դեց Ազ­­­գա­­­­­­­յին Լրա­­­քաղու­­­թեան Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան (MİT) բեռ­­­նա­­­­­­­տար­­­նե­­­­­­­րուն ճի­­­հատա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու զէնք փո­­­խադ­­­րե­­­­­­­լուն պար­­­զո­­­­­­­ւիլը։

Այս բո­­­լորէն ետք 7 Յու­­­նիս 2015-ի ընտրու­­­թիւննե­­­րուն, ԱԶԿ առա­­­ջին ան­­­գամ ըլ­­­լա­­­­­­­լով ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ ձայ­­­նե­­­­­­­րու զգա­­­լի կո­­­րուստ։ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի հա­­­մար սկսած էր նա­­­հան­­­ջե­­­­­­­լու շրջա­­­նը։ Հար­­­կադրուեցաւ ալ աւե­­­լի բռնու­­­թեան եւ անօ­­­րինութեան դի­­­մելու։ Այդ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ալ շու­­­տով կորսնցուց իր նա­­­խապէս թէ երկրի մէջ եւ թէ եւ­­­րո­­­­­­­պական պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու մօտ ձերրքբե­­­րած վար­­­կը։

Այ­­­սօր Քո­­­րոնա ժահ­­­րի դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րելու հա­­­մար դրա­­­մահա­­­ւաքի կո­­­չեր ընե­­­լու ստի­­­պուե­­­լով, ան­­­գամ մը եւս ակա­­­նատէս կըլ­­­լանք իր պո­­­ռոտա­­­խօսու­­­թեան սնան­­­կա­­­­­­­ցու­­­մին։

Այս պա­­­հուն կը յի­­­շեմ վա­­­ղեմի բա­­­րեկա­­­մի մը՝ Անդրա­­­նիկ Ար­­­շա­­­­­­­կեանի խօս­­­քե­­­­­­­րը, որ Թուրքիոյ տնտե­­­սու­­­թիւնը նմա­­­նեցու­­­ցած էր թուղթէ վագ­­­րի, որ երե­­­ւոյ­­­թով հզօր է, բայց սնա­­­մէջ։ Փոր­­­ձո­­­­­­­ւելով կ՚ապ­­­րինք ճշմար­­­տութիւնը։

pakrates@yahoo.com