ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երբ մենք մտահոգ ենք հանապազօրեայ հացով

Ամէն ոք, ամէն ինչ նախ եւ առաջ կը դիտէ իր պայմաններուն թելադրած ձեւով։ Այսպէսով ալ իրարմէ անջատ կերպով կը ձեւաւորուին նախապատուութիւնները։ Բոլորովին բնական երեւոյթ մը իրականութեան մէջ։ Ճգնաժամերը բացառութիւն կը կազմեն այս հաստատումի առումով։ Կամ գոնէ կը կարծենք թէ պէտք է այդպէս ըլլայ։ Սա սովորական մարդու մտածելակերպն է միայն։ Եթէ զանգուածային վտանգ մը առկայ է, շատ բնական է որ օրակարգի առաջնահերթութիւնն ալ վերաբերի այդ նիւթին։

Բայց ինչպէս որ ըսինք այս բնական երեւոյթը միայն ու միայն հասարակ մարդկանց համար ի զօրու է։ Իսկ անոնք որ մխրճուած են շատ աւելի լուրջ խնդիրներու մէջ, անոնք պիտի անտեսեն ճգնաժամի թելադրած պայմանները եւ ամէն ճիգ պիտի վատնեն իրենց մեծ հաշիւները կարգաւորելու համար։

Արդարեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններն ալ որդեգրած են այս ճանապարհը եւ կարծես ժողովուրդին իր ուշադրութիւնը որոշ նիւթի մը սեւեռած պահուն իսկ կը փորձեն իրենց անլուծելի մնացած խնդիրներուն լուծումներ գտնել։

Մենք բոլորս զարմանալով կը դիտենք այս տարօրինակ երեւոյթը։ Կը դժուարանանք հասկնալու, թէ երբ մենք կը պայքարինք համատարած դժբախտութեան դէմ, ինչպէս կ՚ըլլայ որ պետութիւնը ճիշդ այդ օրերուն կրկին անգամ եռացնէ կաթսաներ, որոնցմէ եկած տհաճ հոտը պիտի խանգարէ բոլորին։ Հազիւ շաբաթ մը առաջ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը բոլորին զարմանք եւ ընդվզում պատճառող որոշումով մը պաշտօնանկ ըրաւ Պաթմանի եւ Տիյարպեքիրի եօթը գաւառներու ընտրեալ քաղաքապետները։ Անոնց տեղ նշանակեց իր պաշտօնեաները իբրեւ տեղապահ։ Ընտրուածին դէմ անարգանքի այս բացայայտ յարձակումը պատրուակ կ՚ունենայ անունը գաղտնի պահուած ստախօսի մը վկայութիւնը։

Մէկու մը բողոքը բաւարար է որ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը քրէական գործ յարուցէ ընտրուած քաղաքապետի մը դէմ եւ այդ պատճառով ալ պաշտօնազրկէ զինք։

Բայց այդքանը չէ պատահածը։ Բոլորս պիտի յիշենք որ իշխող կառավարութեան անթացուպ հանդիսացող ազգայնամոլ Ազգային Շարժում կուսակցութիւնը միջոցէ մը ի վեր ներում կը պահանջէր իրեն մօտ այն յանցագործներուն համար, որոնք բանտարկուած էին թմրեցուցիչ նիւթերու վաճառքի մեղադրանքով։ Բնականաբար Էրտողանի կառավարութիւնը որոշ վերապահութեամբ կը մօտենար այդ խնդրին, յատկապէս նկատի ունենալով հասարակութեան մէջ գոյանալիք անհանգստութիւնը։ Մանաւանդ անչափահասներու պղծումը, սեռային չարաշահումը գերզգայուն խնդիր մըն է հասարակութեան խղճին մէջ։ Մարդիկ նոյնիսկ կը պահանջեն մահապատժի վերահաստատումը այս տեսակի յանցագործութիւններու համար։ Եւ հիմա կառավարութիւնը կը փորձէ այդ անմարդկային յանցանքներու հեղինակները ազատ արձակելու։ Բայց փոխարէնը՝ դարձեալ Ազգային Շարժում կուսակցութեան պարտադրանքներու բերումով ներման նախագծէն դուրս կը համարէ քաղբանտարկեալները։

Այս բոլորը գործադրելու համար շատ յարմար գետին մը ստեղծած է քորոնա ժահրի համաշխարհային վարակը։ Կառավարութիւնը կը գիտակցի որ այս պայմաններու տակ նման նիւթերը աւելի նուազ աղմուկ պիտի պատճառեն, քան որեւէ խաղաղ ժամանակներուն։

Ուրեմն հասարակութիւնը ստիպուած է կրկնակի անգամ զգոյշ գտնուելու։ Աս նոյն պայմաններու տակ կրկին անգամ օրակարգի եկաւ «Քանալ Իսթանպուլ»անունով յիշուած նախագիծը, որ հարստանալու նոր առիթ մը ըլլալով գնահատուած եւ օրակարգի բերուած է նախագահ Էրտողանի կողմէ։ Այս ծրագրի իրագործմամբ թէեւ պիտի վնասուի ընդարձակ տարածքի մը բնութիւնը, բայց միւս կողմէ պիտի գոյանան հասոյթաբեր հողատարածքներ, որոնք գնելու համար այժմէն իսկ շարժման անցած են արաբական երկիրներու մեծահարուստները՝ յատկապէս ալ պալատական աւագանին։

Համաճարակը անգամ մը եւս բացած է առիթներու դուռը, որմէ պիտի օգտուին Էրտողանի մերձաւորները։