«Պէտք է ապրիս որ տեսնես» կ՚ըսէ ասացուածքը։ Ապրեցանք ու տեսանք քորոնա ժահրի վարակը։ Մեր սերունդը հազիւ պատմութեան էջերէն գիտեր համաճարակները։ Կարդացած ենք միջնադարեան շրջանին՝ յատկապէս ԺԷ դարուն Վենետիկի, Լոնտոնի նման եւրոպական քաղաքներուն մատնուած զանգուածային մահերու մասին։ Քաղաքներ՝ որոնք չունէին ընդգետնեայ համակարգ, կոյուղին կը հոսէր ճամբու եզրէն։
Պոլսոյ մէջ ալ ապրած ենք նման փորձանքը։ 1970 թիւն էր, երբ քաղաքի արուարձաններէն Սաղմալճըլարի մէջ պատմական ջրատար ցանցին կապեցին կոյուղին եւ յայտնուեցաւ քոլերայի համաճարակ։ Օրուայ իշխանութիւնը բովանդակ երկրին համաշխարհային քարանդինայի առնուիլը կանխելու համար հնարեց «vibrio cholerae eltor» եզրը եւ պատահածը կնքեց «փարակոլերա» նորաստեղծ անունով։ Պաշտօնական տուեալներով գրանցուած եղաւ վարակման 1163 եւ մահուան 50 դէպք։ Այդ աղէտը կանխամիջոցներու շնորհիւ բարեբախտաբար սահմանուած մնաց միայն յայտնուած թաղով։ Բաւականին շուտ յաղթահարուած փորձանքին յիշողութիւնն ալ սրբելու համար թաղին անունն ալ փոխեցին «Պայրամփաշա» ըլլալով։
Իսկ այս անգամ մեզ սպառնացողը Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան (WHO) կողմէ «Փանտեմի» դասուած, այսինքն հինգ ցամաքամասերու տարածուած վարակ մըն է։ Եւ այսօր երկրի ժողովուրդի տգիտութեան մակարդակը շատ աւելի բարձր է քան 50 տարի առաջ։ Քորոնա ժահրէն աւելի վտանգաւոր է այդ տգիտութիւնը։ Հասարակութեան մէջ ալ աւելի տարածուած է «Մեզ բան մը չըլլար» յիմար ինքնավստահութիւնը։ Անոր վրայ կը բարդուի «Աստծոյ տան մէջ ժահր չըլլար» հաւատքը։ Եւ վերջապէս, «Եթէ պիտի մեռնիմ, լաւ է որ մզկիթի մէջ մեռնիմ» համոզումը։
Միւս կողմէ համաճարակը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ տնտեսական գետնի վրայ։ Ժողովուրդը քիչ մըն ալ լուրերու տարափէն ազդուելով խուճապահար դարձած է։ Հիմա մասնագէտներ խորհուրդ կու տան ժահրէն խուսափելու կողքին խնայել նաեւ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը։ Այդ առումով ալ կը յանձնարարեն աւելի նուազ հետեւիլ լուրերուն եւ զբաղիլ այլ նիւթերով։ «Այլ նիւթեր» ընդհանրացումը բաւական ծաւալուն է։ Ոմանք կը խօսին տան մէջ հեռուստացոյցէն ֆիլմ դիտելու, ուրիշներ գիրք կարդալու մասին։ Անդին կայ աւելի արդիւնաւէտ խրատներ փոխանցողներ ալ։ Ուկրանիոյ նախագահ Զելենսկի իր ժողովուրդին յորդորեց փոխանակ պարապ նստելու, երկրի բնակչութիւնը աճեցնել։
Տան մէջ մեկուսանալու երրորդ օրն է, ու արթէն զգացած եմ «տնային կալանք» կոչուած պատժամիջոցին ծանրութիւնը։
«Ակօս»ի խմբագրատունը բակ է։ Մեր անձնակազմը տունէն կը պատրաստէ թերթի գրութիւնները։ Բայց շաբթուան եռուզեռը նիւթ առնող հեղինակային հաղորդումը նկարահանելու համար պարտադիր պիտի երթամ «Արթը ԹՎ»ի հեռուստակայանը։ Թէեւ հոն ալ առաջարկեցին հաղորդումը սկայփով ընելու մասին, բայց մերժեցի։ Նման առաջարկ եկաւ «Ակօսի ժամը» հաղորդումները ձայնագրած «Աչըք Ռատիօ»ի վարչութենէն։ Անոնք ալ խորհուրդ կու տան տան մէջ ձայնագրել եւ ուղարկել։ Այդ ալ անընդունելի է։ Բայց ակամայ յօժարեցայ ինքնաշարժի դրութենէն օգտուելու առաջարկին։ «Գոնէ հանրային փոխադրամիջոցներէն հեռու մնացէք» խորհուրդին դէմ առարկելու տրամաբանական պատասխան մը չեմ գտած։
Ցաւալին այն է թէ կը զգամ այս խնայելու փորձերուն ետին թաքնուած բուն գործօնը։ Տարիքի բերումով յատուկ ուշադրութեան կ՚արժանանամ։ Չէ որ քորոնա ժահրի բուն թիրախներու՝ այսինքն տարեցներու ցանկին մէջ կը համարուիմ, ահա այդ է աւելի անտանելի թուացողը։
Անխղճութիւն պարզապէս, չեն հարցներ թէ քանի տարեկան կը զգաս, այլ իրենք կը վճռեն տարիքդ, չափանիշ ունենալով ծննդեան թիւը։
pakrates@yahoo.com