Ապահովուած է ազգային դպրոցներու անվտանգութիւնը

Թուրքիոյ մէջ վեր­ջա­պէս յայտնուեցաւ քո­րոնա ժահ­րի առա­ջին դէպ­քը։ Ժո­ղովուրդի մէջ ար­դէն գո­յացած էր հա­մոզում մը, ըստ որու երկրի մէջ եւս կայ քո­րոնա­յէ վա­րակո­ւած­ներ, բայց կա­ռավա­րու­թիւնը կը փոր­ձէ թաքցնել այս իրո­ղու­թիւնը։ Մինչ այդ Առող­ջա­պահու­թեան Նա­խարարն ալ իր կար­գին կը հաս­տա­տէր վա­րակին Թուրքիա ալ հա­սած ըլ­լա­լուն մա­սին հա­մոզումնե­րը։ «Ես չեմ ըսեր, որ երկրի մէջ քո­րանա չկայ, այիլ կ՚ըսեմ ցարդ չէ յայտնա­բերո­ւած վա­րակո­ւած ոեւէ քա­ղաքա­ցի»։

Եւ այս յայ­տա­րարու­թե­նէն ան­մի­ջապէս ետք նա­խարա­րը 10 Մար­տի կէս գի­շերո­ւայ ժա­մերուն յայ­տա­րարեց առա­ջին վա­րակի յայտնա­բեր­ման լու­րը։

Այս լսու­մը խու­ճա­պի ալիք մը ստեղ­ծեց երկրի մէջ եւ օրա­կար­գի եկան կան­խարգել­ման մի­ջոց­նե­րու մա­սին զա­նազան միտ­քեր։

Իս­կոյն դի­մեցինք մեր ուսման հաս­տա­տու­թիւննե­րուն, լսե­լու հա­մար անոնց ձեռ­նարկած կան­խարգել­ման մի­ջոց­նե­րը։

Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի տնօ­րէնու­հի Սիլ­վա Քու­յումճեան Մար­կո­սեան «Ակօս»ին յայտնեց, թէ ար­դէն սկսած են վա­րակի կան­խարգել­ման մի­ջոց­նե­րու։ «Ուսման երկրորդ տա­րեշրջա­նի նա­խօրեակին ու­սա­նող­նե­րը եւ ծնող­նե­րը տե­ղեակ պա­հեցինք վա­րակի փո­խանցման մի­ջոց­նե­րու մա­սին։ Դպրո­ցէ ներս ընդմիշտ մաք­րութեան մի­ջոց­նե­րու կը դի­մենք։ Ամէն յար­կի վրայ տե­ղադ­րո­ւած են հա­կաման­րէական դե­ղորայք, որոնցմով աշա­կեր­տութիւ­նը կրնայ ապա­հովել իր ան­հա­տական ման­րէազեր­ծումը։ Դպրո­ցը շա­բաթա­վեր­ջին ամ­բողջո­վին կը մաք­րո­ւի յա­տուկ մի­ջոց­նե­րով։ Մինչ այդ աշա­կերտնե­րուն կը յոր­դո­րենք խու­ճա­պի չմատ­նո­ւելու մա­սին»։

Ս. Խաչ Դպրե­վան­քի Խնա­մակա­լու­թեան ատե­նապետ՝ Թո­րոս Ալ­ճան ալ նշեց, որ բա­ւակա­նին կա­նուխ ձեռ­նարկած են կան­խարգել­ման մի­ջոց­նե­րուն։ «Ու­նինք 22 գի­շերօ­թիկ աշա­կերտներ։ Ամ­բողջ դպրո­ցը կը մաք­րո­ւի վա­րակի հա­ւանա­կանու­թեան դէմ։ Աշա­կերտնե­րուն կը փո­խան­ցո­ւի այս մա­սին պի­տանի բո­լոր տե­ղեկու­թիւննե­րը։ Դպրո­ցի ամ­բողջա­կան մաք­րա­գործման հա­մար դի­մեցինք քա­ղաքա­պետա­րան, բայց անոնցմէ ստա­ցած պա­տաս­խա­նով վե­րահա­սու եղանք թէ պի­տի չի կա­րենան ընդ միշտ ստանձնել այդ ծա­ռայու­թիւնը։ Այս հանգրո­ւանին դի­մեցինք քա­ղաքի Կրթա­կան Տնօ­րէնու­թեան եւ անոնց օգ­նութիւ­նը պա­հան­ջե­ցինք։ Պար­տիմ նշել թէ մենք կա­րելի եղա­ծին չափ կ՚ու­զենք պե­տական մի­ջոց­նե­րու դի­մենք, որով­հե­տեւ վստահ չեմ յա­տուկ ըն­կե­րու­թիւննե­րու գոր­ծա­ծած քի­միական նիւ­թե­րու բո­վան­դա­կու­թե­նէն։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ միշտ կը նա­խընտրենք պե­տական մար­միննե­րու ցուցմունքնե­րուն հա­մաձայն շար­ժիլ»։ Թո­րոս Ալ­ճան նաեւ նշեց թէ նիւ­թը օրա­կար­գի պի­տի բե­րեն 12 Մարտ հինգշաբ­թի օր Պատ­րիար­քա­րանի մէջ կա­յանա­լիք ժո­ղովի ըն­թացքին։

Ֆե­րիգիւ­ղի Մէ­րամէթ­ճեան Վար­ժա­րանի տնօ­րէնու­թիւնը եւս լրջօ­րէն կը հե­տեւի դպրո­ցի անձնա­կազ­մի անվտան­գութեան։

Գա­րակէօզեանի, Պա­քըր­գիւղի Տա­տեանի տնօ­րէնու­թիւննե­րը եւ վար­չութիւննե­րը եւս լուրջ գի­տակ­ցութեամբ կը հե­տեւին վա­րակը կան­խե­լու կամ գո­նէ իրենց հաս­տա­տու­թիւննե­րէն հե­ռու պա­հելու մի­ջոց­նե­րուն։

Ըստ երեւոյթի համայնքային կրթական հաստատութիւնները արդէն որոշ գիտակցութեամբ ձեռնարկած են կանխամիջոցներու, այս աւերը ամենանուազ վտանգով յաղթահարելու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ