ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Մարդկային արդարութիւն» չկայ, չկայ, չկայ…

Մօտ շա­բաթ մըն է, որ մտքիս կառ­չած է սի­րելի բա­րեկա­մու­հի մը՝ Եգէական հա­մալ­սա­րանի նախ­կին դա­սախօս փրոֆ. Զեր­րին Քուրթօղ­լո­ւի խօս­քե­րը։ Ան առար­կած էր իր գրու­թեան որ­պէս խո­րագիր «Գաղ­թա­կանու­թեան հարց» եզ­րին գոր­ծա­ծու­թեան դէմ։ «Ապ­րո­ւածը ոչ գաղ­թի կամ գաղ­թա­կանու­թեան, այլ մարդկու­թեան հարց է, մարդկու­թեան խնդիր»։

Քա­նի կը հե­տեւիմ 27 Փետ­րո­ւարէն այս կողմ Թուրքիոյ եւ Յու­նաստա­նի ցա­մաքա­յին սահ­մա­նագ­ծի վրայ կա­տարո­ւած­նե­րուն, կը յի­շեմ Զեր­րին Քուրթօղ­լո­ւի այդ առար­կութիւ­նը։ Իս­կա­պէս ալ բո­վան­դակ պատ­մութեան հետ առնչո­ւած խնդրի մը հետ դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւինք։ Պատ­կե­րաց­նել իսկ դժո­ւար է այն երե­ւոյթնե­րը, որոնք կը ներ­կա­յացո­ւին լրա­տուու­թեան չոր ու ցա­մաք նա­խադա­սու­թիւննե­րով։ Մինչդեռ պէտք էր լուրջ ընդվզում յայտնել այս ան­մարդկա­յին վե­րաբեր­մունքի դէմ։ Ինչպէս կա­րելի է հան­դուրժել, այն պատ­կե­րին, երբ խա­բուած մար­դիկ որ­պէս փրկու­թեան մի­ջոց իրենց յոյ­սը կա­պած են Եւ­րո­պայի սահ­մա­նը անցնիլ եւ աւե­լի ապա­հով կեան­քի մը տի­րանալ Եւ­րո­պական երկրի մը մէջ։ Բայց այդ նոյն եւ­րո­պական եր­կիրնե­րը իրենց ազ­գա­յին անվտան­գութեան դէմ սպառ­նա­լիք մը ըլ­լա­լով կը տես­նեն այդ գաղ­թա­կան­նե­րը եւ ամէն ճիք կը վատ­նեն անոնց ներ­թա­փան­ցումը կան­խե­լու հա­մար։ Եւ տա­կաւին աւե­լին Եւ­րո­պական եր­կիրնե­րու մէջ կը ծա­ւալի այ­լա­մեր­ժութիւն մը, որ­մէ կ՚օգ­տո­ւին ցե­ղապաշտ քա­ղաքա­կան շար­ժումնե­րը։ Մենք Եւ­րո­պան կը դի­տենք իբ­րեւ հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքակրթու­թեան օր­րա­նը։ Սա­կայն իրո­ղու­թիւնը կը թե­լադ­րէ ամ­բողջո­վին տար­բեր հաս­կա­ցողու­թիւն։ Ար­դա­րեւ Գեր­մա­նիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը որո­շած է ոս­տի­կանա­կան ուժ տրա­մադ­րել Յու­նաստա­նի սահ­մա­նապահ զօր­քե­րուն։ Որ­պէսզի այս վեր­ջիններս աւե­լի ամուր կա­րենան փա­կել Եւ­րո­պայի սահ­մաննե­րը գաղ­թա­կանաց հո­սան­քի մը դէմ։ Մեծ ցա­ւով կը նկա­տենք թէ սփիւռքա­հայու­թիւնը բո­լորո­վին կը ձայ­նակցի այդ եր­կիրնե­րու մշա­կած քա­ղաքա­կանու­թեան։ Ինք եւս ար­մատնե­րով գաղ­թա­կան ժո­ղովուրդի մը զա­ւակ­նե­րը այ­սօր բո­լորո­վին հա­մակեր­պած են իրենց ապ­րած եր­կիրնե­րու ազ­գա­յին հո­սան­քին եւ դիրք կը բռնեն 100 տա­րի անց նոյն ճա­կատա­գիրը ապ­րող ժո­ղովուրդնե­րու դէմ։

Ափ­սո­սան­քով կը տես­նենք, թէ այս դիր­քո­րոշ­ման մէջ կա­րեւոր գոր­ծօն մըն է կրօն­քը։ Մե­րոնք լոկ կրօ­նական տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռաւ մէկ կողմ թո­ղած են մարդկա­յին ար­ժա­նիք­նե­րը եւ կը մեր­ժեն նոյ­նիսկ իրենց կրօն­քի թե­լադ­րանքնե­րը։ Կու­րա­նան քրիս­տո­նէու­թեան կա­րեւո­րագոյն սկզբունքը, որ կը պա­հան­ջէ օգ­նել կա­րօտեալին։

Այս դէպ­քին մէջ քրիս­տո­նեան գի­տակից չէ իր իսկ պատ­ճա­ռած ան­խիղճ պատ­կերին։ Չ՚ու­զէր առե­րեսո­ւիլ, այն իրո­ղու­թեան հետ, ըստ որու ամ­բողջ Մի­ջին Արե­ւել­քը կրա­կի մատ­նող այս երե­ւոյ­թին հիմ­նա­կան պա­տաս­խա­նատուն իր երկրի վար­չա­կարգն է։

Այն ինչ որ կը կա­տարո­ւի Սու­րիոյ մէջ ար­դիւնքն է, իբ­րեւ թէ քա­ղաքա­կիրթ եւ­րո­պացի­ներու մշա­կած ռազ­մա­վարու­թեան։

Երբ ամե­րիկա­ցիներ Խորհրդա­յին Միու­թեան դէմ կը կազ­մա­կեր­պէին «Կա­նանչ գօ­տի», շրջա­պատե­լու համար Խորհրդա­յին Միու­թիւնը իս­լամ ար­մա­տական պատ­նէ­շով մը։ Այ­սօր այդ մտայ­նութեան հե­տեւան­քով ստեղ­ծո­ւած հրէշ մը կայ մեր դի­մաց, որ պի­տի սպառ­նայ ամ­բողջ քա­ղաքակրթու­թեան մը։ Հոն եւս մեր հո­գը չէ թէ ինչ կ՚անցնի կը դառ­նայ ի շահ հա­մաշ­խարհա­յին տնտե­սական հա­մակար­գին։ Երա­նի այս դա­ւադ­րանքը միւս բո­լոր ազ­գութիւննե­րէ աւե­լի կա­նուխ նկա­տողը մենք հա­յերս ըլ­լա­յինք, քա­նի որ մե­զի վի­ճակո­ւեցաւ նման ծանր փոր­ձութիւ­նը։ Բայց ինչ ընես, որ մարդ էակը ու­նի իր թե­րու­թիւննե­րը, որոնց հե­տեւան­քով կը կորսնցնէ մարդկա­յին առա­քելու­թիւննե­րը։ Այս առու­մով ոչ մէկ տար­բե­րու­թիւն ինք եւս ցե­ղաս­պա­նու­թեան մատ­նո­ւած Իս­րա­յէլի քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րուն դէմ, որոնք նման վայ­րա­գու­թիւնով կը փո­խադար­ձեն իրենց իշ­խա­նու­թեան տակ գտնուող Պա­ղես­տինցի­ներուն։

«Ո՜վ մարդկա­յին ար­դա­րու­թիւն, թո՛ղ ես թքնեմ քու ճակ­տիդ»։ Աս­տուած իմ, Սիաման­թո­յի այս տո­ղերը վեր­յի­շելու հա­մար որ­քան շատ պատ­ճառներ կը յայտնո­ւի մեր դիմաց։