«Ակօս»ի նախորդ թիւերուն մէջ անդրադարձած էինք Արշատ Նարչինի Վանայ Լճի շրջակայքի հայ վանքերը եւ եկեղեցիները ծանօթացնող վաւերագրական ֆիլմը։ Սոյն ֆիլմի Պոլսոյ առաջին ցուցադրութիւնը պիտի կայանայ 14 Մարտ շաբաթ օր ժամը 17.00-ին Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ։ Այս ցուցադրութեան պիտի մասնակցի նաեւ ֆիլմի արտադրող Մ. Ֆաթիհ Կիւտեն։
Նշենք որ այս ցուցադրութենէն ետք Պոլսոյ մէջ տակաւին երկար ժամանակ ուրիշ ցուցադրութիւն պիտի չ՚ըլլայ։