ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կարծեցեալ փրկութիւն՝ քարոզչութեան միջոցով

Թէ Իտլիպի զինուորական գործողութեան տեղի տուած ցնցումը եւ թէ սուրիացի գաղթականները դէպի Յունաստանի սահման ուղղելու ռազմավարութիւնը բաւականին բացասական հակազդեցութիւն մը գոյացուցած կ՚երեւի երկրի իշխանութեան դէմ։

27Փետրուարի երեկոյեան Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքի մէջ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու դէմ կատարուած գործողութիւնը մեծ ափսոսանք յառաջացուց։ Մահացող զինուորներու թիւը նախ 9 ապա 22 ու վերջապէս 33 ըլլալով համեմատաբար հաղորդուեցաւ հասարակութեան։

Յարձակումը տեղի ունեցաւ ճիշդ ալ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի Սուրիոյ դէմ սպառնալիքները ամենաբարձր ձայնով հնչեցուցած պահուն։

Էրտողան Սուրիոյ բանակին ազդարարած էր մինչեւ Փետրուարի վերջ նահանջէ Թրքական բանակի գրաւած դիրքերէն աւելի ետ։ Յարձակումը այդ ազդարարութեան պատասխան մըն էր։

Այս զարգացումէն ետք Թուրքիոյ քաղաքական կուսակցութիւնները բացառութեամբ ՀՏՓ-էն, միասնութեան կոչերով հանդէս եկան։ Սակայն այդ միասնութեան կոչին մէջ ալ ընդդիմադիրներ մեղադրեցին իշխանութիւնը անխոհեմ գտնուելուն համար։ Անգամ մը եւս օրակարգի եկաւ «Մեր բանակը ի՞նչ գործ ունի Սուրիոյ մէջ» հարցումը։ Այս հարցումը, որ հետզհետէ աւելի համատարած կը հնչէ կը զայրացնէ նախագահ Էրտողանը։ Ան կը փորձէ համոզիչ պատասխաններ տալ այս հարցումին, պնդելով թէ բանակը Սուրիոյ հողերէն ներս խուժած է սեփական երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Երեւի թէ ամէն օր իշխանամէտ հեռուստակայաններէ հնչող այդ քարոզչութիւնը անբաւարար մնաց, որ վերջերս հաղորդագրութիւն մը հասած է հայկական հաստատութիւններու վարչութիւններուն։ Առայժմ չէ յստակացած այդ հաղորդագրութեան ծագման գաղտնիքը։ Ոմանք կը պնդեն թէ ան եկած է Հանրապետութեան նախագահի հաղորդակցութեան բաժնի գրասենեակէն, սակայն այս պնդումը արդարացնող որեւէ տուեալ գոյութիւն չունի։ Նախակրթարանի մակարդակով քարոզչական գրութիւն մըն է ղրկուածը, որուն իսկոյն արձագանգած են մեր համայնքային հաստատութիւններէն շատերը։ Անոնցմէ մէկ մասը թէեւ համակարծիք չեն գրուածներուն, բայց չեն ուզեր տհաճ ձայն բարձրացնել, այդ պատճառաւ ալ փութացած են իրենց ստորագրութիւնը դնելու։

Թէ Իտլիպի զինուորական գործողութեան տեղի տուած ցնցումը եւ թէ սուրիացի գաղթականները դէպի Յունաստանի սահման ուղղելու ռազմավարութիւնը բաւականին բացասական հակազդեցութիւն մը գոյացուցած կ՚երեւի երկրի իշխանութեան դէմ։ Այս պայմաններու մէջ է, որ որոշ շրջանակներ կ՚ուզեն քօղարկել կայացող անհանգստութիւնը։ Նոյնիսկ գործող իշխանութեան հանդէպ որոշ համակրանք ունեցող շրջանակներ վերջերս սկսած են դժգոհութեան ձայն բարձրացնել այս զարգացումներու դիմաց։ Իշխանութիւնը իսկապէս մտահոգ է, այս զարգացումներուն իրեն ի վնաս հետեւանքներ ունենալէն։ Նման հաւանականութիւնը կանխելու համար ալ կը փորձէ կարելի բոլոր միջոցներով զսպել դժգոհութեան ձայները։ Այսպէս Իսթանպուլի կուսակալը շրջաբերական մը հրատարակելով յառաջիկայ տասը օրերու համար արգիլեց քաղաքի մէջ կայանալիք բոլոր բողոքի ցոյցերը։ Այս որոշումին զոհ կը դառնայ նաեւ 8 Մարտ Կանանց Համաշխարհային Օրը։ Կառավարութիւնը, նախկին փորձառութիւններով գիտէ թէ այդ օր կայանալիք միջոցառումները դարձեալ սպառնալիք մը պիտի ըլլայ իշխանութեան դէմ։

Նոյն օր յայտարարուեցաւ ուրիշ արգելք մը եւս՝ ըստ որու արգիլուած է նաեւ «Ոչ պատերազմին» կարգախօսը։ Կարծես այս բոլորին իբր պատասխան ԱՄՆ-ի «Ազատութեան Տուն» ( Freedom House) կազմակերպութիւնը հրապարակեց 2019-ի տեղեկագիրը։ Այդ տուեալներով կը պարզուի թէ Թուրքիա վերջին 10 տարիներու ընթացքին 31 միաւորներու կորուստով ամենաշատ նահանջած երկրորդ երկիրը եղաւ աշխարհի վրայ։

Մէկ բան յստակ է, սնանկացած է Էրտողանի դիւանագիտութիւնը, իր հետ սնանկացնելով երկրի թէ վարկանիշը եւ թէ տնտեսական կարողութիւնը։