Մարտի 3-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ատենապետութիւնով Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողովը։
Ժողովին հրաւիրուած էր մասնակցելու նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։
Ժողովը բացուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքով։
Ողջունելով աշխարհի տարբեր երկրներէ եւ Հայաստանէն ԳՀԽ հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներու մասնակցութիւնը ժողովին՝ Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդգծեց, որ պատրիարքի հանգամանքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ ԳՀԽ ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։ Այս առթիւ Հայոց Հովուապետը իր բարեմաղթանքները ուղղեց Կ. Պոլսոյ Պատրիարքին՝ հայցելով Տիրոջ օգնականութիւնը ու զօրակցութիւնը վերջինիս առաքելութեան արդիւնաւոր իրականացման, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի պայծառութեան եւ պոլսահայութեան հոգեւոր կեանքի շինութեան համար։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նաեւ ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի մասնակցութիւնը ժողովին՝ գոհունակութեամբ հաստատելով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու առաքելութեանը ՀԲԸՄ կողմէ մշտապէս ցուցաբերուող զօրակցութիւնը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անդրադարձաւ ժողովի ընդարձակ օրակարգին ընդգրկուած հարցերուն, որոնք առնչուած էին ներեկեղեցական կեանքին եւ Հայոց Եկեղեցին ու ժողովուրդը յուզող զանազան խնդիրներուն։
Նորին Սրբութիւնը, իր գնահատանքը յայտնելով ԳՀԽ անդամներուն Սուրբ Եկեղեցիին բերուող օգտակար ծառայութեան համար, հայցեց Սուրբ Հոգու առաջնորդութիւնը ժողովի բարեյաջող եւ արդիւնաւէտ ընթացքի համար։
Քառօրեայ ժողովի օրակարգին ընդգրկուած են Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպական աշխատանքներն, Մայր Տաճարի ամրացման եւ հիմնանորոգութեան ընթացքի, այդ առիթով կազմակերպուած համազգային հանգանակութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Եկեղեցիի վարչական, կանոնական ու հովուական կեանքին եւ կրթական ու սոցիալական առաքելութեան հետ առնչուող հարցերը։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին կը ներկայացուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2019 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը, կը լսուին հոգեւոր-վարչական գործունէութեան զեկոյցը, ֆինանսական հաշուետուութիւնը եւ վերստուգիչ յանձնախմբի տարեկան հաշուետուութիւնը։