«Խտրականութեան դէմ» երկօրեայ աշխատանոց

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

29Փետ­­րո­­­ւար եւ 1Մարտ թո­­ւական­­նե­­­րուն Թաք­­սիմ՝ «Նիփ­­փոն» հիւ­­րա­­­նոցի մէջ կա­­յացաւ հան­­դի­­­պում մը, շուրջ քսան հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ։ Ժո­­ղովի ըն­­թացքին քննար­­կո­­­ւեցան խտրա­­կանու­­թեան տա­­րաբ­­նոյթ երե­­ւոյթներ, որոնք կը վե­­րաբե­­րին ազ­­գա­­­յին, կրօ­­նական, դա­­ւանան­­քա­­­յին, գա­­ղափա­­րական, սե­­ռային, դա­­սակար­­գա­­­յին եւլն տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րու։

Եւ­­րո­­­միու­­թեան աղ­­բիւրնե­­րու ապա­­հոված գու­­մա­­­րը Հրանդ Տինք հիմ­­նարկի գնա­­հատ­­մամբ տրա­­մադ­­րո­­­ւած էր զա­­նազան հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու։ Անոնցմէ մէկն էր TOHAV (հա­­սարա­­կու­­թեան եւ իրա­­ւաբա­­նու­­թեան հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու հիմ­­նարկը» եւ ESHİD (Հա­­ւասար իրա­­ւունքնե­­րու հե­­տապնդման միու­­թիւն) որոնք միաս­­նա­­­բար կազ­­մա­­­կեր­­պած էին սոյն աշ­­խա­­­տանո­­ցը։ Մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը բա­­ցի Իս­­թանպու­­լէն, ժա­­մանած էին Ան­­գա­­­րա, Իզ­­միր, Հաք­­քա­­­րի, Մուղլա, Եդե­­սիա, Մեր­­սին, Էս­­քի­­­շեհիր, Տիար­­պէ­­­քիր, Ան­­տիոք, Մար­­տի­­­նի նման քա­­ղաք­­նե­­­րէ։

Մաս­­նա­­­կից­­ներ նախ քննար­­կե­­­ցին խտրա­­կանու­­թեան տե­­ղի տո­­ւող գոր­­ծօննե­­րը եւ կազ­­մե­­­ցին չորս խմբակ­­ներ։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր խումբ ան­­ջատ սե­­ղան­­նե­­­րու շուրջ ու­­սումնա­­սիրեց ա-«Ինչպէ՞ս յաղ­­թա­­­հարել քա­­ղաքա­­կան ճնշումնե­­րը», բ-«Ինչպէ՞ս իրա­­զեկել հա­­սարա­­կու­­թիւնը», գ- «Ներ­­քին եւ ար­­տա­­­քին դրու­­թիւններ», դ- «Մար­­դուժ եւ նիւ­­թա­­­կան աղ­­բիւր ապա­­հովե­­լու եղա­­նակ­­նե­­­րը»։

Այս խո­­րագիր­­նե­­­րուն ներ­­քեւ քննար­­կո­­­ւեցան նախ ախ­­տո­­­րոշ­­ման եւ ապա լուծման եղա­­նակ­­նե­­­րը։ Աւար­­տին խմբակ­­նե­­­րը ներ­­կա­­­յացու­­ցին իրենց հաս­­տա­­­տումնե­­րը եւ առա­­ջարկնե­­րը, որոնք քննար­­կո­­­ւեցան հա­­ւաքա­­բար։ Այս բո­­լորի հի­­ման վրայ ձե­­ւաւո­­րուե­­ցաւ իրա­­ւունքնե­­րու ձեռքբեր­­ման մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ պա­­րու­­նա­­­կող գրքոյկ մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ