Առարկութիւն «կաւուր» բառին համար

ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան նախագահ Էրտողանի ելոյթներէն մէկուն մէջ «կաւուր» բառը գործածելը մեղադրելով դիմեց Խորհրդարանի նախագահութեան։ Դիմումնագրին մէջ Փայլան նշեց թէ Հանրապետութեան նախագահ եւ Արդարութիւն ու Զարգացում կուսակցութեան պետ՝ Ռեճեպ Թայյիպ Էրտողան իր կուսակցութեան 26 Փետրուար 2020-ի ժողովին ակնարկելով միւսլիւման չ՚եղողները, թշնամանք եւ խտրականութիւն բուրող հետեւեալ ելոյթը ունեցած է. «Կաւուրի թուրը գողնալով այս ազգը կրնաք ցաւցնել, բայց անոր պայքարելու կորովը չէք կրնար կոտրել»։

Փայլան այս խօսքերուն ակնարկելով ըսաւ թէ Հանրապետութեան նախագահը իմ ալ անդամակցած խորհրդարանի երդիքին տակ չի կրնար իմ ալ մէկ անդամը եղած քրիստոնեայ հասարակութիւնը ատելութեան խօսքերով վիրաւորել։ Խորհրդարանը պէտք է իրեն վիճակած պատասխանատուութիւնը ստանձնէ եւ կարգի հրաւիրելով պատշաճ կերպով զգուշացնէ զէնք, այս տեսակի ելոյթներուն համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ