ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Շնորհաւոր ըլլայ Դ. համագումարի արդիւնքը

Թէ հայ իրողութեան մէջ եւ թէ համաշխարհային քաղաքականութեան առումով բաւականին հետաքրքրական դաշտ մըն է քաղաքական կուսակցութիւնները։ Ինքը՝ «կուսակցութիւն» բառը կը բնութագրէ նոր ժամանակներու հասկացողութիւնը։ Անշուշտ որ համակարծիք եղողներու խմբակցութիւնով մը ներկայանալու երեւոյթը բաւականին հին է մարդկութեան պատմութեան մէջ։ Այդ երեւոյթին կրնանք հանդիպիլ հռոմէական ծերակոյտի մէջ ալ։ Սակայն արդի հասկացողութիւնով քաղաքական կուսակցութիւններու պատմութիւնը հազիւ թէ կը հասնի ազգային պետութիւններու հիմնադրութեան տարիներուն։ Նպատակի մը կամ գաղափարի մը հետեւողները կը միացնեն իրենց ուժերը եւ կը կազմեն կուսակցութիւն։ Սկզբնական շրջանին պարզապէս նման գաղափարները կիսողներ կը համախմբուէին կուսակցութեան երդիքին տակ։ Ապա հետզհետէ մէկտեղման աւելի կարեւոր գործօնը դարձաւ շահի հետապնդումը։ Վերջապէս կուսակցութիւնները իբրեւ քաղաքական շարժում նախ եւ առաջ իրենց առջեւ նպատակ կ՚ունենան երկրի իշխանութեան տիրանալու հեռապատկերը։ Բայց մենք նոր ժամանակներուն ականատես կ՚ըլլանք այլ գործօններու եւս։ Կուսակցական աշխատութիւնը կը գերազանցէ գաղափարի դրդումով կողք կողքի կենալու երեւոյթը եւ կը վերածուի որոշ շահերու ակնկալութեամբ միանալու երեւոյթին։

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ ճաշակեց այդ երկու երեւոյթն ալ հաւասարապէս։ Հայրենասիրական դրդումներով կողք կողքի եկողներ աւելի ուշ երբ մատնուեցան պարտուածութեան հոգեբանութեան շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը առանց ենթահողի։ Մեր կեանքէն դուրս մնացած էր հայրենիքը։ Կորսնցուցած էինք զայն, բայց հայրենակորուստ ըլլալով չէինք հրաժարած մեր կուսակցական աշխատութիւններէն։ Նոյնիսկ ազգամիջեան թէժ կռիւներու բեմահարթակ դարձուցած էինք կուսակցութիւնները։ Որոշ ժամանակ ազգի միասնութեան խորհրդանշանը հանդիսացող կուսակցութիւնները հետզհետէ ազգի պառակտումին դրդապատճառը դարձած էին։

Նախորդ կիրակի օր Անգարայի մէջ կայացաւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան հերթական Դ. համագումարը։ Ինչպէս նախորդ համագումարներուն, այս անգամ ալ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը ժողովի նախորդող օրերուն զանազան քաղաքներու մէջ բերման ենթարկեց կուսակցութեան յատկապէս երիտասարդ շարքայինները։ Իսկ նիստին կայանալիք օրը զզուեցնող ստուգումներու եւ խուզարկումներու մատնեց Անգարա մտնող հանրաշարժները։

Բոլոր այս արգելքներով հանդերձ աննախադէպ բազմութիւն մը փութացած էր համագումարի կայացած մարզասրահը եւ այդ զանգուածի հազիւ կէսը կրցած էր ներս մտնել։ Բազմաթիւ ժողովուրդ մարզասրահի շրջափակէն հետեւեցան ներսի անցուդարձներուն։ Շահի ակնկալութեամբ մէկտեղուած այլ կուսակցութիւններէն տարբեր ըլլալով ՀՏՓ-ի մէջ պաշտօնափոխութիւնը կայացաւ խաղաղութեան պայմաններով։ Համանախագահ Սեզայի Թեմելլի իր պաշտօնը փոխանցեց փրոֆ. Միթհատ Սանճարին։ Անուն մը՝ որ իր ծանրութեամբ շատ մեծ ներդրում կը խոստանայ կուսակցութեան ապագային համար։

Թուրքիոյ համարեա միահեծան իշխանութեան դէմ միակ լուրջ կուսակցութիւնն է ՀՏՓ, որ ժողովրդավարութեան կերտման համար կրնանք յոյսեր կապել։ Այս շարժումին ուժը կու գայ անոր գաղափարախօսութենէն։ Գաղափարախօսութիւն մը, որ ժողովուրդներու բարեկամութեան առումով կրնայ օրինակ հանդիսանալ ամբողջ տարածաշրջանի։

Շնորհաւոր ըլլայ Դ. համագումարի արդիւնքը։

pakrates@yahoo.com