Հիմնադրութենէն դար մը ետք, Թուրքիոյ հանրապետութեան գլխաւոր նպատակը կը շարունակէ մնալ անկատար երազ մը ըլլալով։ Քաղաքակիրթ պետութիւն մը դառնալու մարմաջը այսօր շատ աւելի անկարելի, անհասանելի երազ մըն է, քան հիմնադրութեան տարեթիւը՝ 1923։
Խաբկանք մըն էր այդ նպատակադրումը, քանի կը հակասէր իրերու բնազդին։ Կարելի չէր վայրագութեամբ ձեւաւորուած կառոյցը քաղաքակիրթ պետութեան վերածել։ Նախ իր ժառանգած անցեալը անկարելի պիտի դարձնէր այդ երազանքը։ Առանց ցեղասպանութեան մեղքը քաւելու, այդ ծանր լուծին, զանգուածային մարդասպանութեան ու թալանին պարտքը հատուցելու միթէ կարելի՞ է քաղաքակիրթ դառնալ։
Եթէ հիմնաքարը ծուռ է դրուած, անխուսափելի կերպով ծուռ պիտի ձեւաւորուի կառոյցն ալ։ Այդ շեղուածութիւնը կարելի չէ փայլուն ծեփով կամ սիրուն ներկով կարգի բերել։
Քաղաքակիրթ պետութիւնը ունի իր պարտադիր կանոնները։ Անոնցմէ առաջինը անհատի կեանքի անվտանգութեան երաշխիքն է։ Զարգացած երկրի մէջ քաղաքացիի կեանքի ապահովութիւնը կամ վտանգուիլը պատահականութիւն չըլլար։ Մարդիկ գիտեն թէ աշխատանքի համար տունէն որ ելլեն, օրուայ աւարտին վերստին տուն պիտի դառնան։ Կամ եթէ անկողին մտնեն, յաջորդ առաւօտ նոյն անկողնին մէջ պիտի արթննան։ Իսկ մեր երկրին մէջ տունէն որ ելլես, կամ անկողին որ մտնես, չես գիտեր թէ քանի մը ժամ ետք ինչ պայմաններու դիմաց կը յայտնուիս։ Այդ իսկ պատճառաւ մեր մօտ սովորութիւն է, խաչդ հանելով կելլես տունէն եւ խաչդ հանելով անկողին կը մտնես։
Օսման Քաւալա 846 օրեր առաջ երբ դուրս կու գար աշխատանքի երթալու համար, հաւանաբար չէր խաչակնքած։ Այդ թերացումի իբր հետեւանք աւելի քան երկու տարի տակաւին չէ կրցած վերադառնալ տուն։
18 Փետրուար երեքշաբթի երկու դատավարութիւններ կը կայանային։ Չաղլայանի արդարադատութեան պալատին մէջ Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդիրը կը քննարկուէր վկաներու լսումներով։ Անդին Սիլիվրիի արգելանոցի դատարանին մէջ կը կայանար Քաւալայի եւ ընկերներուն դատավարութիւնը։ Դատախազը նախապէս յայտարարած էր պահանջած պատիժը։ Ըստ այդ Օսման Քաւալայի եւ իր երկու գործընկերներուն համար կը պահանջեր ցմահ բանտարկութիւն։ Իսկ մնացեալ մեծադրեալներու համար ալ 15-էն 20 տարուայ միջեւ բանտարկութիւն։
«Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան յետմիջօրէին վերադարձաւ Չաղլայանի դատավարութենէն։ Հազիւ նստած էր իր սեղանին, երբ մեծ ոգեւորութեամբ վեր ցատկեց ու պոռաց՝ «Քաւալա ազատ, բոլորը անպարտ»։ Ցնծութիւն տիրեց խմբագրատան մէջ։ Բոլորս սկսանք հեռախօսով իրարու փոխանցել ուրախ լուրը։ Քանի մը րոպէ անց արդէն իսկ բռնած էինք Սիլիվրիի ճամբան։ Արդէն հինգ հանրաշարժներ առաւօտուան ժամերուն գացած էին հոն, զօրակցութեան համար։ Մէկ ու կէս ժամուայ ճամբորդութիւնով մենք ալ միացանք ուրախ բազմութեան։ Մեծ ոգեւորութիւն կը տիրէր ամենուրէք։
Մօտ վեց ժամ ետք հասաւ հիասթափեցնող լուրը։ Իսթանպուլի դատախազութիւնը ուրիշ թղթածրարի մը պատրուակով կրկին անգամ բերման ենթարկած էր Քաւալան։ Իսկոյն կորաւ ուրախ ժպիտը դէմքերու վրայ։ Քար լռութիւն տիրեց բազմութեան մէջ։
Թուրքիոյ քաղաքականացած, հետզհետէ նեխած դատական համակարգը ամենավար ապացոյցն է երկրի քաղաքակիրթ աշխարհի վրայ զբաղեցուցած տեղին։
Այդ մակարդակը բարձրացնելու եւ քաղաքակիրթ աշխարհի մաս կազմելու միջոցը ոչ նոր օդակայանն է, ոչ Մարմարայը, ոչ ալ տեղական արտադրանք զէնքը։
Համաշխարհային մարդկութեան թելադրածը ուրիշ բաներ են, որոնք կը բացակային մեր մօտ։
pakrates@yahoo.com