ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«ՄեՄա», «ԿեՍե» կամ ՎԱՏԻՓ

Համաշխարհային առումով հոգեւոր իշխանութիւնները, այդ թւում հայոց եկեղեցին եւ դարձեալ այդ թւում Պոլսոյ պատրիարքարանը կը ձեւաւորուին խիստ աստիճանակարգի (Հիյերարշի) մը հիման վրայ։

Որքան ալ ականջներու հաճելի թուի «Եկեղեցին ժողովուրդ է» կարգախօսը, իրականութեան մէջ ժողովուրդէն անկախ կառոյցներու ղեկավարներ են թէ Հռոմի պապը, թէ իսլամներու խալիֆան կամ շէյխուլիսլամը եւ թէ ուղղափառաց տիեզերական պատրիարքը։ Այս օրինակներու հիման վրայ, բացառութիւն չէ նաեւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը։

Այս երեւոյթը մասամբ տանելի է, երբ անդին կայ հոգեւոր իշխանութիւնը հաւասարակշռող պետական ու աշխարհական համակարգ։ Թուրքիոյ հայ համայնքի հաշւոյն այդ հակակշռող տարրն էր «Ազգային ժողով»ը, որուն անդամները կ՚ընտրուէին ժողովուրդի ձայներով։ Հայ քաղաքական մտքի յաջողութիւնը եղած էր 1863-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ վաւերացուած հայոց ազգային սահմանադրութիւնը։ Այսօր՝ վերացումէն 60 տարիներ անց, ահա այդ սահմանադրութեան ձեւաւորած ազգային ժողովը վերահաստատելու մարմաջ մը կը տիրէ պոլսահայութեան մօտ։

Նորընտիր Պատրիարք Սահակ Բ. 10 Փետրուար Երկուշաբթի հիւրընկալեց քաղաքիս հայ մամուլի ներկայացուցիչները եւ տեղեկացուց ազգային ժողովի փոխարինող նոր խորհուրդի մը կազմութեան մասին ծրագիրը, որ համառօտ անուանումով կոչուած է «ՄեՄա»։ Անունը կարելի է պարզել թրքերէն «Մերքեզի Մասա» ասութեան կրճատումը ըլլալով։ Եթէ փորձենք հայացնել, կը ստանանք «Կեդրոնական Սեղան» եւ կրճատումով ալ «ԿեՍե»։

Տեղեկանալով անոր կազմութեան եղանակին, ափսոս որ պիտի դժուարանանք ՄեՄա-ի կամ ԿեՍե-ի կազմութիւնը ուրախութեամբ ողջունելու։ Ըստ ծրագրի, նոր խորհուրդը պիտի ունենայ 17 անդամներ որոնց 13-ը պիտի ըլլան դպրոց ունեցող եկեղեցիներու թաղականներ եւ խնամակալներ, յաւելեալ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը եւ նշանակեալ երեք անուններ։

Ունինք նորընտիր Պատրիարք, որ կը գործէ հին Պատրիարքարանի մտայնութեամբ ու սովորութիւններով։ Սահակ Բ. եւս կը կրկնէ իր նախորդներուն սխալը, անտեսելով պոլսահայ հասարակական կազմակերպութիւնները եւ «աշխարհական»ի կոչումը սահմանելով եկեղեցիներու թաղականներով։ Եթէ չափանիշը ընտրուած ըլլալու հանգամանքն է, յստակօրէն կրնանք ըսել թէ օրինակի համար մեր հայրենակցական միութիւններու վարչութիւնները ընտրուած են շատ աւելի բարձր ձայներով, քան բազմաթիւ թաղականութիւններ։ Երիտասարդութիւնը ներկայացնելու շատ աւելի լայն ներուժ ունի «Նոր Զարթօնք» շարժումը, քան ցանկացած այլ կազմ։

Հոգեւոր իշխանութեան երթիքին տակ, ենթարկուելով խիստ աստիճանակարգի կանոններուն, հեղինակութենէ զուրկ են մեր թաղականութիւնները։ Նման հաստատումի ապացոյցն է նոյն այդ կազմերու մէկտեղումով գոյացած ՎԱՏԻՓ հարթակի անբարոյ վախճանը։ Պիտի յիշենք թէ աւելի քան 30 թաղական մարմիններ չունեցան իրենց ատենապետի անհատական քմահաճոյքը սանձելու կամքը ու ենթարկուեցան անոր դժկամութեան։ Պարոն Շիրինօղլու տեսաւ թէ չի քալեր իր խօսքը, անառակ մանչերու նման գնդակը առաւ ու տուն գնաց։ Իսկ խաղընկերները անճարակութեան մէջ ցրուեցան։

Արդարեւ, նոր նախաձեռնութեան մը համար այդ նոյն անճարակութեան յոյս կապելը շատ ալ տեղին չէ եղած։

Իբրեւ վերջին ակնարկութիւն, նշենք թէ լեզուն կը ձեւաւորէ նաեւ մտածելակերպը։

pakrates@yahoo.com