ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մի կերպ եոլա ենք գնում

Երկրորդ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին պա­­­տերազ­­­մը բնու­­­թագրող կա­­­րեւո­­­րագոյն ֆիլ­­­մե­­­­­­­րէն մէ­­­կը կը հա­­­մարո­­­ւի «Փրկել շար­­­քա­­­­­­­յին Ռայ­­­նը»։ Սթի­­­վըն Շփիլ­­­պէրկի ֆիլ­­­մը մեծ յա­­­ջողու­­­թեամբ կը ցո­­­լաց­­­նէր պա­­­տերազ­­­մի սար­­­սա­­­­­­­փը եւ անի­­­մաս­­­տութիւ­­­նը։ Հոն կը պատ­­­մո­­­­­­­ւէր երեք որ­­­դի­­­­­­­ները զոհ տո­­­ւած մօր մը չոր­­­րորդ որ­­­դին փրկե­­­լու հա­­­մար կա­­­տարո­­­ւած աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը։

Նման բնոյ­­­թով հայ­­­կա­­­­­­­կան ֆիլմ մըն էր Ալ­­­պերթ Մկրտի­­­չեանի «Հին օրե­­­րի եր­­­գը», ուր նա­­­մակա­­­բեր Նի­­­քոլի դե­­­րին մէջ Մհեր Մկրտի­­­չեան կը մեր­­­ժէր նոյն մօր չոր­­­րորդ որդւոյն մա­­­հուան գոյ­­­ժը՝ «Սեւ գիր»ը յանձնել։ Ան ճա­­­րահա­­­տու­­­թեան մէջ նախ դի­­­մեց իր շուրջին­­­նե­­­­­­­րուն, հարցնե­­­լով «դուն սեւ թուղթ կրնա՞ս տա­­­նիլ», եւ ապա սկսաւ ծամծմել այդ անի­­­ծեալ նա­­­մակը։

Պա­­­տերազ­­­մը՝ որ ինքնին զան­­­գուածա­­­յին մար­­­դասպա­­­նու­­­թիւն է, որ­­­քան ալ կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րով սահ­­­մա­­­­­­­նուի, չու­­­նի, բա­­­ցար­­­ձա­­­­­­­կապէս չու­­­նի տրա­­­մաբա­­­նական բա­­­ցատ­­­րութիւն։

Շփիլ­­­պէրկի ֆիլ­­­մը մեծ յա­­­ջողու­­­թեամբ կը նկա­­­րագ­­­րէր պա­­­տերազ­­­մի անտրա­­­մաբա­­­նական եւ աւե­­­լին ան­­­մարդկա­­­յին երե­­­սակը։ Հրա­­­մանա­­­տար­­­ներ, երբ որո­­­շած էին Նոր­­­մանտիայի ծո­­­վեզեր­­­քով ցա­­­մաք ել­­­լել, ար­­­դէն հա­­­շուած էին նաեւ կա­­­յանա­­­լիք մեծ կո­­­րուստը։ Կան­­­խաւ գի­­­տէին թէ իրենց ղրկած բազ­­­մա­­­­­­­հազար զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րէն հա­­­զիւ չնչին մնա­­­ցոր­­­դաց մըն է, որ պի­­­տի հաս­­­նի նպա­­­տակին։

Թուրքիա նոյն շաբ­­­թո­­­­­­­ւայ ըն­­­թացքին ցնցո­­­ւեցաւ եր­­­կու դէպ­­­քե­­­­­­­րով։ Առա­­­ջինը պա­­­տահե­­­ցաւ Սու­­­րիոյ Իտ­­­լիպ քա­­­ղաքի մէջ, երբ Սու­­­րիոյ զօր­­­քի յա­­­ռաջըն­­­թա­­­­­­­ցով մա­­­հացաւ 8 զի­­­նուոր։ Նա­­­խագահ էր­­­տո­­­­­­­ղան քա­­­նի մը ժամ անց յայ­­­տա­­­­­­­րարեց թէ փո­­­խադարձ յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մով չէ­­­զոքա­­­ցուած է հա­­­կառա­­­կոր­­­դի կող­­­մէն 30-35 տարր։

Էր­­­տո­­­­­­­ղանի «տարր» կո­­­չած­­­նե­­­­­­­րը մար­­­դիկ էին, երի­­­տասարդ մար­­­դիկ։ Մար­­­դիկ՝ որոնք ըն­­­տա­­­­­­­նիք ու­­­նէին իրենց ետին, ծնող­­­ներ, սի­­­րած­­­ներ, քոյ­­­րեր, եղ­­­բայրներ կամ զա­­­ւակ­­­ներ։ Ու­­­նէին նաեւ երա­­­զանքներ, ակնկա­­­լու­­­թիւններ, յոյ­­­սեր, սպա­­­սումներ։

Ներ­­­քին քա­­­ղաքա­­­կան քաշքշու­­­քի մէջ ոչ ոք անդրա­­­դար­­­ձաւ մարդկա­­­յին կո­­­րուստնե­­­րուն։ Ոմանց հա­­­մար առիթ մը գո­­­յացած էր նա­­­հատա­­­կի նիւ­­­թով նոր ճա­­­ռեր խօ­­­սելու, ոմանց հա­­­մար ալ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը անխնայ քննա­­­դատե­­­լու։

Տա­­­կաւին հա­­­զիւ շա­­­բաթ մը ան­­­ցած էր կոր­­­ծա­­­­­­­նիչ երկրա­­­շար­­­ժէն այս կողմ, ուր դար­­­ձեալ հա­­­ւաքա­­­կանու­­­թեան հա­­­մեստ խա­­­ւին պատ­­­կա­­­­­­­նող քա­­­նի մը տաս­­­նեակ մար­­­դիկ զո­­­հուե­­­ցան իրենց խար­­­խուլ տուներու փլա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րուն տակ։

Կա­­­տարեալ խայ­­­տա­­­­­­­ռակու­­­թիւն մըն էր օգ­­­նութեան փու­­­թա­­­­­­­ցող ինքնա­­­շարժնե­­­րուն քա­­­ղաք մուտքը ար­­­գի­­­­­­­լել, պատ­­­րո­­­­­­­ւակե­­­լով թէ անոնք եկած են քրտաբ­­­նակ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րէ։ Այսքա­­­նը իսկ բա­­­ւական է վե­­­րատե­­­սու­­­թեան մատ­­­նե­­­­­­­լու «ան­­­ջա­­­­­­­տողա­­­կան» բա­­­ռը։ Գի­­­տենք որ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը այս երկրին մէջ ընդմիշտ այս բա­­­ռով կը դա­­­տապար­­­տեն իրենց ազ­­­գա­­­­­­­յին ինքնու­­­թեան ճա­­­նաչու­­­մը պա­­­հան­­­ջողնե­­­րը։ Բայց յստակ է թէ բուն ան­­­ջա­­­­­­­տողա­­­կանու­­­թիւնը նոյ­­­նիսկ հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան հիմ­­­նադրու­­­թեան տա­­­րինե­­­րէն բոյն դրած է երկրի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րու մտքին մէջ։

3 Փետ­­­րո­­­­­­­ւարի առա­­­ւօտեան ժա­­­մերուն վե­­­րահա­­­սու եղանք Վա­­­նի Մոկս (Պահ­­­չէ­­­­­­­սարայ) գա­­­ւառի մէջ մար­­­դա­­­­­­­տար ինքնա­­­շար­­­ժի մը ձիւ­­­նա­­­­­­­կոյ­­­տի տակ մնա­­­լուն։ Օրո­­­ւայ ըն­­­թացքին հե­­­տեւե­­­ցանք փրկա­­­րար աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րուն։ Այդ աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը կէս­­­գի­­­­­­­շերուայ ժա­­­մերուն կանգ առին, երբ ար­­­դէն յոյս չէր մնա­­­ցած կեն­­­դա­­­­­­­նի մէ­­­կը փրկե­­­լու հա­­­մար։ Իսկ յա­­­ջորդ առա­­­ւօտ վերսկսող փրկա­­­րար աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ըն­­­թացքին կրկին ան­­­գամ ձիւ­­­նա­­­­­­­հոսք տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ եւ այս ան­­­գամ ձիւ­­­նա­­­­­­­կոյ­­­տի տակ խեղ­­­դա­­­­­­­մահ եղան աւե­­­լի քան 30 փրկա­­­րար­­­ներ, որոնք մեծ կո­­­րովով կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տէին աղէ­­­տեալ եր­­­կու դիակ­­­նե­­­­­­­րը գտնե­­­լու եւ դուրս բե­­­րելու հա­­­մար։

Դա­­­տական մաս­­­նա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րը իր սպա­­­նու­­­թեան մեղ­­­քը բեռ­­­ցուցեր են Պեր­­­քին Էլ­­­վա­­­­­­­նին, անզգոյշ գտնո­­­ւելու մե­­­ղադ­­­րանքով։

Տրա­­­մաբա­­­նու­­­թիւն ըսի՞ք։

pakrates@yahoo.com