ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ի սէր ընկերութեան

Ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րուն, այս տա­րի ալ 19 Յու­նո­ւար թո­ւակա­նը մե­զի թե­լադ­րեց ճամ­բորդու­թիւն դէ­պի օտար եր­կիրներ։ Ան­ցեալին ճիշդ ալ այդ օրե­րուն մենք պաշ­տօն հա­մարած ու այ­ցե­լած էնք զա­նազան եր­կիրներ, որոնց կար­գին Եւ­րո­պայի բազ­մա­թիւ քա­ղաք­ներ։ Իսկ այս տա­րի պա­տեհու­թիւննե­րը մեզ տա­րին դէ­պի Հիւ­սի­սային Ամե­րիկա։ Շա­տերու հա­մար հե­տաքրքրա­կան այս ճամ­բորդու­թիւնը պար­տինք խոս­տո­վանիլ, թէ մե­զի հա­մար մղձա­ւանջ մըն էր, այս երկրի յա­տուկ զա­նազան դժո­ւարու­թիւննե­րու բեր­մամբ։ Ար­դա­րեւ տա­կաւին առա­ջին քայ­լէն սկսեալ, իբ­րեւ թէ անվտան­գութեան պատ­րուակով հար­կադրուեցանք ոչ բնա­կան բազ­մա­թիւ հար­ցաքննու­թիւննե­րու։

Օդա­կայա­նի մուտքի սրա­հին մէջ շուրջ երեք ժամ այդ դժո­ւարու­թիւննե­րը յաղ­թա­հարե­լէ ետք մեզ կը սպա­սէր 14 ժա­մուան ձանձրա­ցու­ցիչ թռիչք մը, որու աւար­տին կրկին ան­գամ պի­տի հար­կադրո­ւէինք այդ նող­կա­լի «անվտան­գութեան» հար­ցուփոր­ձե­րը դի­մագ­րա­ւելու։ Այդ պա­հու տրա­մադ­րութեամբ «Սա մեր առա­ջին ու վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւնը կ՚ըլ­լայ դէ­պի ԱՄՆ» կը մտա­բերէինք։

Սա­կայն իս­կոյն սկսաւ մեծ ոգե­ւորու­թիւններ ապ­րե­լու պա­հերը եւ օրե­րը։ Մեզ դի­մաւո­րելու եկած էր վա­ղեմի բա­րեկամ Յով­հաննէս Քու­լակ Աւե­տիկեան, որուն հետ գրկո­ւելով փոր­ձե­ցինք թօ­թափել 40 տա­րինե­րու կա­րօտը։ Իրաւ ալ Քու­լաք 40 տա­րի առաջ հե­ռացած էր մեր քա­ղաքէն եւ ան­գամ մը եւս ոտք չէր դրած։

Իսկ մեր ան­ցեալի մտեր­մութիւ­նը տա­րինե­րու ըն­թացքին կու­տա­կուե­լով վե­րածո­ւած էր մեծ կա­րօտի։ Մօտ մէկ ժամ ետք կանգ առինք Յով­հաննէ­սի դրան առ­ջեւ ու այս ան­գամ նոյն կա­րօտով փաթ­թո­ւեցանք Սե­դային։

Ըստ քա­նի մը օրե­րու մեր ըն­կա­լու­մին Լոս Ան­ճէ­լըս կո­չուած վայ­րը բա­ւակա­նին ըն­դարձակ տա­րածք մըն է, որ չէ յա­ջողած «քա­ղաք» եզ­րի բա­ցատ­րած յատ­կութիւննե­րուն տի­րանա­լու։ Բայց այդ իբ­րեւ թէ քա­ղաքի տար­բեր հա­տուած­նե­րու մէջ կը բնա­կին սի­րելի­ներ, որոնց մտեր­մութե­նէն զուրկ մնա­ցած էինք եր­կար տա­րիներ։

Այսպէս ան­մի­ջապէս յա­ջորդ օր այ­ցե­լեցինք մեր սի­րելի հա­րազատ­նե­րը՝ Մե­լիք եւ Սիլ­վա Կավ­րի­լոֆ ամո­լը։ Իրենց հետ էր նաեւ սի­րելի Իրե­նը։ Ար­տա­կարգ եր­ջանկու­թիւն պար­գե­ւեց մեր հան­դի­պու­մը։ Նոյն օր ան­գամ մը եւս ու­րա­խացանք Թա­մար Նալ­ճըի ժա­մանու­մով։ Ան եւս մեր հա­րազատն է։ Մեր տղոց հետ միասին մեծ­ցած շնոր­հա­լի տի­կին մը։ Այս ոգե­ւորու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ այ­ցե­լեցինք թեր­թիս աշ­խա­տակից եւ դար­ձեալ վա­ղեմի բա­րեկամ Նո­րայր եւ Նո­ւէր Տա­տու­րեան ամո­լի բազ­մանդամ ըն­տա­նիքը։ Կրկին ար­տա­կարգ մտեր­մութիւն՝ այս ան­գամ խմբա­վար Հեն­րիկ Անա­սեանի եւ տիկ­նոջ Մա­րիեթա­յի բնա­կարա­նին մէջ։ Եւ նոր ծա­նօթու­թիւններ, նոր բա­րեկա­մու­թիւններ Էտ­վին Մի­նասեանի եւ Յաս­մի­կի ըն­կե­րական մտեր­մութեան շնոր­հիւ։

Ապա 5 ժա­մուայ միջ­քա­ղաքա­յին թռիչք մը դէ­պի Ուա­շինկթըն։ Հոս եւս վա­ղեմի բա­րեկա­մի՝ Զա­ւէն եւ Սո­նա Պա­քըր­ճը ամո­լի հետ հան­դի­պում։ Հին օրե­րու վեր­յի­շում եւ կրկին նոր բա­րեկա­մու­թիւններ, նոր ըն­կե­րու­թիւններ, այս ան­գամ Յով­հաննէս եւ Հռիփ­սի­մէ Սվաս­լեան­նե­րու հետ։

Ուա­շինկթը­նի այս այ­ցե­լու­թիւնը կը պար­տինք Սիւ­զա­նին, որու հետ մտեր­մա­ցած էինք վեր­ջին տա­րինե­րուն իր դէ­պի Իս­թանպուլ կա­տարած այ­ցե­լու­թիւննե­րու շնոր­հիւ։ Վի­գէն սրբա­զանի հետ հան­դի­պելը եւս եր­ջանկու­թիւն էր։

Այս բո­լորէն յա­գեցած կեր­պով, երբ տուն դար­ձի հա­մար կը մտնէինք Ուա­շինկթը­նի օդա­կայա­նը, մտքեր­նէս անցնո­ղը բո­լորո­վին տար­բեր տրա­մադ­րութիւն էր. «Տա­սը տա­րուայ վի­զա ու­նինք, ի սէր այս ըն­կե­րու­թեան երբ պէտք կ՚ըլ­լայ սի­րով կ՚եր­թանք»։

pakrates@yahoo.com