Ճակատագրական եղաւ Ի դարը համայն հայութեան համար։ Պատմութեան զանազան փոթորիկները իր սեփական երկրի վրայ դիմագրաւող հայ ազգը, առաջին անգամ 1915-ին հարկադրուեցաւ հայրենիքը լքելու։ Ոչ կամաւոր, այլ պարտադիր այս գաղթի հետեւանքով ձեւաւորուեցաւ հայկական սփիւռքը։
Հայը անցեալին եւս ճաշակած էր պանդխտութեան ախտը, բայց այս վերջինը աննախադէպ էր, երբ հայաստանը ամբողջովին հայաթափ եղաւ։ Երեւոյթը բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ պիտի նկարագրեր «Ուզեցին մէկ հայ թողնել, այն էլ թանգարանում» տողերով։
Նոր փորձութիւնը Լիբանանէն Պուլկարիա, Ֆրանսայէն Արկենդինա բոլոր ցամաքներու վրայ վերածնունդի արշաւի մը մեկնարկման պատճառ դարձաւ։ Ամենուրէք հիմնուեցան եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ եւ թերթեր։ Կենսունակ մշակոյթի մը յարատեւութեան համար մարդու ուժը գերազանցող աշխատանք տարուեցաւ։
Տարիներու հոլովոյթով սակայն, արշաւը հետզհետէ դադրեցաւ եւ հասարակութեան ուշադրութիւնը ուղղուեցաւ բնակած երկրի փառքերուն տիրանալու ու տիրապետելու։
Վերջապէս հայապահպանումը սահմանուեցաւ ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուած պայքարով։
Ինչպէս վերեւ ալ նշեցինք, արդարութեան համար պահանջատիրութիւնը բոլոր հայերու գլխաւոր եւ հիմնական նպատակն է։ Ցեղասպանութեան դարադարձի կարգախօսն էր «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ»։
Իսկ ժամանակները կը պարտադրեն նոր հրամայականներ։ Հարիւր տարի առաջ Սայս- Փիքոյի աշխատանքը Եւրոպական պետութիւններու մեծ յանցագործութեան ապացոյցը ըլլալով կը մնայ մեր դիմաց։ Մէկ կողմէ Թուրքիոյ, Քաթարի, Քուէյթի նման արհեստական պետութիւններ հիմնուեցան, իբր կաշառք արեւմտեան գերտէրութիւններու հետ գործակցելու փոխարէն։ Միւս կողմէ հայոց, ասորեցւոց, էզտիներու հաւաքական սպանդներուն առիթ տրուեցաւ, շահագործելու համար նորակազմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մատուցած շուկայական եւ ռազմավարական առիթները։ Հայոց հետ միասին բնաջնջուեցան պոնտեցի յոյներ, ասորիներ եւ էզտիներ։
Մեծ ոճիրի մեղսակից քիւրտերու երկիրը բաժանուեց չորս հատուածի։ Ամէն մէկ հատուածը մնաց տարբեր մէկ պետութեան սահմաններուն մէջ։ Եւ ոչ միայն այդքանը։ Հանրապետական Թուրքիան մերժեց քուրտերը իբր ազգ, անոնց մայրենին իբր անկախ լեզու, բնօրրանը իբր այդ ժողովուրդի հայրենիք ճանչնալը։
Այսօր միջին ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քարտերը անգամ մը եւս բաժնուած են մեծ խաղացողներու միջեւ։ Խաղասեղանին դրուած է տարածաշրջանի տեղացի ժողովուրդներուն ապագան, ճակատագիրը։ Արեւելեան Միջերկրականի ուժանիւթի պաշարներուն տիրանալու համար ԱՄՆ, ԵՄ, ՌԴ իրարու դէմ յաջորդ հարուածը տալու համար իրարու առջեւ հը հրեն տեղացի եւ յաճախ անպաշտպան ժողովուրդները։ Ժողովուրդներ՝ որոնք շատ անգամ զոհուած են իրենց առաջնորդներուն անյագ ագահութեան հետեւանքով։
Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի հետ ունեցած հեռաւորութիւնը դժբախտաբար անվտանգութեան երաշխիք մը չէ Հայաստանի համար։ Կովկասեան տարածաշրջանը իր անլուծելի մնացած խնդիրներուն բերմամբ դիւրաբեկ է եւ ամենափոքր կայծով իսկ կռնայ մեկնարկել երկարատեւ հակամարտութեան մը հրդեհը։ Զգուշացման գլխաւոր միջոցը կը մնայ մշակութային, գեղարուեստական, ակադէմական բազմաշերտ խտացեալ կապեր հաստատել, սկսելով ամենամօտ երկիրներու հասարակութիւններէն՝ տարածաշրջանի բոլոր ազգութիւններուն հետ, միշտ նախապատուութիւնը տալով ամենաանիրաւուածին, ամենահալածուածին։
Քանզի հզօրի կամքը խորտակելու լաւագոյն միջոցն է միասնական դիմադրութիւնը անարդարութեան դէմ։
pakrates@yahoo.com