Նիւթեր փնտռելու համար Պոլիս եկած առաջին օրերուն «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ զրուցեցինք երիտասարդ ակադեմական Անահիտ Ղազարեանի հետ։ Թերթի միջոցաւ հրատարակեցինք իր կոչը, երբեմնի «Ֆօթօ Կալաթասարայ»ի սեփականատէր, Թուրքիոյ առաջին արհեստավարժ կին լուսանկարիչի՝ Մարիամ Շահինեանի մասին տեղեկութիւն խնդրելու առումով։ Անահիտ աւարտած է իր պրպտումները եւ ետ դարձի ճանապարհին կրկին մէկտեղուած ենք «Ակօս»ին մէջ լսելու համար իր եռամսեայ հետազօտութեան հունձքը։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ուրեմն Մարիամ Շահինեանի վրայ կ՚աշխատիք։ Իրեն հետ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծանօթացած էք։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի միջոցաւ այստեղ էի։ Ընկերներէս Սոնա Տիլանեանէն լսեցի թէ Սապանճը Համալսարանի դասախօսներէն մէկը պիտի բանախօսէ Պէյօղլուի տարածքին ապրած ազգային եւ սեռական փոքրամասնութիւններու մասին։
Կը յիշեմ, ահաւոր անձրեւոտ շաբաթ օր մըն էր ու ես քիչ մը վախնալով, գրեթէ ուշացած հասայ Պէյօղլու։ Մէկ երկու զեկոյցէ ետք Այշէկիւլ Ալթընայը կը խօսէր Մարիամ Շահինեանի մասին, որպէս Թուրքիայի առաջին փրոֆէօսյոնալ կին նկարիչ։ Նոր աւարտած էին Հայաստանի Ժամանակակից Արուեստներու ինստիտուտը։ Կերպարուեստի, գեղարուեստի ու պատկերի հետ կ՚աշխատէի։ Ակադեմական մերձեցումներս եւ ֆեմինիստական մտահոգութիւնները ոնց որ խաչաձեւուեցան։ Նոր ու անծանօթ պատմութիւն մը կար իմ առջեւ, որ հիւսուած էր արուեստի ու կնոջ կերպարի վրայ։ Իսկոյն նամակ գրեցի Հայաստանի իմ դասախօսներուն եւ հարցուցի. «Այսպէս մարդ կայ, ո՞վ կը ճանչնայ»։ Ընդամէնը երկու ընկեր ծանօթ էր։ Շուշանը Աւագեան եւ Վիգէնը «Այո, գիտենք իրեն» ըսին։ Իսկ միւսները «Ոչ մեզի համար նոր անուն է» պատասխանեցին։
Ո՞ր թուականին եկած էք Պոլիս։
Ես եկած եմ Նոյեմբեր 2016 թուականին։ Ասկէ ճիշդ երեք տարի առաջ։
Ե՞րբ սկսաք իր մասին պրպտել։
Երբ հոս էի, լսեցի որ «Արաս» հրատարակչատունը իր մասին գիրք տպած է։ Գացի «Արաս» հրատարակչատուն ապա գնեցի գիրքը։ Ու փորձեցի գտնել թէ որո՞ւ մօտ է արխիւը։ Հանդիպեցայ Թայֆունի հետ։ Յետոյ իմացայ որ կայ արխիւը, բայց նեկաթիվներով։ Գացի Սալթ Կալաթա կեդրոնը, որովհետեւ այնտեղ ցուցահանդէս եղած էր, ուզեցի թուայնացուած արխիւի հետ ծանօթանալ, բայց այնտեղ ըսին որ բոլր իրաւունքները Թայֆունին կը պատկանի եւ անոնք բան մը չեն կրնար ըսել։ Ըսին պէտք է կապուիմ Թայֆունի հետ։
Եւ վերջը երբ որ վերադարձայ Երեւան, ունէի գիրքը եւ գիրքի պատկերները ու փորձեցի արդէն պատկերներէն ելլելով խօսիլ։ 2018 թուականին Պուտափեշտի կեդրոնական Համալսարանը քոնֆերանս մը կազմակերպած էր։ Այդտեղ ես ներկայացուցի Շահինեանին, ուր ակադեմական շրջանակները միանգամայն անծանօթ էին այս անունին։ Հասկցայ որ շատ մեծ ընելիք կայ Մարիամ Շահինեան անունը աշխարհի լուսանկարչական քարտէսի վրայ դնելու համար։ Այս տարի արդէն Միչիկընի Համալսարանի Հայկական բաժինը կազմակերպած էր քոնֆերանս՝ հայագիտական գիտաժողով մը, ուր խօսած եմ Մարիամ Շահինեանի լուսանկարներու եւ արխիւի նիւթականութեան մասին։ Թէ ի՞նչ տեսակ նիւթականութիւն է այդ արխիւը, եթէ դուն չունես այդ արխիւը։ Խօսած եմ այդ արխիւի պատկերներուն էկրանով, այսինքն համակարգիչով սգրինով յարաբերուելու մասին։ Ու շատ պատահաբար ծանօթացայ պոլսահայ զոյգի մը հետ։ Պարզուեց որ իրենք լուսանկարուած են Շահինեանի մօտ։ Ունին նոյնիսկ նեկաթիվները լուսանկարներուն։ Այդ մարդը ունէր բազմաթիւ լուսանկարներ, նեկաթիվներ եւ նաեւ պատմութիւն։ Այդ պատմութիւնով է որ որպէս միտք ծնաւ կարգ մը հարցումներ, թէ այդ որու պատկերն է, ո՞վ է պատկերուած եւ ո՞ր թուականին է պատկերուած։ Բան մը չէինք գիտեր։ Ամենայն հաւանականութեամբ նեկաթիվներէն չես կրնար կռահել։ Այդ առանձին հետազօտական ծանր աշխատանք է։ Այսպէս միտք յառաջացաւ որ կրնամ կրկին վերադառնալ Պոլիս եւ փորձեմ գտնել մարդկանց, քանի որ դեռ կան այդ մարդիկ։ Գուցէ մի տասը տարի ետք արդէն ուշ կ՚ըլլայ։ Չգիտեմ հինգ տարի ետք, գուցէ արդէն ուշ է։ Շատ մարդ մահացած է եւ ես չեմ կրցած գտնել իրենց։
Եւ կոչուեց իմ ծրագրի անունը «Այլընտրանքային արխիվ»։
Միչիկընի քոնֆերանսը ո՞ր թուականին էր։
Այս տարի Ապրիլի 26-ին։
Իսկ անցեալ ամիս 10-ին գացիր չէ՞։ Երկուքը իրարմէ զատ էր։
Այո։ Այդ առանձին էր։ Եւ դիմեցի Կիւլպէնկեանին որպէսզի ինձ գումար տրամադրէ հետազօտութեան համար։ Եւ արդէն երեք ամիս է այստեղ եմ Կիւլպէնկեանի օգնութեամբ։ Տարբեր փրոֆիլներով հետազօտութիւն կ՚ընեմ։ Այսինքն եւ կը գտնեմ մարդկանց, ովքեր նկարուած են եւ ունին պատմութիւն ու իրենց յիշողութիւնները։ Այսինքն շատ կարեւոր է տեսնել, թէ ինչպէս յիշողութիւնները կ՚ապրի։
Այսպէս քանի՞ պատմութիւն կրցաք գտնել։
Շատ։ 10-է աւելի մարդ, պատմութիւն, լուսանկարներ։ Մարդիկ, մարդկանց պատմութիւնները եւ նաեւ սահաֆները։ Իսթանպուլով մէկ փռուած ամէն մի անկիւնին մի սահաֆ կայ եւ այդպէս ես չգիտեմ երեւի օրեր եւ ժամեր, ժամեր, ամէն օր 5 ժամ, 6 ժամ, 3 ժամ տարբեր սահաֆներուն նկարների արխիւներով անփոյթ նետուած նկարները պէտք է մէկիկ մէկիկ նայեմ։ Որովհետեւ գուցէ այդ մէկին որ հէնց չնայիս այդ իր նկարն է։
Իսկ քանի՞ նկար գտաք։
Այսօր դեռ կը փնտռեմ։ Հիմա արդէն ունիմ 19 լուսանկար։ Երեք ամսուան մէջ 19 լուսանկար։ Ասոնք նեկաթիվներ չեն, այլ ուղղակի տպուած լուսանկարներ։
Մինչեւ ե՞րբ հոս էք։ Մինչեւ ե՞րբ պիտի փնտռէք։
Մինչեւ այս ամսուայ վերջ։ Կը շարունակեմ փնտռել եւ շատ շատ մէյլեր կը ստանամ։ Որովհետեւ Ամերիկա կայ մի ուրիշ թերթ՝ «Արմենիա Ուիքլի»։ Հոն եւս յայտարարութիւն ըրի եւ խնդրեցի Շահինեանի մասին տեղեկութիւններ։ Չիքակոյէն, Նիւ Եորքէն տարբեր մարդիկ ինձ գրեցին։ Նիւ Եորք հանդիպեցայ Շահինեանի բարեկամներէն մէկուն։ Ան թէ լուսանկարներ ունէր, թէ պատմութիւն եւ թէ անոր մօտ ուսանած էր լուսանկարչութիւն։ Նաեւ Պոսթոն կար հայկական լուսանկարներու մեծ արխիւ մը, որ կը կոչուի «Փրոճեքթ Սէյվ» իրենց ալ հանդիպեցայ։ Ցաւօք սրտի Շահինեանէն ոչ մի լուսանկար չունէին։ Որովհետեւ կը կարծեմ եթէ ունենային նկարին ետեւը կնիքը անպայման կ՚ըլլար։ Բայց ամէն դէպքին իրենց հետ շփուեցայ։ Տեսայ ինչպէս կ՚աշխատին լուսանկարներու հետ։ Այդ ալ շատ կարեւոր էր։
Հիմա կը մտածեմ մի փոքրիկ տոքիւմենթալ ֆիլմ ընել։ Որովհետեւ բոլոր հարցազրոյցները եւ իմ պրպտումները տեսագրած, վիտէօ ըրած եմ։ Կ՚ուզեմ նաեւ յօդուած մը գրել Միչիկընի համալսարանի հայագիտութեան բաժնի համար։ Որովհետեւ կ՚ուզեն հատոր հրատարակել, նոյն այդ քոնֆերանսի վերնագիրով։
Ցուցահանդէս կազմակերպել կ՚ուզէ՞ք։
Այո, այդ իմ գտած լուսանկարներով անպայման Երեւանի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպել կ՚ուզեմ։ Վերջը քանի մը տարի աշխատանքէն ետք, լուրջ հետազօտական գիրք ընել կ՚ուզեմ։ Բոլոր այդ հարցազրոյցները, որ ըրած եմ ընդհանրացնել ու տեսնել թէ ինչպէս յիշողութիւնը կը պահուի։ Որովհետեւ 50 տարի ոչ թէ միայն հայկական համայնքի կեանքն է գրած, այլ ամբողջ Իսթանպուլի։ Իր մօտ նկարուած են թէ յոյներ, թէ հայեր, թէ հրեաներ եւ թէ ասորիներ։ Տեղէ մը երկու լուսանկար գտայ։ Ընտանիք են։ Նկարուած են երկու տարուայ տարբերութիւնով։ Մի լուսանկարին կինը գլխաշորով փակուած է եւ աւելի Անատոլական արտաքին ունի։ Երկու տարի յետոյ նկարուած նկարին շատ մոտերն, նոր սանտրուածով, բաց գլխով ու նոր շորերով է։ Շատ հետաքրքիր է այդ փոփոխութիւնը։ Որովհետեւ բաւականին արագ եղած է եւ ինք ամրագրած է։ Լուսանկարներու միջոցաւ կը նկատես մարդկանց ընկերային յարաբերութիւններու զարգացումը։
Ուրեմն այս 19 լուսանկարներու եւ խօսած մարդկանց պատմութիւններու վրայ պիտի ըլլայ «Ֆօթօ Կալաթասարայ»ի քու աշխատութիւնը։
Այո։ Զուտ գիտական հետազօտութիւն է պատկերի վերլուծութեան եւ յիշողութեան մարդաբանական անալիզներով։
Իսկ մենք գիրքով ճանչցանք Մարիամ Շահինեանը։ Գոնէ ես այդպէս ճանչցայ իր անունը։ Բաւականին նեկաթիվներ կային բայց այդ նեկաթիվներու շատ պզտիկ մէկ մասը տպուած էր եւ ուրիշ բնաւ տեղեկութիւն մը չունինք։ Իսկ դուք հիմա կ՚ըսէք իր բարեկամներու հետ զրուցած էք։
Այո, այդ նեկաթիվներու 30 տոկոսը տպուած էր։ Այո, զրուցեցի իր բարեկամներուն, քրոջ աղջկան հետ։ Ցաւօք սրտի Մարիամ Շահինեանի փոքր եղբայրը Վրէժ Շահինեանը անցեալ տարի մահացաւ։ Տեսէք չկրցայ հասցնել։ Ինձ կը թուի թէ պատմելու բաներ մը կ՚ունենար։ Ամէն անգամ որ իր բարեկամներէն մէկուն հետ շփուիմ, խօսքի աւարտին միշտ կ՚ըսեն՝ «Մարիամը շատ ուրախ պիտի ըլլար, եթէ քեզ հետ ծանօթանար»։ Ահաւոր կը յուզուիմ այդ պահուն։ Որովհետեւ ինձ համար որպէս կին ստեղծագործելը ահաւոր կարեւոր է, շատ կարեւոր է ունենալ աւանդոյթ։ Կին ստեղծագործի աւանդոյթ։ Եւ Մարիամը այսօր մի ուրիշ ազգի մէջ ծնած ըլլար, հաստատ շատ շատ աւելի կը խօսէին իր մասին, քան հիմա կը խօսին։ Որովհետեւ 50 տարի ամէն օր անընդհատ նկարած է։ Շաբաթ, կիրակի օրն ալ հարսանիք նկարած է։ Ամէն օր։
Եւ վերջերս քանի մը օր առաջ իմ հարցազրոյցներէն ամենավերջինը որ ըրի այդ կինը կը պատմէր թէ Մարիամին հանդիպած էր կեանքի վերջին տարիներուն ինչ վիճակի եղած է Մարիամը, որքան յոգնած եղած է։
Իսկ կարծես հիմա դուն յոգնած ես։
Այո, զգացական գետնի վրայ շատ վտանգաւոր տեղ հասած եմ։ Որովհետեւ ոնց որ իր ճամբով անցայ եւ երբեմն կասկածներ ունէի, որպէս ես կը կարողանա՞մ բան մը գտնել, այս ինչ որ յիմար բանով կը զբաղուիմ։ Ոչ մի բան չի յաջողուելու։ Միշտ այդ վտանգը եղած է, որ ոչ մի բան չեմ գտնելու եւ յիմար բան կ՚ընեմ։ Շատ յոգնեցայ այդ առումով։ Երբ որ խօսեցի Շահինեանի բուն ընտանիքի միակ բարեկամի հետ, որ կը բնակի Փարիզ եւ իմ բախտը բերաւ եւ ամառուայ ընթացքին ես հանդիպեցայ իրեն Մեծ Կղզիի մէջ իրենց տանը։ Կը յիշեմ այդ հանդիպումէն տուն վերադարձայ եւ ամբողջ գիշեր լացի։ Որովետեւ զգացական առումով ինծի համար շատ ծանր էր։ Պատկերացում մը ունէի իր մասին, բայց այդ պատկերացումները երբեմն չէր համապատասխաներ իրականութեան։
Բայց հիմա այդ օրերուն երբ որ նայիս զարմանալի բան չէ, բոլոր այս երեք ամսուայ ճամբորդութիւնը։
Ես օրագիր ունիմ։ Ամէն օր ինչ որ ըրած եմ, ինչ որ գտած եմ, բոլորը նշած եմ։ Նոյնիսկ գացած եմ սահաֆներ, վեց ժամ պրպտած ու ոչ մի լուսանկար չեմ գտած։ Նոյնիսկ այդ չգտնելը անգամ գրած եմ։ Ամէն օր հաշիւ տուած եմ ինքզինքիս։ Երեկ կը գրէի, որ այսօր ալ անցաւ առանց լուսանկար գտնելու, բայց երեկ գտայ «Նոսթալժի» սրճարանի շրջանը մի ուրիշ հայուն։ Ինչ որ հայ կը տեսնեմ, եթէ հայերէն կը խօսին քիչ մը համարձակ կ՚ըլլամ, կ՚երթամ, կը ներկայանամ ու կը պատմեմ իմ մասին եւ կը հարցնեմ թէ լուսանկարներ ունի՞ք։ Ճանչցած էք Մարիամ Շահինեանը ըսելով։ Երեկ մէկը ըսաւ «Այո» եւ շատ հետաքրքիր պատմութիւն պատմեց։ Իր ընտանիքն ալ Սիվասէն էր եւ պէտք է հանդիպիմ իրեն մինչեւ երթալս։ Այսինքն ամէն օր, ամէն տեղ կը փորձեմ գտնել։ Ինչ որ մի բան ընել, որպէսզի օրս անիմաստ չանցնի։
Իսկ այս փնտռելու ճամբորդութեան սկսելէ առաջ երեւակայածդ ի՞նչ էր։ Այսօր գտնուած տեղէդ գո՞հ ես։
Այո, շատ գոհ եմ։ Երբեք կարելի չէր պատկերացում ունենալ գոնէ մէկ լուսանկար գտնէի Մարիամէն։ Ես շատ լաւ չեմ ճանչնար այստեղի մշակոյթը, որպէս այստեղ կայ սահաֆ հասկացողութիւնը։ Հայաստան այսչափ չի պահուեր մշակոյթը։ Գիրքեր թերեւս, բայց երբեք չեմ հանդիպած լուսանկարներու, որ պահուած ըլլան։ Յիշողութիւնը պահելու հետաքրքիր մշակոյթ ունի Իսթանպուլը։ Ոչ մի բան աղբ չէ այստեղ։ Այլ գուցէ մի օր ինչ որ մէկին պէտք կ՚ըլլայ։ Նոյնիսկ հետաքրքիր էր ո՞վքեր կ՚առնեն այս լուսանկարները։ Հարցազրոյցներու շարք ունիմ այդ սահաֆներու հետ եւ կը հարցնեմ, ովքե՞ր կ՚առնեն այս նկարները եւ ի՞նչ նպատակով։ Շատ հետաքրքիր է, ինչ ազդեցութիւն ունի այսօր լուսանկարը։ Որովհետեւ գրքին հաւասար չէ, միշտ գիրքը աւելի լաւ տեղին է, քան լուսանկարը։ Բայց իմ նման պրպտողները որպէս բարձրացնեն լուսանկարի դերը այդ արխիւներուն։ Երբ կը տեսնեն թէ լուսանկարներով կը հետաքրքրուիմ. «Օ՛ չոք էսքի պիր ֆօթօղրաֆ, չոք փահալը…»։ Երբեք ոչ չեմ ըսեր, որովհետեւ իմ փնտռած լուսանկարը հէնց այնտեղ կրնայ ըլլալ։