Մահացած է 266-րդ Հռոմի պապը

Հռոմի Ֆրանցիսկոս պապը մահացած է Ապրիլի 21-ին, երկուշաբթի օր, 88 տարեկանին Վատիկանի Քասա Սանթա Մարթա նստավայրին։ Այս մասին յայտարարութիւն մը ըրաւ Vatican News-ը։

Առաւօտուայ ժամը 9:45-ին, քարտինալ Քեւին Ֆարելը յայտարարեց Հռոմի պապ Ֆրանցիսկոսի մահուան բօթը՝

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, խոր ցաւով պէտք է յայտնեմ մեր սուրբ հայր Ֆրանցիսկոսի մահուան մասին։․․․ Ան սորվեցուց մեզ ապրիլ Աւետարանի արժէքներով՝ առաւել հաւատարմութեամբ եւ առաւել համընդհանուր սիրով: Անսահման երախտագիտութիւն անոր օրինակի համար՝ որպէս Տէր Յիսուսի իսկական աշակերտ, մենք կը գովենք Ֆրանցիսկոս պապի հոգին Միակ եւ Եռամիասնական Աստուծոյ անսահման ողորմած սիրուն»:

Հռոմի Պապը ընդունուած էր Agostino Gemelli բժշկական կեդրոն ուրբաթ օր՝ Փետրուարի 14-ին՝ քանի մը օր շարունակ բրոնխիտով տառապելէ ետք։

Ֆրանցիսկոսի կլինիկական վիճակը աստիճանաբար վատթարացած էր եւ անոր բժիշկները ախտորոշեցին երկկողմանի թոքաբորբ:

38 օր հիւանդանոց մնալէ ետք Պապը վերադարձած էր Վատիկանի իր նստավայր՝ Քասա Սանթա Մարթա՝ շարունակելու իր ապաքինումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ