ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԽՆՁՈՐ

Երբ հայկական հեքիաթ մը կը հաս­­նի իր աւար­­տին, բա­­րի հե­­րոս­­նե­­­րը կը հաս­­նին իրենց մու­­րա­­­զին, ապա եր­­կինքէն կ՚իյ­­նայ երեք խնձոր։ Բայց ին­­չո՞ւ չէր՝ օրի­­նակ, երեք ծի­­րանա­­գոյն ծի­­րան, երեք ող­­կոյզ հիւ­­թեղ խա­­ղող, կամ՝ երեք նո­­ւիրա­­կան նուռ։ Չէ՞, որ անոնք Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի հա­­րազատ պտուղներն են կամ՝ մեր մէջ ապ­­րե­­­լով շատ եր­­կար դա­­րեր՝ հայ­­կա­­­կանա­­ցած են։ Ի՞նչ ընենք։ Ին­­կաւ երեք խնձոր։ Ըստ երե­­ւոյ­­թին այդ պտու­­ղը օտա­­րու­­թիւն չէ զգա­­ցած ու խոր ար­­մատներ դրեր է մեր հո­­ղի մէջ։ Իսկ «խնձոր» բա­­ռը, իր կար­­գին, քաղցր հիւթ եւ բոյր տո­­ւեր է մեր գրա­­կանու­­թեան։ Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը համ­­տե­­­սենք «խնձոր» բա­­ռը, ստու­­գա­­­բանա­­կան ար­­մա­­­տէն մին­­չեւ գրա­­կան պտուղնե­­րը։

«Խնձոր» բա­­ռի լե­­զուա­­կան ար­­մատնե­­րը ցայ­­սօր վի­­ճելի են։ Կար­­ծիքնե­­րը եւ վար­­կածնե­­րը շատ են այնքան, որ­­քան բազ­­մա­­­թիւ են խնձո­­րի տե­­սակ­­նե­­­րը, ինչպէս՝ անա­­րատը, շշին, չրխկա­­նը, պա­­պի-սպի­­տակը, տա­­փակը, ու­­լին, շա­­քարալ­­մա­­­զին, շա­­քար­­կե­­­նին...։ Սա­­կայն, ի՞նչ փոյթ, թէ զայն առա­­ջին ան­­գամ ո՛վ տնկեր է մեր մրգաս­­տա­­­նին մէջ՝ երբ ար­­դէն մէկ ու կէս հա­­զարա­­մեակ է, որ անոր պտու­­ղը կը վա­­յելենք։ Բայց, գի­­տենք «խնձո­­ր» բա­­ռի գրա­­կան մշակ­­նե­­­րը, անոնք որոնք իրենց տա­­ղերուն, եր­­գե­­­րուն եւ աս­­քե­­­րուն մէջ աճե­­ցու­­ցին «խնձոր»ի բազ­­մա­­­թիւ սի­­րու­­նա­­­տես տե­­սակ­­ներ։

Ժլատ եղեր է «խնձոր» բա­­ռը։ Երբ «ար­­մատ»ը տո­­ւեր է 60 հատ բարդ կամ ածանց բառ, «տե­­րեւ»ը՝ 116 հատ եւ «պտուղ»ը՝ 125 հատ, «խնձոր»ը չէ եղած նոյնքան պտղա­­բեր։ Անոր ար­­մա­­­տէն աճեր են ինը զուսպ բա­­ռեր, որոնցմէ եր­­կու հա­­տը՝ գետ­­նախնձո­­րը եւ խնձոր­­խո­­­տը, խնձոր իսկ չեն։ Յի­­շեց­­նենք, թէ Սուրբ Գիր­­քի մէջ կայ միայն հինգ հատ «խնձոր»։

Թէեւ խնձո­­րենին տա­­րածո­­ւած է Հա­­յաս­­տա­­­նի բո­­լոր շրջան­­նե­­­րու մէջ, սա­­կայն մէկ քա­­ղաք կ՚առանձնա­­նայ իր խնձո­­րով՝ Ար­­տա­­­մետը, այն փա­­ռահեղ գիւ­­ղա­­­քաղա­­քը, որ դա­­րեր առաջ որ­­պէս «Ոս­­տան Հա­­յոց» կը փայ­­լէր Վա­­նայ լի­­ճի հա­­րաւ-արե­­ւելեան ծո­­վափին վրայ։ Ար­­տա­­­մետի բնա­­կիչ­­նե­­­րը այ­­գե­­­գործներ են եղած, որոնց մրգաս­­տաննե­­րու մէջ խնձո­­րի առատ բերք աճեր է։ Աշ­­նան ամիս­­նե­­­րուն ամ­­բողջ քա­­ղաքը բու­­րեր է փար­­թամ պար­­տէզնե­­րու խնձոր­­նե­­­րու հո­­տով։ Ար­­տա­­­մետ­­ցին նաեւ ու­­նե­­­ցեր է քաղցրա­­համ աւան­­դութիւն։ Հար­­սի տա­­րազը բու­­րումնա­­ւէտ դարձնե­­լու հա­­մար, հար­­սա­­­նեկան աւան­­դա­­­կան թի­­թեղա­­պատ սնտու­­կին մէջ դրեր են քա­­նի մը խնձոր։ Ազ­­գագրա­­գէտ Լու­­սիկ Ագու­­լե­­­ցին կը պատ­­մէր, թէ իր ծննդա­­վայ­­րի մէջ ամա­­նորին հարսնա­­ցուի տու­­նը կար­­միր խնձոր կը տա­­նէին, ան ալ պուպրիկ կը նո­­ւիրէր։

Հայ­­րե­­­նի ամէն քա­­ղաք, ամէն գիւղ ու­­նե­­­ցեր է իւ­­րա­­­յատուկ «խնձոր» բա­­ռը՝ իր բար­­բա­­­ռով հա­­մեմո­­ւած- Կար­­նոյ մէջ՝ խնծօր, Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի եւ Թիֆ­­լի­­­սի մէջ՝ խնձուր, Նոր Նա­­խիջե­­ւանի մէջ՝ խունձոր, Ագու­­լի­­­սի եւ Մոկ­­քի մէջ՝ խնձիւր։ Կի­­լիկիոյ պա­­րարտ հո­­ղերուն վրայ հա­­ճըն­­ցի­­­ները վա­­յելեր են «խը՛նձոյ»ը, իսկ զէյ­­թունցի­­ները՝ «խէօն­­ձիւյ»ը։ Մեր լեռ­­նաշխար­­հի արե­­ւելեան հո­­ղերու վրայ, Ար­­ցա­­­խի մէջ, բա­­ռը դար­­ձեր է «խնձէօր»։

Այս պտու­­ղը սի­­րեց մեր եր­­կի­­­րը ու նոյ­­նա­­­ցաւ անոր հետ՝ դար­­ձաւ տե­­ղանուն։ «Խնձոր» անու­­նով գիւ­­ղեր են եղած Սաս­­նոյ Փսանք գա­­ւառա­­կի մէջ, Երզնկա­­յի Քղի գիւ­­ղա­­­քաղա­­քի մօտ, Տէր­­սի­­­մի Չմշկա­­ծագ քա­­ղաքէն ո՛չ շատ հե­­ռու եւ Մու­­շէն քիչ հիւ­­սիս՝ այնտեղ ուր Վար­­դո­­­յի գե­­տը կը միանայ Արա­­ծանիին։ Սե­­բաս­­տիայէն մին­­չեւ Ար­­ցախ, ու­­նե­­­ցեր ենք ինը հատ «Խնձո­­րիկ» եւ տա­­սը հատ «Խնձո­­րուտ» անու­­նով գիւղ։ Մեր բնաշ­­խարհիկ քար­­տէ­­­զը կի­­տուած է Խնձոր­­գիւղ, Խնձորգլուխ, Խնձո­­րես­­տան, Խնձո­­րի, Խնձո­­րովիտ, Խնձո­­րոյ գլուխ եւ Խնձոր­­գին տե­­ղանուննե­­րովը։ Վեր­­ջի­­­նը Վա­­նայ ծո­­վու հա­­րաւ արե­­ւելեան ափին էր փռո­­ւած եւ ու­­նէր նա­­ւահան­­գիստ։ Մեր շի­­նարար եւ այ­­գե­­­պան ժո­­ղովուրդը կա­­ռու­­ցեր է նաեւ Խնձոր Բեր­­դը եւ Խնձո­­րի վան­­քը։

«Խնձոր» բա­­ռը ե՞րբ հա­­սունցաւ եւ ե՞րբ սկսաւ մեր լե­­զուին համ տալ։ Ոս­­կե­­­դարուն, ան­­կասկած, երբ ան կարմրած էր ու ջրա­­լի դար­­ձած։ Մեր հնա­­գոյն մա­­տեան­­նե­­­րը ու­­նին հե­­տեւեալ խօս­­քե­­­րը. «Խնձօ­­րէնիք էին ոս­­կե­­­գոյնք», «Ի ներ­­քոյ խնձո­­րոյն զար­­թուցի զքեզ», «Խնձօ­­րէնի եղեւ խաչն, ընդ հո­­վանեաւ նո­­րա փա­­փաքե­­ցի (նստիլ)»։ Մեր մայ­­րե­­­նին ու­­նի նաեւ շա­­քարա­­համ դար­­ձո­­­ւածքներ։ Ճա­­շակենք քա­­նի մը հա­­տը. «Խնձոր գլո­­րել», գժտու­­թիւն տալ, իրար հետ կռո­­ւաց­­նե­­­լու առիթ տալ, «Խնձո­­րի ծա­­ռին քար նե­­տող շատ կը լի­­նի», գե­­ղեցիկ աղջկայ՝ կնոջ հաս­­ցէին շա­­տեր խօսք կը նե­­տեն, «Խնձո­­րին կէսն է» կամ՝ «Մի խնձոր է եր­­կու կէս արած», իրա­­րու շատ նման են, «Խա­­ծած խնձոր մը տո­­ւած չէ ին­­ծի», անոնցմէ ոչ մէկ լա­­ւու­­թիւն տե­­սած եմ, ոչ մէկ պա­­տիւի՝ յար­­գանքի ար­­ժա­­­նացած եմ, «Խնձո­­րի պէս», սի­­րուն, սի­­րու­­նա­­­տես, «Ետե­­ւէն կար­­միր խնձոր ու­­ղարկել», հրա­­ւիրել, «Վե­­րի բա­­ղի կար­­միր խնձոր» հեգ­­նա­­­կան իմաս­­տով՝ շատ կա­­րեւոր, մեծ մարդ։ Նոյ­­նը լսենք ար­­ցախցիի բե­­րանով՝ «Ասիս բա­­ղի կյարմյուր խնձոր ինի»։ Ձեզ զգու­­շացնեմ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, թէ բո­­լոր խնձոր­­նե­­­րը բա­­րի եւ բախ­­տա­­­բեր չեն։ Հե­­ռու պէտք է մնալ «Դրախ­­տի խնձոր» կո­­չուա­­ծէն, որ գաղ­­թակղիչ է եւ մեղք դրդող, իսկ պէտք չէ ըլ­­լալ «Երկպա­­ռակու­­թեան խնձոր», այ­­սինքն վէ­­ճի կամ հա­­կառա­­կու­­թեան պատ­­ճառ։ Իսկ մեր եր­­կի­­­րը, ար­­դեօ՞ք մեր կարմրա­­ւուն եւ նրբա­­մաշկ խնձորն էր պատ­­ճա­­­ռը, թէ միշտ դար­­ձեր է «կռո­­ւախնձոր»։

Իմաս­­տի զար­­գա­­­ցում ու­­նե­­­ցեր է «խնձոր» բա­­ռը ու դար­­ձեր է՝ այտ, թուշ։ Պոլ­­սա­­­հայե­­րը կը սի­­րեն ըսել՝ «Երե­­սիտ խնձոր­­նե­­­րը ու­­տե՜մ»։ Բա­­ռը յա­­ջողած է նաեւ հայ­­կա­­­կան ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան տարր դառ­­նալ։ «Խնձոր»ի վրայ կը նստի գմբէ­­թի խա­­չը։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, Դսեղ գիւ­­ղէն ո՛չ շատ հե­­ռու, Ձա­­ղիձոր գե­­տի ձո­­րալան­­ջին, ան­­տա­­­ռի մէջ կայ՝ այժմ կի­­սաւեր Բարձրա­­քաշ Սուրբ Գրի­­գոր վան­­քը։ Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանը տո­­ղիկ մը ու­­նի անոր խնձո­­րին նո­­ւիրո­­ւած. «Աւան­­դութիւնն ասում է, այնքան բարձր էր վան­­քի կա­­թու­­ղի­­­կէն, որ գլխի խնձո­­րը երե­­ւում էր դաշ­­տից»։

Բա­­ռը քիչ մը ամչկոտ է, լա­­չակա­­ւոր։ Մին­­չեւ մեր ժա­­մանակ­­նե­­­րը իր երե­­սը ըն­­դա­­­մէնը եր­­կու, այո, միայն եր­­կու ան­­գամ ցոյց տո­­ւեր է գիր­­քի մը շա­­պիկի վրայ։ Զայն առա­­ջին ան­­գամ տե­­սանք 1871 թո­­ւակա­­նին, Վա­­ղար­­շա­­­պատի մէջ, «Եր­­կու խնձո­­րածախ տղա­­յոց պատ­­մութիւ­­նը» գիր­­քին վրայ, իսկ երկրոր­­դը՝ 1895-ին, Թիֆ­­լի­­­սի մէջ լոյս տե­­սած պատ­­մութիւն մըն էր՝ «Խնձօ­­րէնի­­ների երկրում»։ 2014 թո­­ւակա­­նին, հայ­­րե­­­նի հրա­­տարակ­­չա­­­կան դաշ­­տը բա­­րեխիղճ եւ բա­­րեբեր եղաւ ու ար­­ցա­­­խի բար­­բա­­­ռով լոյս ըն­­ծա­­­յեց հայ­­կա­­­կան ժո­­ղովրդա­­կան հե­­քիաթ­­նե­­­րու հրա­­շալի գիրք մը. «Եր­­գինքան իրեք խնձոր վեր ըն­­գաւ»։

Խնձո­­րին եր­­րորդն է ամե­­նէն քաղցրը։ Ան կը վե­­րապա­­հենք յա­­ջորդ յօ­­դուա­­ծին։ Այդ հե­­քիաթի մէջ, դուք կը վա­­յելէք «խնձոր» բա­­ռի աշու­­ղա­­­կան, քնա­­րական, սի­­րային եւ կարմրա­­թուշ գոր­­ծա­­­ծու­­թիւննե­­րը։ Այ­­սօր մեր հե­­քիաթը աւար­­տենք այնպէս, ինչպէս բո­­լոր հայ­­կա­­­կան հե­­քիաթ­­նե­­­րը կ՚աւար­­տին... Եր­­կինքէն ին­­կաւ երեք խնձոր, մէ­­կը՝ ըսո­­ղին, մէ­­կը՝ լսո­­ղին, մէկն ալ՝ ականջ դնողին։