ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ
Վերջին առաւօտս է Գայագէօյի մէջ, կէսօրուայ դէմ Հոփա եւ վերջը Տրապիզոն պէտք է հասնիմ, որ դէպի Պոլիս թռիչք առնեմ։ Գիւղին մօտակայ Քեմալ Փաշա կ՚երթամ, հազիւ թէ պիտի նստիմ սրճարան, արդէն նստելիք տեղ ալ չկայ։ Յանկարծ խնդումերես քառասուննոց մարդ մը ոտքի կը կանգնի եւ թեւերը բանալով բարձրաձայն կը գոչէ, «Վա՜յ, վայ վայ դուն ուրկէ՞ եկար մեր կողմերը։ Եկուր հալա քիչ մը խօսինք։ Ճանչնամ քեզի, սոհպեթ ընենք»։ Ես ամաչկոտ, իր երկարած ցածր աթոռին վրայ կը նստիմ եւ ձեռքը կը թօթուեմ։ Առաջին հարցումը «Ուրկէ՞ ես»։ Ես ալ կ՚ըսեմ թէ սուրիացի հայ մըն եմ եւ կ՚ուզեմ բացատրել թէ իրականութեան մէջ մենք Տիքրանակերտցի ենք։ Բայց … յանկարծ ձայնը փոխուեցաւ, ժպիտը գնաց եւ սկսաւ անարգել, թէ ինչեր ըսաւ, ամէն ինչ խառն է։ Առաջ կարծեցի կատակ է ըրածը, երբ ըսաւ՝ «Մենք դուք նոյնը չենք»։ Երբեք չի կարծես մենք համշէնցիներս եւ դուք հայերդ ազգական ենք։ Նման լեզուներ ունինք, բայց մենք ձեզմէ չենք եկած։ Դուք ոճրագործ էք։ Դուք մեզ ջարդեցիք։ Մենք իբր ազգ Խորասանէն ենք։ Դուք դառեր առաջ մեզի գերի դարձուցիք եւ ստիպուած ձեր լեզուն սորվեցանք։ Մեզ փորձեցիք ջնջել, բայց մենք ազատուեցանք եւ այս կողմերը հասանք։ Լեզուն ալ պահեցինք, գիտես ինչո՞ւ, որպէսզի ոճիրնիդ միշտ յիշենք» եւ ուրիշ բաներ ալ ըսաւ ու ըսաւ։ Գլուխս պայթելու աստիճան հասաւ, քանի որ այսպէս բան բնաւ չէի սպասէր։ Ոչ թէ իր պատմութեան չէի հաւատար։ Ո՛չ, ամէն պատմութիւն կարելի է բայց չէի սպասեր այդ զիս չի ճանչցող խնդումերես մարդը այդքան զայրոյթով եւ ատելութեամբ լեցուն աչքերով նայէր ինծի պէս մէկու, որ չէր ճանչնար։ Այդքան զայրացած կը խօսէր որ ըսի. «Ընկեր քու մեծ հայրդ իմ մեծ հօր կը ճանչնա՞ր»։
Երեսս նայեցաւ շուարած եւ ես շարունակեցի. «Նայիր անոնք զիրար չճանչցան, բայց մենք միասին արդէն նստած ենք եւ կրնանք զիրար ճանչնալ։ Դուն էիր, որ ինծի ճանչնալ ուզեցիր, չէ՞։ Եկուր փորձենք»։ Աւելի զայրացաւ «Քու հետդ գործ չունիմ։ Դուք բոլորդ արդէն ոճրագործ էք…»։ «Ի՞նչ ատելութիւն է այս։ Ուրկէ կու գայ այսքան զօրաւոր» կը մտածէի, բայց ինք արդէն աւելցուց. «Քեզի ալ խրատ, ես տեղդ ըլլամ պայուսակս կ՚առնեմ կը վերադառնամ տունս։ Այս կողմերը քեզի հետաքրքրող բան չկայ։ Մենք նոյնը չենք։ Այս տեղերը քեզի չեն»։ Ճարս կտրաւ եւ ոտքի կանգնելով ըսի «Ալ ինչու սոհպեթ ուզեցիր։ Ես այս տեսակ սոհպեթի պէտք չունիմ» եւ հեռացայ։ Իմիջայլոց ըսեմ թէ արդէն այս բոլոր երկու կամ երեք վայրկեաննոց մենախօսութեան ընթացքին բոլոր սրճարանը մեզի կը հետեւէր եւ մի քանի անգամ փորձած էին միջամտել։ Մի քանի հոգի պոռացած էին իրեն, թէ իրաւունք չունէր այսպէս խօսիլ օտարի մը կամ հիւրի մը հետ։ Բայց ապարդիւն։ Մարմինս կը դողդողար այս անակնկալէն։ Ես երեք օր էր, որ այս կողմերը եկած էի եւ ոչ ոքին աչքերուն մէջ հանդարտութենէ զատ բան մը չէի տեսած։ «Այ՜յ մինակ մարդ։ Դժբախտ եւ անբախտ մարդ, քեզի ինչ եղած է որ հոգիդ ատելութեամբ լեցուն է։
Բայց, այս բոլորը պատմութեանս վերջաւորութիւնն է։ Պատմեմ սկիզբէն։
*
Ամէն ինչ «Վովա»ով սկսաւ։ Եղբօրս Հայաստանէն բերած երգերու քասէթը անդադար մեծ խանդավառութեամբ կը լսէինք։ 2007-ի օրերն էին, նորութիւն էր այդ ձայնագրութիւնը, մանաւանդ համշէնի բարբառով հայերէնը։ Կ՚ըսէին թէ Սեւ ծովի ափերուն թուրքեր կային, որ հայերէն կը խօսին, թէ իրենց շաղած հացի խմորին վրայ խաչի նշան կը գծեն փուռը նետելէն առաջ, թէ իրենց համշէնցի կ՚ըսեն։ «Վովա» ալպոմի համշէնցի երգերը անընդհատ մտիկ ընելով կը փորձէի հայերէն բարերը հանելուկի պէս գտնել։
Վերջէն եղաւ նաեւ Շաֆաքի հետ ծանօթութիւնս։ Պոլիս եկած էի պտոյտի։ Եղբօրս հետ սրճարան նստած կը զրուցենք։ Մատուցողը կ՚երթայ կու գայ եւ երեսին ժպիտը մնայուն է։ Վերջէն որ վճարելու ժամանակ կու գայ, այն ատեն մեզի կը հարցնէ, թէ որտեղացի ենք։ «Ես Գանատայէն, եղբայրս Հայաստանէն հայեր ենք» կ՚ըսեմ։ Կ՚ըսէ թէ մեր խօսած լեզուն մասամբ կը հասկնայ։ Թէ իր մայրենի լեզուն ալ նման բառեր կը պարունակէ։ Ինք համշէնցի է, Հոփայի կողմերէն։ Կարծես բնական էր զայն սիրել։ «Վովա»ի լեզուն կը խօսէր։ Իմ առաջին բարեկամս դարձաւ Պոլսոյ մէջ եւ ես տակաւին մի քանի ամիս վերջ էր որ հոս պիտի փոխադրուէի 2010-ին, ամուսնանայի սիրածս կնոջ հետ, որ հոս կը բնակէր։
Հիմա ես նորից ութը տարի վերջ երկրորդ անգամն է, որ Գայագէօյ եկած եմ։ Դարձեալ Շաֆաքի ծնողքի տունն եմ։ Անցեալի կրկնութիւն մըն է կարծես։ Նոյն սիրուն հիւրասիրութիւնը եւ բարիութիւնը, նոյն գիւղի բնութիւնը, կանաչութիւնը իր թէյի պարտէզներով։ Հոփայէն կէս ժամ հեռաւորութեամբ, 120 համշէնցի ընտանիքներով բնակեցուած գիւղը զմայլելի բնութիւն ունի։ Առտու որ աչքդ բանաս այդ բարձր կանանչ կանանչ լեռները ամէն կողմ կարծես հոգիդ կ՚օրհնեն եւ քեզ կը յիշեցնեն թէ ապրիլը սուրբ է։
Դարձեալ թէյի հաւաքումի ժամանակն է։ Արդէն անոր համար եկած եմ վերջապէս։ Լման ութը տարի երազած եմ որ այս գիւղը պիտի վերադառնամ թէյի հաւաքումը եւ համշէնցիները դարձեալ նկարելու համար։ Եւ ամէն մէկ տարի թէյ հաւաքելու ժամանակը եկաւ անցաւ ու ես չկարողացայ ետ գալ։
Քումսալը, Շաֆաքին եղբօր աղջիկն է, ութը տարեկան գեղեցիկ աղջիկ մը եղած է։ Առաջին գալուստիս ան դեռ նորածին էր օրօրոցին մէջ։ Այդ սուսիկ փուսիկ նորածինը հիմա իր երեք տարեկան եղբօր կը նայի։ Յաճախ ճաշի ժամանակ խոհանոց կը վազէ. «Դանակ մը բեր» կամ «Ամանը մոռցանք» կամ… մեծերը ըսելուն պէս։ Ո՛չ մի գանգատ կամ երես շրջել։ Նոյնիսկ սկսած է դուռերու շրջանակէն մագլցիլ։ Սկիզբը որ նկարելու սկսայ տան մէջ միշտ կը նետուէր նկարներուս մէջ ու մեծ ժպիտով քամերայիս կը նայէր։ Մէկ անգամ եւ միայն մէկ անգամ իրեն կը բացատրեմ թէ պատկերի բնական ըլլալը գեղեցիկ բան մըն է եւ բնական ըլլալու համար նկարուած ատեն աւելի լաւ է քամերային չնայիլ եւ մոռնալ թէ մէկը քեզ կը նկարէ։ Այս որ կը բացատրեմ իրեն ատկէ վերջ նկարներս աւելի բնական կը դառնայ։ Խելացի աղջիկ է Քումսալ։
Անցեալ անգամ հարսանիք կար։ Օգոստոս ամիս էր։ Թէյի վերջին հաւաքումի ժամանակ։ Հարսանիքները Օգոստոսին կ՚ըլլան ընդհանրապէս։ Արդէն գիտնալով որ ես նկարիչ եմ, փեսային ընտանիքը խնդրած էր, արդեօք կրնայի՞ հարսանիքը նկարել։ Ինծի համար մեծ պատիւ եւ առիթ էր համշէնցի հարսանիք նկարել։ Հարսանիքն ալ իրենց կեանքի մէկ մասն է։ Ես միայն կը դիտեմ եւ իբր ականատես կը նկարեմ։ Ինչո՞ւ չէ։
Այս անգամ հարսանիք չկայ, բայց 85 տարեկան ծերուկ մայրիկ մը մահացած է այս առտու։ Թաղումը վաղը առտու պիտի ըլլայ։ Մահ ու թաղում, ասոնք ալ կեանքի մէկ մասն է։ Իրենք թող իրենց առօրեան ապրին իր անուշութեամբ ու տխրութեամբ, ես ալ նկարեմ։ Ցոյց տամ թէ մահն ալ հարսանիքի չափ մարդուս բնական կեանքին մաս մըն է։ Խանդավառ կը սպասեմ որ սուգի տունը երթանք։ Տարբեր պատճառներով չի յաջողիր այդ գիշեր։ Երկրորդ օր թաղումէն առաջ սուգի տունը կ՚երթանք եւ Շաֆաքի հօր Սայիթի միջոցաւ հանգուցեալի տղուն հետ խօսելով ան կը համոզուի թէ եթէ մի քանի նկար քաշեմ թաղումի պահուն, լաւ բան մը ըրած կ՚ըլլամ։ Ես պատրաստ, բայց անսպասուածը կը պատահի։ Հանգուցեալին աղջկան ամուսինը կ՚արգիլէ նկարել։ Սխալ է թաղումը նկարել եւ վերջ։ Յուսահատութիւնը երեսէս կը վազէ։ Շաֆաքի հայրը Սայիթը նոյնպէս շատ ջղայնացած։ «Ծօ՜ ի՞նչ կ՚ըլլար։ Խաթըր չէ մնացած։ Իմ հիւրիս ինչպէ՞ս կրնայ ոչ ըսել։ Մի քանի պատկեր քաշէիր, ի՞նչ պիտի վնաս ունենար հանգուցեալին» կ՚ըսէ։ Այդքան ջղայնացած է, որ կը որոշէ թաղումին չերթալ։ Ինչ որ կը փորձեմ չեմ յաջողիր։ «Վնաս չունի։ Դուն տեղացի ես։ Դուք իրարմով էք միշտ, ես օտար։ Այսօր կամ, վաղը չկամ։ Դուն պէտք է երթաս թաղումին» անարդիւնք։ «Ես յամառ եմ եւ պիտի չերթամ» կ՚ըսէ։ Շատ կը տխրիմ թէ իմ երեսէս անհամութիւն եղած է։ Վերջ ի վերջոյ երկուքս ալ կը համաձայնինք թէ «Հաշուենք թաղում չկար, չնեղուինք» մտածելը աւելի իմաստալի է եւ այդպէս կը վերադառնանք թէյի արտերը։
Կէսօրէ ետք է։ Վրացի երեք աշխատաւորները արդէն առտուայ 5.00-էն քաղումի սկսած են եւ արդէն ահագին պառկեր թէյի տերեւներով լեցուն կշռելու տանիլ պէտք է։ Չէթինը, Սայիթի մեծ տղան վրացի գործաւորներէ մէկուն հետ պզտիկ բեռնատար մեքենայ կը լեցնեն պարկերը։ Գործաւորները ետեւը, հինգս միասին կ՚իջնենք արտերու բարձունքէն վար։ Վտանգաւոր քարոտ, նեղ եւ դարձդարձիկ ճամբայ է։ Բայց Չեթինը վարժ է այս ճամբուն։ Վար որ կը հասնինք ահագին խառնիճաղանջ կայ։ Մեր բեռնատարի նման ուրիշ շատ բեռնատարներ կան։ Երկու կշիռ կայ, մէկը գոց շտեմարանի մը մէջ, որ կը պատկանի «Չայքուր»ին այսինքն կառավարութեան։ Միւսը բացօթեայ եւ սեփական ընկերութիւններուն։ Երկու տեղն ալ պարկերը կշիռք կ՚առնուին, հաւաքուած բերքը կ՚արձանագրուին տետրակին մէջ, «Չայքուր»ը շտեմարանին մէջ կը պարպուին։ Մինչ այդ սեփական ընկերութիւններու գնած թէյի տերեւները մեծ բեռնատար մեքենաներուն մէջ։ Թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը երկուքին։ Կը բացատրեն թէ ամբողջ հաւաքած թէյը կառավարութեան չես կրնար ծախել։ Կառավարութիւնը սահմանափակում կը հաստատէ ամէն մէկ քաղումի շրջանին։ Օրինակի համար Սայիտենց 15 թոն բերքէն կառավարութիւնը գրեթէ 6 թոն կ՚ընդունի գնել։ Մնացածը այսինքն 9 թոնը երեք յատուկ ընկերութիւններուն կը ծախուի։ Տարբերութիւնը գինին մէջ է։ Կառավարութիւնը՝ «Չայքուր»ը գրեթէ 60 ղրուշ աւելի կը վճարէ քիլօ մը թէյին։ Հաստատուած եւ ընդունուած գիներ են, ամէն մարդ գիտէ կառավարութեան գնածէն դուրս, որքան ալ ուզես յատուկ ընկերութիւններուն ծախէ։ Մէկ տարբերութիւն մըն ալ կայ, այդ ալ «Չայքուր»ը 30 օր վերջ կը վճարէ։ Միւսները տեղւոյն վրայ կրնան վճարել, այսինքն դրամատան հաշուիդ դրամդ պառկեցնել։ Բայց քանի որ թէյի քաղումը եւ առեւտուրը միայն ամարն է եւ իւրաքանչիւր քաղը տասը օր կը տեւէ, այսինքն միասնաբար տարուայ մէջ միայն երեսուն օր, շատերը վճարումները տարուայ 12 ամիսներուն կը կապեն։ Այսինքն ամսականի նման եկամուտ կ՚ունենան։
Վրացի գործաւորները ամէն կողմ են։ Չարքաշ են, արագ կ՚աշխատին։ Միայն Սայիթենց գործաւորները չէ, բոլորն ալ դժուար եւ ծանր գործ կը տեսնեն։ Այդ թէյի արտերը այդքան խիտ, ցեխոտ եւ փշոտ են եւ միշտ լեռներու բարձրութեան վրայ, որ տոկուն պէտք է ըլլաս որ դիմանաս ամառուայ այդ արեւուն տակ։ Կտրէ կտրէ եւ տոպրակը լեցուր, չի վերջանալիք գործ։ Բայց կ՚ընեն եւ երեք հոգի օրական մէկ թոն թէյ կը քաղեն։ Ութը տարիներ առաջ առաջին այցելութեանս Շաֆաքի մայրը՝ Այշէն ալ իր վրացի գործաւորներուն հետ անդադար կ՚աշխատէր։ Կը քաղէր եւ պարկերը կը լեցնէր։ Իրեն պէս ալ շատ կիներ ուրիշ ընտանիքներէ, նոյնը։ Այս անգամ Այշէն դադրած է աշխատանքէն։ Արդէն նոր թոռնիկ մը ունի եւ անհանգիստ ու տարեց մօրը կը հոգայ։ Հիմա վրացի գործաւորներուն միայն նախաճաշ եւ կէսօրուայ ճաշ կը պատրաստէ։ Այդ ալ դժուար է։ Ամէն առաւօտ քաղումի ժամանակ Սայիթը կամ Չեթինը պէտք է 4.00 կամ 4.30-ին սահման երթան վրացի գործաւորներ առնեն, տուն բերեն, նախաճաշ տան եւ 5.00 կամ 5.30-ին արտերը հասցնեն, որ անոնք գործի սկսին։ Իսկ ուշ կէսօրէ վերջերը դարձեալ մէկերնին զանոնք սահման պէտք է հասցնէ, որ անոնք Պաթումի երթան իրենց ընտանիքներուն։ Բայց գանգատ չկայ։ Ոչ Սայիթենց կողմէ, ոչ ալ վրացիներու։ Վրացիներու հետ որ խօսեցայ ուրախ են աշխատելէ։ «Մեր երկիրը գործ չկայ եւ անգործութիւնը շատ է։ Նոյնիսկ որ կարենաս գործ գտնել օրականդ 60 ԹԼ.-ի չափ է։ Հոս, թէյի քաղումին առօրեայ 200 ԹԼ. կը գանձենք իւրաքանչիւրս։ Այո, դժուար գործ է, կը յոգնինք, բայց թող գործ ըլլայ եւ այսպէս թող ըլլայ։ Հոգ չէ կ՚աշխատինք, ընտանիք կը պահենք»։ Ասոր ալ մէջ պզտիկ գաղտնիք մը կայ։ Տարիներ առաջ վրացիները օրականով կ՚աշխատէին։ Հիմա, Սայիթին եւ Չեթինի նմանները ամէն մէկ հաւաքուած քիլոյին 65 ղրուշ կը վճարեն։ Գործաւորը որքան կ՚ուզէ հաւաքել, իր որոշումն է եւ անշուշտ գործաւորն ալ միշտ ջանք կը թափէ, որ աւելի լաւ ապրուստ մը հանէ։ Այսինքն ծուլութիւնը փոր չի կշտացներ եւ այսպէս երկու կողմն ալ հանգիստ յարաբերութիւն մը կը հաստատէ։
Վրացիները Թուրքիայի ամէն կողմ կ՚երթան աշխատելու։ Մանաւանդ թէյ հաւաքումի։ Ռիզէ, Արխաւի, Արթվին եւ ուրիշ տեղեր։ Առաջին Սեւ Ծով այցելութեանս Գայագէօյիւէն զատ Արխաւի ալ երկու կամ երեք օր կեցած ու նկարած էի։ Հոն արդէն բաւական վրացի աշխատողներու հետ ծանօթացած եւ նկարած։ Մէկ լման շէնք մը Արխաւիի ետեւի թաղերուն մէջ լեցուն էր վրացի գործաւորներով։ Հինգ կամ վեց հոգի ամէն մէկ սենեակի մէջ, ամէն ինչ բաժանելով կ՚ապրէին։ Ամբողջ օրը գործ արտերու բարձունքներուն վրայ, իսկ երեկոները միս մինակ իրենք իրենցմով սենեակներուն մէջ թխուած կիներ ալ կային։ Նոյն պատմութիւնն էր։ Իրենց երկրի տնտեսութեան տկարութիւնները զանոնք անդադար Սեւ Ծովի ափերը կը նետէր։ Հաց մըն է, որ պէտք էր շահէին։ Արդեօք ութը տարի հերի՞ք չէ որ մարդկային վիճակի բարելաւում մը ըլլայ, այլ ո՛չ թէ ճակատագրական դժբախտութիւնը սերունդէ սերունդ յարատեւէ։ Ո՞վ կրնայ գուշակել։