Միջազգային «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնը 13 Յուլիսին Կինօ Մոսկուա սրահին մէջ տեղի ունեցող մրցանակաբաշխութեամբ հասաւ իր աւարտին։ Այս տարի 16-րդ անգամ կազմակերպուած փառատօնին դիմում կատարած էին զանազան երկիրներէ աւելի քան 740 ֆիլմեր։ Փառատօնի շրջանակներով ցուցադրուեցան 17 երկիրներէ 12 լիամեթրաժ ֆիլմեր եւ նաեւ Հայաստան, Թուրքիա, Իրան եւ Վրաստանէն 25 կարճամեթրաժ ֆիլմեր։
Փառատօնի ծիրէն ներս գործադրուեցաւ նաեւ «Talent Lab» խորագրեալ ծրագիր մը, որ կը միտէր շարժանկարի երիտասարդ գործիչներուն փորձառութիւն ապահովել։
Այս տարի «Ոսկէ Ծիրան»ը նուաճեց Պրիթանացի բեմադրիչ Ռիչարտ Պիլինկըմի «Ռէյ եւ Լիզ» անուն ֆիլմը։ «Արծաթէ Ծիրան»ի արժանացաւ Ռուսաստանէն Քանտեմիր Պալակովի «Պինփոլ» ֆիլմը։ Հասան Ֆազիլլիի ԱՄՆ, Պրիթանիա, Քաթար եւ Գանատայի համատեղ նախաձեռնութեամբ «Կէսգիշերային Ճամբորդութիւն» անուն ֆիլմն ալ արժանացաւ դատակազմի յատուկ մրցանակին։
Կարճամեթրաժ ֆիլմերու բաժնին մէջ Իրանէն Մաղրզիէ Ռիյահիի «Վարորդական Դասընթացք» ֆիլմը նուաճեց «Ոսկէ Ծիրան»ը։ Վրացի բեմադրիչ Ռաթի Ձիթելացէի «Prisoner of Society» անուն ֆիլմը արժանացաւ «Արծաթէ Ծիրան»ի, իսկ Հայաստանէն Լիլիթ Պիպոյեանի ֆիլմը գնահատուեցաւ դատակազմի յատուկ մրցանակով։
Ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի ալ «Ոսկէ Ծիրան»ի շրջանակի մէջ խրախուսուեցան կարգ մը անաւարտ գործեր, որոնց կարգին նաեւ ԺԷ. դարուն ապրած հայ շրջիկ Երեմիա Չելեպի Քէօմիւրճեանի Պոլսոյ պատմութիւնը։ Զէյնեփ Տատաքի բեմադրութեամբ ֆիլմը անաւարտ է եւ այդ իսկ պատճառաւ արժանացաւ «Work in Progress» մրցանակին։
Զէյնեփ Տատաք այս առթիւ «Ակօս»ին տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Ահ Կէօզել Իսթանպուլ» ֆիլմը հասած է աւարտական փուլին։ Այս հանգրուանին մեր գործին Հայաստանի մէջ գնահատուիլը ոգեւորեց մեզ։ Նշենք թէ ֆիլմի մեկնակէտն ալ կայացած էր Թուրքիա-Հայաստան շարժանկարի հարթակով։ Արդարեւ «Ոսկէ Ծիրան»ի նշանակութիւնը շատ կարեւոր է «Ահ Կէօզել Իսթանպուլ»ի արտադրութեան մէջ։ Կը յուսանք թէ ֆիլմը յառաջիկայ տարի նոյն փառատօնին կը ներկայանայ Երեւանի հանդիսատեսին եւ մենք ալ փակած կ՚ըլլանք օղակը։
Փառատօնի կարճամեթրաժ ֆիլմերու դատակազմի անդամներէն Նորայր Գասպար եւս իր տպաւորութիւնները փոխանցեց «Ակօս»ին։ «Ոսկէ Ծիրան միջազգային կինօ փառատօնը Հայաստանի մշակութային եւ գեղարուեստական խորհրդանշաններէն մէկն է։ Ան իր հարուստ ֆիլմացանկով արհեստավարժ շարժանկարի միջավայրով եւ կազմակերպութիւններով տարածաշրջանի մէջ ալ յատուկ նշանակութիւն ունի։ Շարժանկար արտակարգօրէն յաջող վայելք մըն է այս կազմակերպութիւնը, որու շնորհիւ շարժանկարի արհեստավարժ մարդիկ շփում կ՚ունենան իրարու հետ եւ կը զարգացնեն իրենց գիտելիքները։ Ես որպէս կարճամեթրաժ ֆիլմերու դատակազմի անդամ, Հայաստանէն, Թուրքիայէն, Վրաստանէն եւ Իրանէն քաղաքական, հասարակական եւ անհատական խնդիրներ վերլուծող կատարեալ ընտրանի մը դիտելու երջանկութիւնը ապրեցայ»։