Ոչ միայն Հայաստանի, այլ համայն աշխարհի համար, հինգ ցամաքամասերու վրայ խիստ կենսական նշանակութիւն ունի երկրագունդի կլիմայի մատնուած ջեռուցումը։
Հայաստան երկիր, անբաժան չէ համաշխարհային բնոյթով այս աղէտի մտահոգիչ հետեւանքներէն։ Վերջին օրերուն, ահազանգ կը հնչեցուի Սեւանայ Լճի ջուրի մակերեսի ալ աւելի ցածանալուն եւ մանաւանդ ալ, լճի ճահճացման եւ ջրիմուռներու ծաւալման մասին։
Արար աշխարհի սպառնացող կարեւոր աւերը ալ աւելի կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համեմատաբար փոքր աշխարհագրական դիրքին համար։ Ներկայ պայմաններու մէջ կարելի է պնդել թէ ազգային առումով ամենաէական նշանակութիւն ներկայացնող խնդիրը Հայաստանի լեռներու, ձորերու, անտարներու, լիճերու եւ գետերու կենսամակարդակն է։ Ուրեմն խնդիրը իսկապէս մեծ նշանակութիւն ունի նոյնիսկ ազգային անվտանգութեան առումով։ Արդարեւ «SOS Սեւան» նախաձեռնութիւնը այս մասին հասարակական մտահոգութիւնը կը պարզէ ՀՀ Վարչապետին եւ կառավարութեան անդամներուն ուղղուած բաց նամակին միջոցաւ։
Նամակին մէջ կը թուարկուին լիճը վտանգող գործօնները։ Այսպէս լիճի յարակից տասնեակ բնակավայրերու կեղտաջուրերու մուտքը, Սեւանի ափամերձ տարածքներու, ճաշարաններու եւ ժամանցի վայրերու կեղտաջուրերու մուտքը ցանցավանդակային ձկնաբուծութեան համար գործածուող ֆոսֆորի եւ ազօթի մուտքը, բարձր ջերմաստիճանը, կլիմայական փոփոխութիւնները, տեղումներու սակաւութիւնը եւ ջրի բարձր գոլորշիացումը։
Գաղտնիք չէ որ Վանայ Լճի ջուրին մակերեսի բարձրացման զուգահեռ կը նուազի Սեւանայ աւազանի ջուրը։ Ուրեմն անհրաժեշտութիւն կը համարուի ջուրի մակարդակի բարձրացումը ապահովել եւ սակայն այս վարկածն ալ կը թելադրէ շրջակայ 4729 շինութիւններու ջրածածկ մնալու հետեւանքը։ Նոյն վտանգը կը սպառնայ նաեւ ճանապարհներուն, էլեկտրահաղորդման գիծերուն եւս։
«SOS Սեւան» անհրաժեշտ կը տեսնէ Սեւանայ Լճին սպառնացող վտանգներու ամբողջական գնահատում մը կատարել, լճի ափը արագօրէն նախապատրաստել ջուրի մակարդակի բարձրացման համար։
Անդին կը մնայ Սեւանայ Լճի ջրի որակի խնդիրը։ Այս հարցին լուծում գտնելու համար անհրաժեշտ է պարզել թէ ո՞վ, որտեղէ՞ն եւ ինչո՞վ կ՚աղտոտէ Սեւանը։ Ի՞նչ միջոցառումներու կարգ մշակուելու է լճի մաքրման համար։
Յայտարարութիւնը ստորագրած են շրջապատի խնդիրներով զբաղուող բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ։ Որոնց կարգին են՝
«ԷքօԼուր» տեղեկատուական ՀԿ, Ինգա Զարաֆեան, Վիքթորիա Բուռնազեան, Ռոզա Ջուլհակեան, Քրիստինա Տէր- Մաթեւոսեան
«Յանուն կայուն մարդկային զագացման ասոցիացիա» ՀԿ, Կարինէ Դանիէլեան
էքօլոգիական հասարակական դաշինք, Սիլվա Ադամեան
«Խազեր» էքօլոգամշակութային ՀԿ, Ամալիա Համբարձումեան, Արամ Գաբրիէլեան, Մարզպետունի Քամալեան
«Կանաչ Հայաստան» ՀԿ, Հայկ Գրիգորեան, Թեհմինէ Ենոքեան
«ԻԿՈՄՈՍ-Հայաստան» ՀԿ, Գագիկ Սուխուդեան
«Բլեջան» ՀԿ, Լիանա Ասոյեան
Մարտունու կանանց համայնքային խորհուրդ ՀԿ, Անահիտ Գէորգեան
«Տարածքային զարգացման եւ հետազօտութիւնների կեդրոն» ՀԿ, Սաթիկ Բադեան
«Հայաստանի անտառներ» ՀԿ, Նազելի Վարդանեան
ԳԱԱ Հիտրօէքօլոգիայի եւ Կենդանաբանութեան Հիտրոէքօլոգիայի եւ ձկնաբանութեան ինստիտուտի Հիտրօէքօլոգիայի բաժնի վարիչ ԵՊՀ Էքօլոգիայի եւ բնութեան պահպանութեան ամբիոնի դոցենտ Լուսինէ Համբարեան
Էդվարդ Արզումանեան, էներգետիկ փորձագէտ
«Մասնագիտական կրթութեան բարեփոխումներ» ՀԿ, Սամվէլ Պիպոյեան
«Կովկասի տարածաշրջանային բնապահպանական կեդրոն»ի փորձագէտ Դշխուհի Սահակեան
«Ուրբան» կայուն զարգացման հիմնադրամ, Հայաստան Ստեփանեան
«Հայ կանայք յանուն առողջութեան եւ առողջ շրջակայ միջավայրի» ՀԿ, Ելենա Մանուէլեան, Քնարիկ Գրիգորեան
«Դալմա-Սոնա» հիմնադրամ, Ռուզաննա Ղազարեան
«Բոսոֆիա» ՀԿ, Գէորգ Պետրոսեան
«Հասարակական պաշտպանների միութիւն», Արամ Գրիգորեան, Լիլիթ Յովհանիսեան
«Կենսաբազմազանութեան եւ լանդշաֆտների պահպանութեան միաւորում» ՀԿ, Թաթիանայ Դանիէլեան, Սիրինէ Կոսեան, Տիգրան Սեկոյեան, էներգետիկ փորձագէտ
«Կլոպալ ջրային համագործակցութիւն» ՀԿ, Լիանայ Մարգարեան։