Անընդունելի է պետութեան ճնշումները

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

«Ակօս»ի 22 Մա­յիս 2019-ի հա­մարով անդրա­դար­ձած էինք Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանի պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցի հետ առնչո­ւած վճի­ռը։ Դա­տարա­նը պե­տական մի­ջամ­տութիւ­նը բնու­թագրած էր «Հա­ւատ­քի ազա­տու­թեան ոտ­նա­կոխում» բա­ռերով։ Իսկ 10 Յու­լի­սին Թուրքիոյ հան­րա­պետութեան պաշ­տօ­նաթեր­թին մէջ հրա­տարա­կուե­ցաւ Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանի պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն մը եւս։ Ատեանի իրա­ւական քննար­կումնե­րը նիւթ կ՚ու­նե­նան վեր­ջին տա­սը տա­րինե­րու զար­գա­ցումնե­րը։ Ան այսպէս կը մեր­ժէ Կրօ­նական ժո­ղովի կող­մէ Պատ­րիար­քա­կան ընդհա­նուր փո­խանոր­դի ընտրու­թիւնը։ Կը հաս­տա­տէ թէ այստեղ զան­ցա­ռուած է աշ­խարհա­կան­նե­րու դե­րակա­տարու­թիւնը եւ որո­շու­մը կա­յացած է միայն հո­գեւո­րական­նե­րու կամ­քով։ երե­ւոյթ մը, որ ամ­բողջո­վին կը հա­կասէ 1863-ի սահ­մա­նադ­րութեան կա­նոն­նե­րուն։ Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանի վճի­ռի պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը ամ­բողջո­վին տե­ղադ­րո­ւած է հա­յերէն չորրորդ էջի վրայ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ