Պաշտպանութիւն ուղղուած ժողովուրդին

2016-ի Նո­­յեմ­­բեր ամի­­սէն ի վեր Էտիր­­նէի բան­­տին մէջ ազա­­տազրկո­­ւած քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ Սե­­լահատ­­տին Տե­­միր­­թաշ «թո­­ւիթ­­րեան» գրա­­ռումնե­­րով ջրեց իրեն դէմ ուղղո­­ւած զա­­նազան մե­­ղադ­­րանքնե­­րը։ Տե­­միր­­թաշ հնար­­զանդ մնա­­լով իր սո­­վորա­­կան ոճին նախ նե­­րողու­­թիւն խնդրեց իր խլած ժա­­մանակ­­նե­­­րուն հա­­մար։ «Ես ար­­դէն գի­­տեմ թէ դոյզն իսկ չէք հա­­ւատար փո­­ղոց փո­­ղոց շրջե­­լով զիս ահա­­բեկիչ հռչա­­կող­­նե­­­րու զրպար­­տութիւննե­­րը։ Սա­­կայն ու­­զե­­­ցի որ ան­­գամ մըն ալ ճշմար­­տութիւննե­­րը իմ բեր­­նէս լսէք»։

Ապա Տե­­միր­­թաշ իրեն ուղղո­­ւած տա­­սը մե­­ղադ­­րանքնե­­րու հա­­մար տո­ւաւ խիստ շա­­հեկան բա­­ցատ­­րութիւններ։ «Նախ ին­­ծի ձեր­­բա­­­կալե­­ցին ըսե­­լով թէ Խորհրդա­­րանի մէջ քրտե­­րէն ելոյթ ու­­նե­­­նալու հա­­մար գաղտնի կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րէ հրա­­հանք ստա­­ցած եմ։ Այս պնդու­­մը ներ­­կա­­­յացու­­ցին գաղտնի ակա­­նատե­­սի մը վկա­­յու­­թեամբ։ Մեր յա­­րատեւ դի­­մումնե­­րուն դի­­մաց դա­­տախա­­զը ստի­­պուե­­ցաւ խոս­­տո­­­վանե­­լու թէ իրո­­ղու­­թեան մէջ այդպէս գաղտնի վկայ մը գո­­յու­­թիւն չու­­նի։ Սա­­կայն ի դէմ այս բո­­լորին զիս բան­­տը պա­­հեցին։ Միւս կող­­մէ իմ մա­­սին խորհրդա­­րան մե­­ղադ­­րանք ներ­­կա­­­յաց­­նող դա­­տախա­­զը այս պա­­հուն բան­­տարկո­­ւած է Կիւ­­լե­­­նի հրո­­սախումբին ան­­դա­­­մակ­­ցե­­­լու մե­­ղադ­­րանքով։ Երկրորդ պնդու­­մը իբ­­րեւ թէ ՓՔՔ Էլա­­զըղ բնա­­կող ըն­­տա­­­նիքի մը նա­­մակ գրած է եւ այդ նա­­մակն ալ յանձնե­­լու պար­­տա­­­կանու­­թիւնը տո­­ւած է ին­­ծի եւ Կիւլթեն Քը­­շանա­­քին։ 2009 թո­­ւակիր այդ դա­­ւադ­­րութեան ու­­սումնա­­սիրե­­լով յայտնի դար­­ձաւ թէ սոյն նա­­մակը ու­­րիշնե­­րու կող­­մէ գրի առ­­նո­­­ւած է Սուր թա­­ղամա­­սի նախ­­կին քա­­ղաքա­­պետ Ապ­­տուլլահ Տե­­միր­­պա­­­շի հա­­մակարգչին վրայ։

Եր­­րորդ պնդու­­մը դար­­ձեալ խայ­­տա­­­ռակու­­թիւն է։ Այս ան­­գամ զիս կը մե­­ղադ­­րեն գաղտնի կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­­դամնե­­րու հետ հե­­ռախօ­­սակապ ու­­նե­­­նալով։ Աւե­­լի ետք կը պար­­զո­­­ւի թէ գաղտնի կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­­դամ ըլ­­լա­­­լով նշո­­ւած­­նե­­­րը մեր կու­­սակցու­­թեան գոր­­ծիչներն են»։

Տե­­միր­­թաշ կը շա­­րէ նման բնոյ­­թով հինգ մե­­ղադ­­րանքներ եւս, որոնց բո­­լորն ալ զուրկ են փաս­­տա­­­ցի պնդում ըլ­­լա­­­լէ։ Վեր­­ջա­­­պէս ան կը նշէ թէ ԵՄԻԱ-ի վճիռ­­նե­­­րը եւս ջրած են այս ամէն տե­­սակ օրի­­նակա­­նու­­թե­­­նէ զուրկ շին­­ծու պնդումնե­­րը եւ իր բան­­տարկու­­թիւնը ամ­­բողջո­­վին քա­­ղաքա­­կան նպա­­տակ­­նե­­­րու հե­­տեւանք է, այլ ոչ թէ իրա­­ւաբա­նական։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ