Նախապէս նշած էինք թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան թղթածրարէն անջատուած է Օկիւն Սամասթ, Էրհան Թունճէլ, Եասին Հայալ եւայլ երեք մեղադրեալներու թղթածրարը։ Արդարեւ ինը մեղադրեալներու դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 Յուլիս Չորեքշաբթի Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ ատեանի մէջ։ Նախորդ նիստին դատախազութիւնը ներկայացուցած էր իր ամբաստանագիրը, ուր մեղադրեալներու համար կը պահանջուէր ծանր պատիժներ։
Ամբաստանեալներէն Եասին Հայալի համար կը պահանջուի մինչեւ ինը տարի բանտարկութիւն։ Էրհան Թունճէլ կը մեղադրուի «Մեքտանըլտս»ի ռմբակոծման պատճառաւ աւելի քան վեց անձերու կեանքը վտանգելու մեղադրանքով մինչեւ 120 տարուայ ազատազրկութիւն։ Նմանապէս Օկիւն Սամասթին համար ալ կը պահանջուի մինչեւ երեք տարուայ բանտարկութիւնը։ Նշենք թէ Օրկիւն Սամասթ 2011 Յուլիսին դատապարտուած էր 22 տարի 10 ամիս ազատազրկման։