ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական խորհրդի նախագահ Տոնըլտ Տուսկի հանդիպման քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։ Հանդիպումէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին Տոնըլտ Տուսկը նշեց, թէ ԵՄ-ը քաջալերուած է այս տարուայ զարգացումներու աշխուժութեամբ եւ պատրաստակամ է շեշտադրումներ ընել մարդասիրական խնդիրների վրայ։ Եւրոպական խորհրդի նախագահը նշեց, որ իրենք կը կիսեն Մինսկի խմբի համանախագահներու մտահոգութիւնը շփման գծի երկայնքով վերջին զոհերու, ինչպէս նաեւ ռազմատենչ յայտարարութիւններու հետ կապուած։
«Կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ միջոցներ ձեռնարկեն վերականգնելու այն միջավայրը, որը նպաստաւոր կ՚ըլլայ խաղաղութեանը, իրական բանակցութիւններուն։ Հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի եւ այստեղ քաղաքական հանգուցալուծում պէտք է, որը կը համապատասխանի միջազգային իրաւունքին եւ սկզբունքներուն։ Եւրոմիութիւնը կը շարունակում է լիաթոք օժանդակել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահներու ջանքերուն եւ արդար ու տեւական հանգուցալուծում գտնելու շեշտադրութեանը՝ ելնելով Հելսինկեան հիմնարար ակտի եզրափակիչ դրոյթներէն։ Եւրոմիութիւնը կը սատարէ խաղաղութեան կառուցման գործողութիւններուն, պատրաստ է սատարել ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստող միջոցներուն»,- «Արմէնպրես»-ի հաղորդմամբ՝ ըսաւ Տանըլտ Տուսկը։