Արագած Ախոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մշոյ մէջ

Մշոյ եւ շրջա­­կայ­­քի հա­­յերու նա­­խաձեռ­­նութեամբ հիմ­­նո­­­ւած «Տա­­րօն» հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան միու­­թեան ատե­­նապետ՝ Ֆահ­­րետտին Աս­­լան լրագ­­րողնե­­րու հետ ու­­նե­­­ցած հան­­դիպման ըն­­թացքին անդրա­­դար­­ձաւ քա­­ղաքի պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին եւ կրօ­­նական հարստու­­թեան կա­­րեւո­­րու­­թեան։ Ան նշեց թէ Մուշ վեր­­ջերս զբօ­­սաշրջու­­թեան առու­­մով կա­­րեւոր կեդ­­րոն մը դար­­ձած է, ուր ամէն տա­­րի կ՚այ­­ցե­­­լեն բազ­­մա­­­թիւ զբօ­­սաշրջիկ­­ներ։ Ան ցաւ յայտնեց, ըսե­­լով որ շրջա­­նի պատ­­մա­­­կան շի­­նու­­թիւննե­­րը ան­­տէ­­­րու­­թեան մատ­­նո­­­ւած են եւ յա­­րատեւ կեր­­պով կը թա­­լանո­­ւին գան­­ձա­­­խոյ­­զե­­­րու կող­­մէ։ Յատ­­կա­­­պէս օրի­­նակ բե­­րաւ Քա­­լէ թա­­ղամա­­սի մէջ գտնո­­ւող Սուրբ Աս­­տո­­­ւածա­­ծին եկե­­ղեցին, որ դժբախ­­տա­­­բար աղ­­բա­­­նոցի տե­­սարան մը կը պար­­զէ եւ զբօ­­սաշրջիկ­­ներ կը խրտչին մօ­­տենա­­լու իսկ։

Ֆահ­­րետտին Աս­­լան նշեց թէ քա­­ղաքա­­պետա­­րանի վե­­րանո­­րոգ­­ման նպա­­տակով կա­­տարե­­լիք աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը ալ աւե­­լի կը զար­­գացնեն տա­­րածաշրջա­­նի զբօ­­սաշրջու­­թիւնը։ Միւս կող­­մէ պա­­տուի­­րակու­­թեան մը ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ Մուշ այ­­ցե­­­լած է Հա­­յաս­­տա­­­նի խորհրդա­­րանի նախ­­կին պատ­­գա­­­մաւոր եւ աշ­­խարհաս­­փիւռ հայ երես­­փո­­­խան­­նե­­­րու միու­­թեան հիմ­­նա­­­դիր Արա­­գած Ախո­­յեանը։ Ախո­­յեան յայտնեց թէ Մուշ եկած են եր­­կու ժո­­ղովուրդնե­­րու մի­­ջեւ մշա­­կու­­թա­­­յին կա­­պը ամ­­րացնե­­լու հե­­ռան­­կա­­­րով։

«Մենք կը խու­­սա­­­փինք մեր եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ դի­­ւանա­­գիտա­­կան լա­­րուա­­ծու­­թիւննե­­րէ։ Ար­­դա­­­րեւ այդ լա­­րուա­­ծու­­թիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով այ­­սօր փակ է Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա ցա­­մաքա­­յին սահ­­մա­­­նագի­­ծը։ Պար­­տա­­­ւոր ենք նախ մեր միտ­­քե­­­րը կաշ­­կանդող սահ­­մաննե­­րը յաղ­­թա­­­հարե­­լու, որ­­պէսզի հետզհե­­տէ եր­­կու եր­­կիրներն ալ յա­­ջողին բա­­րեկա­­մու­­թիւն մշա­­կել» ըսաւ Արագած Ախոյեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ