Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս սոյն տարին հռչակած էր «Հայ մամուլի տարի»։ Արդարեւ 2-4 Յուլիս թուականներու միջեւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ գիտաժողով մը։ Բովանդակալից զեկոյցներով խիստ շահեկան այս համագումարի մասին տեղեկատուութիւնը կը փոխանցենք «Ասպարէզ»ի էջերէն։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Հայ Մամուլի տարուան հռչակման առիթով կազմակերպուած համահայկական համաժողովը տեղի ունեցաւ Յուլիս 2-4-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ վեհափառին։
Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ գործող տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի շուրջ 100 տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ։
Կաթողիկոսին պատգամին, ինչպէս նաեւ համաժողովին ընթացքին ներկայացուած զեկոյցներուն լոյսին տակ, ներկաները հանգամանօրէն քննարկեցին Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնական հարթութեան վրայ ձեւաւորուելիք հայկական լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները, նորարար արհեստագիտութեան ներմուծած մարտահրաւէրները, ընկերային ցանցերու վրայ լրատուական գործունէութիւն ծաւալելու երեւոյթը, տեղեկատուական անվտանգութեան եւ հաւաստիութեան խնդիրները, միջազգային հանրային կարծիքի ստեղծման նպաստող գործօնները, մամուլ-ինքնութիւն եւ մամուլ-մշակոյթ կապը, մամուլի մէջ բազմակարծութեան եւ խօսքի ազատութեան դրսեւորման անհրաժեշտութիւնը, համազգային պահանջատիրութեան մէջ մամուլին ունենալիք դերը եւ մամլոյ առաքելութեան առնչուած այլ խնդիրներ։
Համաժողովը հաստատեց եւ նպատակայարմար նկատեց.
«Մամուլ հասկացողութիւնը ժամանակակից աշխարհի նորարար պայմաններուն մէջ կը շարունակէ ապրիլ ձեւափոխութիւններու գործընթաց մը։ Հետզհետէ դէպի համացանցային մամուլ անցում կատարող դասական լրատուամիջոցները հասանելիութեան առաւելներ գրանցելով հանդերձ, յաճախ կը հատեն անպատասխանատուութեան սահմանը՝ բացարձակ ազատութեան սկզբունքին տակ խորքին մէջ անմակարդակ լրատուութիւն տարածելով.
– Մամուլը միայն տեղեկութիւն փոխանցող միջոց չէ, այլ յստակօրէն կը կրէ դաստիարակիչ առաքելութիւն։ Այդ առաքելութիւնը սկսած է նօսրանալ՝ լրագրողական մարդուժի բացակայութեան, լեզուի տիրապետումի առումով անմխիթար վիճակին եւ նուազող տպաքանակներուն ի տես։
– Բազմակարծութիւնն ու ազատ խօսքի իրաւունքի դրսեւորումը աւելի քան անհրաժեշտ են մամուլին համար։ Կառուցողական քննադատութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը յաճախ պէտք է երեւին հայ մամուլի էջերուն մէջ՝ մեր հանրային հասարակական կեանքի յոռի երեւոյթները սրբագրելու միտումով։
– Իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր մամուլներու բախումներու երեւոյթէն անդին ժողովուրդ-մամուլ կենդանի ու հետեւողական կապը կենսական նշանակութիւն ունի զանգուածային որեւէ լրատուամիջոցի համար։ Հրատարակչական աշխատանքներուն առընթեր, մամուլի ակումբներու ճամբով քննարկումներ կազմակերպելով մամուլը կը սատարէ այդ կապի ամրապնդման եւ փոխադարձ վստահելիութեան հաստատման առաջադրանքներու իրականացման։ Ժողովրդային խնդիրներու բարձրաձայնումն ու այդ հարցերուն մասին կատարուող արձագանգումները մամուլի էջերուն՝ աւելիով կը նպաստեն մամուլ-ժողովուրդ կապի մերձեցման։
– Համազգային տարողութիւն ունեցող հիմնահարցերը՝ հայրենիքի հզօրացում, Արցախի միջազգային ճանաչում, Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքներ պիտի շարունակեն գրաւել հայ մամուլի առաջնային թեմաներու դիրքերը։ Այս հարցերը անհրաժեշտ է քննարկել համահայկական մակարդակի վրայ, այժմէական նշանակութիւն տալու համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ անոնց լուսաբանման։
– Մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւնները կը պահանջեն գործնական լուծումներ եւ համապատասխան միջոցներու որդեգրման քայլեր՝ հիմնադրամներու յառաջացում, լրագորղական մարդուժի պատրաստութիւն, լեզուի դասընթացքներ, փոխադարձ այցելութիւններ, եւ այլն։
Այս հաստատումներն ու առաջադրանքները նկատի ունենալով, համաժողովը կարեւորութեամբ ընդգծեց համահայկական մակարդակի վրայ համախմբումի նախաձեռնութեան շարունակականութեան ապահովումը։ Արդարեւ, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնական հարթութեան վրայ համատեղ նոր ռազմավարութեան մը մշակումը եւ մանաւանդ հայ մամուլի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն լուծման ուղղութեամբ միասնաբար նախաձեռնութիւններու դիմելը հրամայական է այսօր։
Համագումարը իր աշխատանքները փակեց եզրափակիչ նիստով, ուր մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկները։
Համագումարը իր աւարտին հասաւ վեհափառին եզրափակիչ խօսքով։ Գնահատելէ ետք համագումարին թէ՛ նախապատրաստական եւ թէ ընթացիկ աշխատանքները, հայրապետը ըսաւ, որ մամուլը նուիրական արժէք է եւ համագումարին ընթացքին արծարծուած նիւթերը, որոնք բազմազան ու այլազան, այժմէական ու հրատապ էին, պէտք է իրենց շարունակութիւնը ունենան համագումարէն անդին, տարբեր միջոցներով։ Ան գնահատեց Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանազան շրջանակները ներկայացնող մամլոյ մշակներուն միատեղ ներկայութիւնը, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն է ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերը միասնաբար արծարծելու։ Ան խօսեցաւ համագումարին ընթացքին տարակարծութիւններու եւ տարբեր մօտեցումներու առողջ ձեւով քննարկման, որոնք արգելք չհանդիսացան հասարակաց մտահոգութեանց բարձրացման եւ լուծումներու առաջարկութեանց։ Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ հայ մամուլը սովորական լրատուական եւ տեղեկատուական միջոց չէ, այլ անոր առաքելութիւնը համահայկական արժէք կը ներկայացնէ, իսկ այդ մէկը կարիք ունի ազատութեան, որուն մասին բազմիցս անդրադարձ կատարուեցաւ համագումարին ընթացքին։ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ համագումարին ընթացքին բարձրացած շարք մը այլ խնդիրներու, ինչպէս՝ մամուլի որակի բարձրացման, մարդուժի, լեզուի, համահայկական հարթակ մը ստեղծելուն եւ համագործակցութեան։ Վեհափառը ընդգծեց, որ մամուլը հսկայ ներուժ է, եւ հարկ է հմուտ ըլլալ կառուցողական նպատակներ նուաճելու համար անոր օգտագործման մէջ, ու իր նշումները եզրափակեց ըսելով, որ համազգային արժէքներն ու ձգտումները պէտք է դառնան մեր միակամութեան առանցքը եւ հզօրութեան աղբիւրը։