ԶԵԿՈՒՑՄԱՆ ԱՆՓՈՓ ՆԱԽԱՓՈՐՁ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԹԻՒ։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Պատմութեան աւանդազրոյցներէ մեկնելով ոսկեդարեր, խաւարի դարեր եւ զարթօնքի շրջաններ բոլորած բազմադարեան հայ ժողովուրդը վերջին հարիւրամեակը ապրեցաւ գոյամարտի պայմաններուն մէջ։
Անցեալին բազմաբնոյթ չարիքներ յաղթահարեց հայը, մեծ եղեռնի միջոցաւ կ՛ապրի փորձանքներու մեծագոյնը՝ հայրենազրկութիւնը։ Պատմական հայրենիքի հայաթափ ըլլալով, ժողովուրդը ցիրուցան եղաւ աշխարհի չորս ծագերուն, օտար երկիրներուն։ Անհատական անվտանգութիւնը ապահովելէ անմիջապէս ետք, մարդկանց գլխաւոր մտատանչութիւնը եղաւ կառչիլ ազգային միասնութեան։ Գտնել կորած հարազատները, վերակառուցել ազգային համակարգը։ Բազմադարեան փորձառութեամբ ձեւաւորուած էր պետականութենէ զուրկ պայմաններու տակ եկեղեցւոյ ազգային միասնութեան իմաստով ստանձնած դերակատարութիւնը։ Հայը գիտակցած էր թէ ազգային միասնութեան գլխաւոր երաշխիքը եկեղեցին է։ Արդարեւ 1920-ական տարեթիւերէն սկսեալ, բազմաթիւ գաղթօճախներէ ներս սկսաւ եկեղեցաշինութեան արշաւ մը։ Տուեալ պայմաններու համապատասխան կերպով, կամ ի հիմանէ կառուցուեցան հայկական եկեղեցիներ, կամ ալ տեղւոյն եկեղեցիներէն մէկը վարձուելով ստեղծուեցաւ հայու բեկորներու մէկտեղումը ապահովող տարածքներ։
Յետ եղեռնեան շրջանին, հայրենազրկութեան պայմաններու մէջ եկեղեցին յաջողեցաւ ազգի միասնութեան առումով իր առաքելութիւնը։
Գաղթականութեան պարտադրած կարեւորագոյն մարտահրաւէրն էր բնակած երկրի տիրող լեզուին տիրապետել։ Եթէ ոչ առաջին, բայց երկրորդ եւ յաջորդող սերունդներ յաղթահարեցին ապրած երկրի լեզուին հանդէպ իմացութիւն չունենալու խոչնդոտը, փոխարէնը նօսրացնելով մայրենիի տիրապետելու յատկութիւնը։
Թէեւ եկեղեցաշինութեան արշաւին յաջորդած էր դպրոցաշինութիւնը, սակայն խիստ վիճելի մնաց անոր գերակայութիւնը սփիւռքահայ իրողութեան մէջ։ Հասարակութիւնը չէր կրցած արժանի հետաքրքրութիւնը ցուցաբերել ազգային դպրոցին հանդէպ, ինչ որ չէր զլացած ազգային եկեղեցիէն։ Յայտնի է թէ այստեղ գործեց «շահաւետութեան» ազդակը։ Մարդիկ ուսումը կը դիտէին իբրեւ աւելի բարեբաստիկ կենսամակարդակի մը անհրաժեշտութիւնը ըլլալով։ Այս պայմաններուն մէջ ալ կը դժուարանային «Հայերէնը ինչի՞ կը ծառայէ» հարցումին գոհացուցիչ պատասխան մը գտնելէ։ 1930-ական տարեթիւերուն մեծ զոհողութիւններով եւ ակնկալութիւններով բացուած հայ դպրոցները, մօտ կես դար անց, ամենուրէք կ՚ապրէին աշակերտութեան թիւի նուազում, եւ նոյնիսկ անոնցմէ շատեր կը հարկադրուէին իրենց աշխատութիւնը դադրեցնելու։ Այս նահանջի մէջ խորհրդանշական յատուկ իմաստ ունի Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը, որ երկար տասնամեակներ շարունակ կը դիտուէր որպէս սփիւռքահայութեան կարեւոր նուաճումը։
Այսօր պատմութիւն դարձած են մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, Վենետիկի Մուրատ Ռափայելեանը, Կիպրոսի Մելքոնեանը, որոնք տարածաշրջանային չէ, այլ համազգային բնոյթ ունէին։ Մխիթարեան միաբանութիւնը նոյնպէս փակեց Եւրոպայի տարածքին գործող բազմաթիւ կրթօճախներ։ Կը մխիթարուինք ԱՄՆ-ի բազմաթիւ բնակչութիւն ունեցող գաղթօճախներու, պատմական անցեալի տէր Պոլսոյ, քաղաքական մտքի որոշ զարգացում արձանագրած Միջին արեւելքի, Պարսկաստանի նման գաղութներու համեմատաբար աւելի կենսունակ կրթական կեանքով։
Սփիւռքի պայմաններու մէջ հայապահպանման երրորդ գործօնը մամուլն է։ Եթէ վերապրած հոգեւորականներ նախաձեռնողը եղան եկեղեցաշինութեան, կամ անցեալի կրթական մշակներ դպրոցաշինութեան, մտաւորականութիւնն ալ իր կարգին ձեռնարկեց ներ համայնքային եւ միջհամայնքային լրատուութեան պահանջը գոհացնելու։ Այս մասին որպէս խորհրդանշական օրինակ, կարելի է յիշել նախ Կարնայ, ապա Պոլսոյ «Յարաջ» թերթի խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանը։ Ան իր հիմնած օրաթերթը փոխադրեց Փարիս եւ երկար տարիներ ստանձնեց ֆրանսահայութեան կարեւորագոյն լրատուամիջոցի հրատարակութիւնը։
Կարելի է Շաւարշ Միսաքեանի օրինակը բազմացնել զանազան անուններով, որոնք իսկապէս ալ յետ եղեռնեան տարիներուն արդարացուցին իրենց ստանձնած կարեւոր առաքելութիւնը։ Կամուրջ հանդիսացան աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած ազգայիններու իրարու հետ մէկտեղման։ Յատկապէս յիշելու արժանի է «Հարազատները կը փնտռեն» խորագիրով հրատարակուած ծանուցումները, որոնք եթէ նկատի ունենանք Պոլսոյ օրինակը մինչեւ օրս կը պահեն իրենց նշանակութիւնը։ Ի զարմանս բոլորին այսօր իսկ կը հանդիպինք մարդկանց, որոնք իրենց կորած հարազատներու գոնէ շառաւիղները յայտնաբերելու համար կը դիմեն թերթերու խմբագրութեան։ Սակայն ինչպէս զանազան մարզերէ ներս մամուլն ալ մատնուեցաւ տարրական սխալի մը եւ իր ուշադրութեան կապը խզեց համաշխարհային, հետեւաբար ալ համամարդկային խնդիրներու հետ։
«Լրագիր» բառը բնականաբար պիտի թելադրէր լրատուութիւն։ Իսկ հայ թերթերը լրատուութիւնը սահմանափակեցին միայն ու միայն հայկական խնդիրներու մասին լրատուութեան։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ հրաժարեցան իրենց ասպարէզի թելադրած մրցակցութենէն առանց նկատի ունենալու, թէ հայ ընթերցողը եւս կարիք ունէր աշխարհի անցուդարձներէն տեղեակ ըլլալու։ Սփիւռքահայ մամուլը համաշխարհային բնոյթ ունեցող ամէն ինչ թողուց օտարալեզու լրատուութեան եւ իր առաքելութիւնը սահմանափակեց լոկ հայեցի կամ հայոց հետաքրքրող խնդիրներուն։ Իրականութեան մէջ պարզուածը միայն մամուլին կամ մեր թերթերու խնդիրն չէր, այլ ընդհանրապէս հայ քաղաքական մտքի հետեւանքը։
Այսպէս սխալը իր հետ բերաւ նոր սխալներ, որու հետեւանքով օրըստօրէ տկարացաւ նաեւ հայատառ թերթի արժանի եղած ուշադրութիւնը։ Անշուշտ որ անդին կան բազմաբնոյթ զանազան խնդիրներ, սակայն այս մէկը կը մնայ գլխաւորը։ Քանի որ այստեղ կայացող բացթողումը կը սպառնայ նոյն ինքն «լրագիր» բառի նշանակութեան։
Ներկայ ժամանակները կը պարտադրեն ու կը թելադրեն համամարդկային հայեացք եւ հայու վերաբերեալ բոլոր խնդիրները տեսնել ու ընկալել այդ համամարդկայինին մէջ։
Անվիճելի իրողութիւն է, թէ աշխարհ հասած է բոլոր ժամանակներու ամենափոքր ծաւալին։ Այլեւս ոչ ոք իրաւունք ունի եւ նոյնիսկ հնարաւորութիւն ունի մեկուսանալու իր յատուկ աշխարհին մէջ։ Հետեւաբար հայ մամուլն ալ պարտաւոր է իր ուշադրութիւնը սեւեռելու համաշխարհային զարգացումներուն եւ այդ զարգացումներու մէջ բնութագրելու հայուն յատուկ բոլոր խնդիրները։ Վերջապէս գիտակցելու ենք, թէ հայկական պահանջատիրութիւնը պարտինք պատմել ո՛չ թէ մենքզմեզ, այլ օտարին։ Որքան ատեն որ պիտի թերանանք հայ մամուլը լրագիրի հասկացողութիւնով օժտելու, նոյն համեմատութեամբ ալ պիտի մատնուինք ուժասպառութեան եւ հետզհետէ անպիտանիութեան փորձանքին։