17 Մայիսին ՍԾՏՀԿ Հայաստանի ներկայացուցչութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան շքանշանի տուչութիւն։ Իրենց ազգային աշխատութիւններով գնահատուած էին Մարիամ Տրամերեանը, Սարգիս Գիւլեկեչը եւ Արթիւր Պաղտասարեան։ Այս առթիւ Զրուցեցինք համայնքիս ծանօթ երգիչ եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Արթիւր Պաղտասարեանի հետ։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Մենք պոլսեցիներ քեզ կը ճանչնանք, բայց ինքզինքդ քիչ մը կրնաս պատմել։ Ո՞ւր ծնած ես, ո՞ր դպրոցներէ եւ համալսարանէ շրջանաւարտ ես։
1983 թուականին ծնած եմ Իսթանպուլ։ Նախնական ուսումս ստացած եմ Գարակէօզեան, Տատեան եւ Սահակեան Նունեան Վարժարանները։ Ապա Հայաստան գացի եւ համալսարանական ուսումս ստացայ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը։
Երաժշտանոցէն շրջանաւարտ եղայ «Մագիստրոս», «Օփերայի երգիչ», «Մեներգիչ», եւ «ուսուցիչ»ի կոչումներով։
Համալսարանի դասատուներս եղած են Փրօֆ. Վալերի Յարութիւնեան եւ Դաշնակահարուհի Փրօֆ. Մարգարիտ Սարգսեանը։
Ասկէ առաջ մրցանակ շահած ե՞ս։
Այո։ Երաժշտութեան սկսած եմ 6 տարեկանին եկեղեցական երգչախումբերով։ Իսկ 1996 թուականին Սայաթ-Նովա երգչախումբի Սիրվարդ Գարամանուկի անուան կազմակերպած մրցումին առաջին տեղը գրաւեցի։ Մրցոյթի շահոյթն էր Սիրվարդ Գարամանուկէն դաշնակի դասեր։ Այդ դասընթացքին յաճախեցի մինչեւ իր կեանքի վերջը։
2006 թուականին Տաթեւիկ Սազանդարեանի Մրցոյթի «Յատուկ Մրցանակ», 2007 թուականին Կոմիտասի անուան Համահայկական մրցոյթին ալ առաջին մրցանակը նուաճած եմ։
Քանի՞ գիրք հրատարակեցիր։ Այս գիրքերու բովանդակութեան մասին քիչ մը տեղեկութիւն կրնաս տալ։
Երկու գիրքեր հրատարակած եմ։ Առաջինը «Սօլֆէժի Դասը», որ կը պարունակէր մանկական երգեր դաշնակի համար։ Ձօնուած էր Սիրվարդ Գարամանուկի մահուան երկրորդ տարելիցին։ Իսկ երկրորդը «Մեղեդի»։ Իսթանպուլի մէջ 100 տարի յետոյ տպուած ձայնանիշերով երգարանն էր, որ Պատրիարքարանի Համբարձումեան Մատենաշարէն լոյս տեսաւ։
Գիրքը կը պարունակէր զանազան երգեր ու երգահաններու կեանքերը հայերէն ու Անգլերէնով։ Իսկ երգերուն լատինատառ հայերէններն ալ հետը։ Սոյն գիրքը ձօնուած է Սիրվարդ Գարամանուկի ծննդեան 100-ամեակին։
Թուրքիա եւ Հայաստանէ զատ այլ երկիրներ համերգներ ունեցա՞ծ ես։
Այո։ Գերմանիոյ Պերլին քաղաքի մէջ Կոմիտասի անուան առաջին փառատօնի բացման համերգը։ Երաժիշտ Էտուին Կալիպեանի հետ Քօլնի Հայկական օրերուն, Հանաուի մէջ Հոգեւոր համերգ։ Նոյնիսկ Շթութթկարտի Հայկական օրերու բացման համերգները ես սարքած եմ։
19 Ապրիլին Կոմիտասի անուան շքանշանը շահեցար։ Ի՞նչպէս տեղեկացար եւ ինչ յուզումներ պատճառեց քեզ։
Ինծի համար մեծ յուզմունք պատճառեց։ Կոմիտասը իմ կեանքի ընթացքին մեծ դեր ունի։ Մանաւանդ Պոլսոյ մէջ 9 տարիէ ի վեր «Խորը Մթութեան մէջ Կոմիտաս» ծրագիրով օտարներուն փորձեցի տարածել ու ծանօթացնել Կոմիտասի երգը։ 150-ամեակին Կոմիտասի շքանշանով մը պարգեւատրուիլը անբացատրելի հրճուանք պատճառեց։
Զիս հրաւիրեցին 17 Մայիս ժամը 10-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան ներկայացուցչութիւն։ Անակնկալ էր ինծի համար։ ՀՀ Ներկայացուցիչը շքանշանը յանձնեց։ Նոյն օրը Մարիամ Տրամերեանը ու Սարգիս Գիւլեկեչը եւս ստացան Նախարարութեան մետալները, իբրեւ գնահատութիւն իրենց ազգային ծառայութեան։
Ուսումդ աւարտելէ ետք յաճախ Հայաստա՞ն կ՚երթաս։ Քիչ մը քու Հայաստանի նկատմամբ զգացումներդ կրնանք իմանալ։ Ի՞նչ է Երեւանը քեզ համար։ Ինչո՞ւ մանաւանդ հոն ուսանելու գացիր։
Այո։ Յաճախ կ՚երթամ մանաւանդ համերգներով։ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած փառատօներուն մեներգիչ ըլլալով։ Յատուկ Համերգներով Բարերար Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի միջնորդութեամբ Ռոզա Ծառուկեանի հրաւէրով «Ծառուկեան» հիմնադրամի հովանիի ներքոյ հոգեւոր համերգով, իսկ վերջինը Մկրտիչ Սէրթշիմշեքի հովանաւորութեամբ՝ Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած համերգով մը։ Ես Հայաստանը կը նկատեմ մեծ հասունացած երկիրս։ Երեւանը ինձ համար երազ քաղաք մըն է։ Մշակոյթով լեցուն արուեստով լի քաղաք մը։
Սիրվարդ Գարամանուկի քաջալերութեամբ ընտրեցի Հայաստանը։ Երաժշտական ուսման մակարդակի առումով ընտրեցի։
Գիտենք քանի մը տարի Գերմանիա պաշտօնավարեցիր։ Հիմա, ո՞ւր եւ ի՞նչ գործերով կը զբաղուիս։
2010 թուականին Նախկին Առաջնորդ Գարեգին Սրբազան Պէքճիեանի հրաւէրով Հեսսընի Հայ համայնքներու Երգչախումբերու վարիչ աշխատեցայ։ 2013 թուականին վերադարձայ եւ պսակուեցայ Դալար Շիլելեանի հետ։
Այժմ կը դասաւանդեմ Եշիլգիւղի Հայոց Վարժարանի, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն Վարժարանի ու Մօր Էֆրեմ Ասորի մանկապարտէզի մէջ երաժշտութեան ուսուցիչ ըլլալով։ Կան նաեւ Անհատական դասեր։
Էտուին Կալիպեանի հետ միասին մեր համերգներու ծրագիրները կը շարունակենք։