Դգալ մը պատմութիւն
Երեւանի Ֆիրդուսի փողոցի շուկայի առեւտուրէն յոգնած աշակերտներով կը նստինք Վերնիսաժի մօտ բացօթեայ թէյարանի մը մէջ։ Կ՛ապսպրենք թէյ։ Շատերը առանց շաքարի կը նախընտրեն իրենց թէյը։ Սակայն, Բեկորն ու Նարօտը մատուցողէն կը խնդրեն, որ շաքար ալ բերէ։ Շուտով կու գայ թէյը եւ փոքրիկ ամանի մը մէջ ալ՝ շաքարներ- այն տեսակէն, որ ծրարուած կ՛ըլլան փայլուն գունաւոր թուղթերու մէջ եւ հիւրերուն կը հրամցնենք։ Մատուցողը կը կռահէ, թէ ինչո՛ւ զարմացած ենք։ Բառագիտական նրբութիւն մը կը թելադրէ. «Շաքարաւա՛զ... Խնդրում եմ, ասացէ՛ք շաքարաւազ»։ Իրաւունք ունէր երիտասարդը։ Այն ինչ, որ մեզի պէտք էր՝ «աւազ» էր. դգալ մը աւազ՝ սպիտակ ու քաղցր։ Ստուգաբանութիւնը կը հասնի օգնութեան ու կը յիշեցնէ, թէ «շաքար» բառը բուն կը նշանակէ «աւազ»։ Հետեւեալը «շաքար» բառի դգալ մը պատմութիւնն է, դարերու ընթացքին անուշցած։
- Պարոն, Նարեկն ու ես Հենրիկ Մխիթարեանի շապիկ պիտի փնտռենք։ Չենք ուշանար։
Երբ Քրիստոսէ առաջ 326 թուականին Մեծն Աղեքսանդրի փաղանգները հասան Հնդկաստան, զինուորները տեսան, թէ տեղացիները Ինտուս գետի մօտ անուշահամ եղէգ մը կը մշակեն... Այդ բոյսը Յունաստան եկաւ Մակեդոնացիներու նահանջող բանակի հետ ու հազար տարի հոն պաշտպանուած մնաց ազնուականներու եւ մեծահարուստներու կողմէ։ Հինգերորդ դարուն արեւելքի մէջ յաջողեցան անոր հիւթը բիւրեղացնել ու հատիկներու վերածել։ Հեռաւոր արեւելքի կղզիներու մէջ զայն անուանեցին «սաքխարա», իսկ Հնդկաստանի մէջ՝ «շարքարա», սանսկրիտ բառ, որ կը նշանակէ՝ «խիճ, խոշոր աւազ»։ Եղէգը իր անունին հետ, արտադրութեան եւ փոխադրութեան նոր միջոցներու շնորհիւ, դուրս ելաւ Հնդկաստանի սահմաններէն։ Ուստի, «շաքար» բառի համաշխարհայնացումը զուգահեռ է նիւթի արտածման հետ։ Այնուհետեւ, շաքարը խոհանոցէ խոհանոց սկսաւ տարածուիլ ու ամբողջ աշխարհին համ տալ։ Նախ հասաւ Պարսկաստան ու դարձաւ «շաքար» կամ «շաքքար», Հայաստանի մէջ՝ «շաքար», Յունաստանի մէջ նախ «սաքհարիս», այժմ «զախարի», Միջագետքէն հարաւ՝ «շէքիր», «աս-սուքար», «շէքար» եւ «շէքէր», Կովկասէն հիւսիս՝ «շաքարի»։ Իսկ 12-րդ դարուն արկածախնդրական բանակի մը արշաւանքները պատճառ եղան, որ բառը նուաճէ նոր երկիրներ եւ նոր քիմքեր- խաչակիրներն էին անոնք, որոնք ուտելիքները եւ խմելիքները քաղցրացնելու համար վարժ էին մեղրը գործածելու։ Անոնք երբ Սուրբ Երկիր հասան, տեսան կարաւաններու վրայ փոխադրուող «քաղցր աւազը»։ «Շաքար» բառը անոնց հետ հասաւ լատինացի լեզուներ խօսող երկիրներ։ Այդ երկիրներու մէջ «շաքար»ին համը փոխուեցաւ- իր «շ» նախաձայնը դարձաւ «զ»- իտալերէն՝ «զուքքէրօ», ֆրանսերէն՝ «զուքրէ»։ Սպաներէն «ազուքար» եւ փորթուկալերէն «ասուքար» բառերը փոխառութիւններ են արաբերէնէ եւ կը պահեն անոր որոշիչ յօդը։
Այս շահաբեր ապրանքը Վենետիկի եւ Ճէնովայի առագաստանաւերու վրայ ճամբորդելով՝ հասաւ նաեւ հիւսիսային լեզուներ- գերմաներէն՝ «զուքեր», անգլերէն՝ «շուկըր»՝ ուր վերստին տիրացաւ իր «շ» նախաձայնին։
Շաքար բառի հայկական հնագոյն բացատրութիւններէն մէկը կը գտնենք միջնադարեան բժշկարանի մը մէջ. «Հոյզն հնդկային եղեգան՝ ազնիւ քան զամենայն քաղցրահամ նիւթս, անոյշ որպէս զխորիսխ մեղու»։ Այս նրբամարմին արմատը աւելի քաղցրացաւ, երբ անոր վրայ հատիկ հատիկ աւելցան բարբառային՝ համեր- Ալաշկերտի մէջ ան «շակար» էր, Հաճընի մէջ՝ «շաքօյ», իսկ զէյթունցիներու մօտ՝ «շանքօյ, շանքոր»։ Երբ այլեւս ունէինք «շաքար» բառը, մօտաւորապէս 7-րդ դարուն, ապա սկսանք ցանել եղէգնաշաքար, պատրաստել շաքարեղէններ եւ շաքարամաններ շինել։ Ունեցանք նաեւ շաքարագործ մշակներ, շաքարաբերան հռետորներ, շաքարաշուրթն երգիչներ, շաքարալեզու շաքարավաճառներ եւ տօնական շաքարանուշներ։ Եթէ դուք, յարգելի ընթերցող, կը կարծէք, թէ վերջինն է ամենէն զգլխիչը, համտեսեցէք շաքարօղին։ Փորձանք էր նաեւ շաքարը, որ երբեմն կը դառնար «շաքարախտ»։ Մեր լեզուն ապա ունեցաւ նոր շաքարաշերտ մը՝ այսինքն դարձուածքները։ Անին կը մօտենայ ու «խօսքը շաքարով կը կտրէ».
- Պարոն, մենք աղջիկներով յուշանուէրներ պիտի նայինք։ Չենք ուշանար։
«Շաքար» բառը,- աշուղներն են մեղաւոր-, միջնադարեան տաղասացութեան մէջ դարձաւ շրթունք եւ լեզու։ Անուանի կամ անանուն բազմաթիւ տաղասացներ գրի առին անուշ տողիկներ, ինչպէս՝ «Այդ գեղեցիկ պատկեր ունիս, երես ունիս կարմիր վարդի, շրթնքէդ շաքար կու կաթի», «Մտիկ իմ եարին արէք, որ նուշ ու շաքար կու ծախէ»։ Վանեցի Նահապետ Քուչակը, որ կասկած չկայ, թէ կը վայելէր «շաքար Վանի», օր մը կը տեսնէ «ընտանի կաքաւ» ու կը հիանայ. «...Օնքն էր ղալամով քաշած, եւ իր բերանն շաքարով ի լի»։ Մէկ այլ օր նորէն կը տեսնէ այդ կաքաւը։ Երանի կու տայ անոր տիրոջ ու կը գովէ զայն. «Պըռկիկըն (շրթունք) շաքար մաղէր, շունչըն դեղ էր շատ հիւանդի»։ Հայոց լեզուի շաքարամանին մէջ դգալ մը շաքարահամ տողիկ աւելցուց նաեւ Սայաթ Նովան. «Լիզուդ՝ շաքար, պըռօշըդ՝ ղանդ, ակռէքըդ մարգրիտ, ալմաս է», «Լեզուդ՝ շաքար, շուրթդ՝ մեղր, ակռեկքդ մարգրիտ-ալմաս է», «Խօսքիրըդ՝ քաղցըր, լիզուդ՝ շաքար՝ շարթի միջումըն»։ Երզնկացի Յովհաննէս տաղասացը գրի առաւ գեղեցկուհիի գովքը՝ փառաբանութիւնը. «Շաքար ու շիրին շրթունք, եթէ՝ լի գունով ծաղկունք, թուխ աչեր ու կամար ունք...»։ Ան նաեւ հնարեց «շաքարաբերան բլբուլ» գրական պատկերը։ Իսկ Գրիգորիս Աղթամարցին, որ բանաստեղծ էր, գրիչ եւ աստուածաբան ու 1512-1544 թուականներուն Ախթամարի կաթողիկոսը, թանաքով նկարագրեց մէկ այլ պաշտելի կին. «Լեզուդ տապարզի շաքար, քո շրթունքըդ վարդի թերթ է»։ Յարգելի ընթերցող, այս տաղը նուիրուած է ո՛չ թէ յարին, այլ՝ Մարիամ Աստուածածնին...։ 1800-ականներուն Աշուղ Ճիւանիի քամանչան գովեց անուշ խօսքը՝ վատի դէմ.
«Անուշ լեզուն շաքարահամ,
Օձին կը լինի բարեկամ»
Մեր օրերուն շաքարը կը մնայ շահաւէտ։ Մայրաքաղաքի մայթերու վրայ լսեր էինք, թէ հայրենիքի մէջ կայ նոր բառակապակցութիւն մը՝ «շաքարի արքայ»։ Բոլորս ուրախացեր էինք, թէ ամէն հայրենակից իր չափով կ՚օժանդակէ լեզուի զարգացման։ Կը լսէինք նաեւ, թէ Պոլսոյ մէջ նորափթիթ բանաստեղծուհի մը կը զգուշացնէր իր սիրած տղուն, ըսելով, թէ ինք «ծամոց» չէ.
Շաքարահամս կը լեցնէ բերանդ
ու կը փճացնեմ ակռաներդ։
Քեզի մեղք կ՚ըլլայ,
փտած ակռայով կը մնաս...
- Մենք վերադարձանք, պարոն։
- Թէյ մը կը խմէ՞ք։
- Բոլորս ալ։
- Կը ներէք... Մեզի չորս թէյ կրնայի՞ք բերել... Շաքարաւազով։
Երբ շաքարը դգալներու շարժումով կը սկսի լուծուիլ թարմ թէյերու մէջ, քաղաքի այս գողտրիկ անկիւնի օդին կը խառնուի ձայնասփիւռէն բխող անուշաձայն հին մեղեդի մը.
Նաբաթ ասեմ, թէ,
Շաքար ասեմ, թէ,
Ի՜նչ, ի՜նչ ասեմ, անուշիկ եարիս։