Հայեր Տիգրանակերտի հիւրերը չեն

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ

Ան­նա­­խադէպ­­ներ կ՚ապ­­րո­­­ւին Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան պատ­­մութեան մէջ։ 24 Յու­­նիս թո­­ւակա­­նին կա­­յանա­­լիք հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հի ընտրու­­թեան թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րէն մին բան­­տի մէջ է։ Բան­­տախցի­­կէն կը տա­­նի ընտրար­­շա­­­ւը։ Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րուն բան­­տարկու­­թեան դէմ առար­­կութիւ­­նը «խոյս տա­­լու հա­­ւանա­­կանու­­թիւն ու­­նի» պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ մեր­­ժո­­­ւեցաւ դա­­տարա­­նի կող­­մէ։

Տե­­միր­­թաշ 2014-ի նա­­խագա­­հական ընտրու­­թիւննե­­րուն եւս մաս­­նակցած ու մօտ 4 մի­­լիոն ձայ­­ներ հա­­ւաքած էր։ 7 Յու­­նիս 2015-ին իր գլխա­­ւորած ՀՏՓ ձայ­­նե­­­րու 13 տո­­կոսը ստա­­նալով խորհրդա­­րանի մէջ ու­­նե­­­ցաւ 81 պատ­­գա­­­մաւոր։ Իշ­­խող Ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ Զար­­գա­­­ցում կու­­սակցու­­թիւնը հիմ­­նարկու­­թե­­­նէն ի վեր առա­­ջին ան­­գամ զրկո­­ւեցաւ առան­­ձինն կա­­ռավա­­րու­­թիւն կազ­­մե­­­լու առի­­թէն։

Տե­­միր­­թաշ ձեր­­բա­­­կալո­­ւեցաւ 4 Նո­­յեմ­­բեր 2016-ին։

Նա­­խագա­­հական թեկ­­նա­­­ծուն «Ակօս»ին հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նեց Էտիր­­նէի բան­­տէն։

 

Ույկար Կիւլթե­­քին- Ի՞նչ տպա­­ւորու­­թիւն է բան­­տի մէջ պատ­­րաստո­­ւիլ ընտրու­­թեան։ Ի՞նչպէս կանցնի ձեր առօ­­րեան։

Սե­­լահատ­­տին Տե­­միր­­թաշ- ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան դէմ ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան հա­­մակար­­գի ալ գոր­­ծակցու­­թեամբ կա­­տարող քա­­ղաքա­­կամ գոր­­ծո­­­ղու­­թեան դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը 7 Յու­­նիս 2015-ի ընտրու­­թեան յա­­ջողու­­թիւնն է։ Այդ թո­­ւակա­­նէն ցայ­­սօր կու­­սակցու­­թեան բազ­­մա­­­հազար գոր­­ծիչներ ձեր­­բա­­­կալո­­ւեցան եւ դուրս բե­­րուե­­ցան քա­­ղաքա­­կան մրցակ­­ցութե­­նէն։ Նմա­­նապէս ես եւս քա­­ղաքա­­կան նպա­­տակ­­նե­­­րով պա­­տանդ վեր­­ցո­­­ւած եմ։ Նման պայ­­մաննե­­րու տակ նա­­խագա­­հու­­թեան թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը պա­­տուի եւ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան խնդիր է։ Դա­­տարա­­նին ձեր­­բա­­­կալու­­թեանս հան­­դէպ կա­­յացու­­ցած որո­­շու­­մը ամօ­­թալի խայ­­տա­­­ռակու­­թիւն մըն է որ, եր­­կար տա­­րիներ պի­­տի յի­­շուի Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան պատ­­մութեան մէջ։ Ի դէմ այդ ամօ­­թի հե­­ղինակ­­նե­­­րուն, մեծ եռան­­դով, ոգե­­ւորու­­թեամբ կաշ­­խա­­­տիմ ընտրար­­շա­­­ւին զօ­­րակ­­ցե­­­լու հա­­մար։ Խիստ խտա­­ցեալ աշ­­խա­­­տու­­թիւն մը կը պա­­հան­­ջէ բան­­տի զրկանքնե­­րը։

ՈՒ.Կ. – Բան­­տի պայ­­մաննե­­րուն մէջ ձե­­զի յա­­տուկ ճնշումներ կ՞ան։

Ս.Տ. – Ո՛չ, ին­­ծի յա­­տուկ ճնշումներ չկան, Բան­­տը ինքնին ճնշող մի­­ջավայր է ար­­դէն։

ՈՒ.Կ. – Խիստ վի­­ճելի էին 16 Ապ­­րիլ 2016-ի հան­­րա­­­քուէի ար­­դիւնքնե­­րը։ 24 Յու­­նի­­­սի ար­­դիւնքնե­­րուն մա­­սին հա­­ւանա­­կա՞ն է նման զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւններ։

Ս.Տ.- Այս մա­­սին բո­­լոր կու­­սակցու­­թիւննե­­րը, կա­­մաւոր­­ներ եւ իրա­­ւագէտ­­ներ պար­­տա­­­ւոր են կան­­խա­­­միջոց­­ներ ստեղ­­ծե­­­լու։ Եթէ զա­­նազան կու­­սակցու­­թիւննե­­րէ 5 կամ 6 հսկիչ­­նե­­­րու կող­­մէ հսկո­­ւած ընտրա­­­տարած­­քի մը մէջ ժո­­ղովուրդի քո­ւէնե­­րը կը գող­­ցո­­­ւին, այս ոչ թէ գո­­ղերու ճար­­պի­­­կու­­թիւնը կ՚ապա­­ցու­­ցէ, այլ հսկող­­նե­­­րու ան­­ճա­­­րակու­­թիւնը։ Չհասկցա՛յ, մեր քո­­ւէնե­­րը իշ­­խող կու­­սակցու­­թի՞ւնը պի­­տի պաշտպա­­նէ։ Հե­­տեւա­­բար բո­­լորը պէտք է իր քո­­ւէնե­­րուն պաշտպան ըլ­­լայ եւ ընտրու­­թեան աւար­­տին ալ պատ­­րո­­­ւակ­­ներ չներ­­կա­­­յաց­­նէն։

ՈՒ. Կ. – Կը սպա­­սէիք այսքան կա­­նուխ ընտրու­­թիւն մը։ Հան­­րա­­­պետա­­կան դա­­շին­­քը ին­­չո՞ւ այսքան աճա­­պարեց։

Ս.Տ. – Կ՚ակնկա­­լէինք թէ ընտրու­­թիւնը կը կա­­տարո­­ւի Սեպ­­տեմբեր կամ Հոկ­­տեմբեր ամիս­­նե­­­րուն։ Կ՛երե­­ւի տնտե­­սական ճգնա­­ժամը զի­­րենք պար­­տադրեց աւե­­լի կա­­նուխ թո­­ւակա­­նի մը։ Հա­­կառակ պա­­րագա­­յին երկրի տնտե­­սու­­թիւնը կրնար կոր­­ծա­­­նիլ։ Այդ վտան­­գը տա­­կաւին ալ առ­­կայ է։ Ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ Զար­­գա­­­ցում ու Ազ­­գա­­­յին Շար­­ժում կու­­սակցու­­թիւննե­­րուն մէկ­­տե­­­ղու­­մով գո­­յացած Հան­­րա­­­պետա­­կան Դա­­շին­­քը կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւնով կ՚ու­­զէ ճգնա­­ժամին ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը նո­­ւազա­­գոյն մա­­կար­­դա­­­կի իջեց­­նել։

ՈՒ. Կ. – Ընտրու­­թե­­­նէ ետք ի՞նչ կակնկա­­լէք։ Իշ­­խող կու­­սակցու­­թիւնը եթէ կորսնցնէ խորհրդա­­րանի մէջ մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը, նոր կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւն մը հա­­ւանա­­կա՞ն է։

Ս. Տ. – Ամէն ինչ կա­­րելի է։ Ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան ու­­ժե­­­րը միշտ պատ­­րաստ ըլ­­լա­­­լու են քա­­ղաքա­­կան պայ­­քա­­­րի նոր հանգրո­­ւան­­նե­­­րուն։ Նոր կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւնն ալ չի կրնար փրկել դէ­­պի ան­­կումի գա­­ցող ԱԶԿ-ն։ Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թեան պար­­տութիւ­­նը ան­­խուսա­­փելի է։ Բաւ է որ մենք ամուր կառ­­չինք պայ­­քա­­­րին եւ յոյս ներշնչենք ժո­­ղովուրդին։

ՈՒ. Կ. – Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդավար­­կան կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու ցան­­կե­­­րուն մէջ աջ­­քի կիյ­­նան ձա­­խակող­­մեան անուններ։ Դուք նա­­խապէս տե­­սած էի՞ք ցան­­կե­­­րը։ Առա­­ջարկներ ու­­նե­­­ցա՞ք։ Մե­­տիայի շրջա­­փակու­­մով հան­­դերձ 7 Յու­­նի­­­սեան տրա­­մադ­­րութիւն մը կը նկա­­տէ՞ք։

Ս. Տ. – Ի դէմ թե­­րու­­թիւննե­­րու կամ ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թիւննե­­րու առ­­կա­­­յու­­թեան, մեր կու­­սակցու­­թիւնը կը ներ­­կա­­­յանայ ամեն­­բազմե­­րանգ եւ յու­­սադրիչ ցան­­կով։ Նա­­խապէս տե­­սած էի ցան­­կը, որուն հա­­մար մի­­ջամ­­տութիւն մը չու­­նե­­­ցայ։ Եւ ար­­դէն ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան սկզբունքնե­­րու առու­­մով ճիշդ ալ չէր ըլ­­լար նման մի­­ջամ­­տութիւ­­նը։ Ոչ անուննե­­րու բայց ըն­­կա­­­լումնե­­րու առու­­մով ցուցմունքներ ու­­նե­­­ցայ։ Յա­­ջողու­­թիւն կը մաղ­­թեմ մեր բո­­լոր թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րուն։ Այս պայ­­մաննե­­րու մէջ զուրկ եմ դուրսի տրա­­մադ­­րութիւ­­նը զգա­­լէ, բայց լսումներ կան 7 Յու­­նի­­­սի հո­­գեբա­­նու­­թեան զարթնու­­մի մա­­սին։ Յու­­սամ որ այդպէս ալ ըլ­­լայ։

ՈՒ. Կ. – Հա­­ւանա­­կան է նաեւ որ Էր­­տո­­­ղան նա­­խագահ ընտրո­­ւի եւ իշ­­խող կու­­սակցու­­թիւնն ալ խորհրդա­­րանի մէջ ապա­­հովէ ձայ­­նե­­­րու մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը։ Նման զար­­գա­­­ցու­­մի դի­­մաց ի՞նչ հե­­ռան­­կարներ ու­­նիք։

Ս. Տ. – Ինչ որ ալ ըլ­­լայ ընտրու­­թեան ար­­դիւնքը, մենք առանց քայլ մը իսկ նա­­հան­­ջե­­­լու կը շա­­րու­­նա­­­կենք մեր քա­­ղաքա­­կան պայ­­քա­­­րը։

ՈՒ.Կ.- Որ­­պէս վեր­­ջին հար­­ցում կու­­սակցու­­թիւնը Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը առա­­ջար­­կեց Տի­­յար­­պե­­­քիրէն։ Դուք ինչպէ՞ս կը գնա­­հատէք հայ պատ­­գա­­­մաւո­­րի մը Տի­­յար­­պե­­­քիրի թեկ­­նա­­­ծու ըլ­­լա­­­լը։

Ս. Տ.- Կա­­րօն Տի­­յար­­պե­­­քիրին, Տի­­յար­­պե­­­քիրն ալ Կա­­րօին շատ կը վա­­յելեն։ Քա­­ղաքի կեդ­­րո­­­նը ան­­ցեալին ու­­նե­­­ցած է բազ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին յատ­­կութիւն։ Այդ դի­­մագի­­ծը պահ­­պա­­­նուած է մին­­չեւ հան­­րա­­­պետու­­թեան առա­­ջին տա­­րինե­­րը։ 1915-ի Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն ետք քա­­ղաքի այդ յատ­­կութիւ­­նը ցի­­րու­­ցան եղաւ։ Մին­­չեւ 1980-ական տա­­րեթի­­ւեր Տի­­յար­­պե­­­քիրի Սուր թա­­ղամա­­սին մէջ հայ ըն­­տա­­­նիք­­ներ կ՚ապ­­րէին։ Ես իմ ման­­կութեան տա­­րինե­­րէս ան­­գամ կը յի­­շեմ այս երե­­ւոյ­­թը։ Բայց 80-ական, 90-ական տա­­րեթի­­ւերու ճնշու­­մի եւ տան­­ջանքնե­­րու մի­­ջավայ­­րին մէջ այդ վեր­­ջին հա­­յերն ալ ստի­­պուե­­ցան իրենց հայ­­րե­­­նի քա­­ղաքը լքե­­լու։ Սա ինքնին ող­­բերգու­­թիւն մըն էր։ Հա­­յեր Տի­­յար­­պե­­­քիրի հիւ­­րե­­­րը չէ այլ տե­­ղացի­­ներն էին։ Կա­­րօի Տի­­յար­­պե­­­քիրի պատ­­գա­­­մաւոր ըլ­­լա­­­լը այդ վշտոտ պատ­­մութեան փո­խան­ցո­ւած խիստ իմաս­տա­լի պա­տաս­խան մըն է։ Վստահ եմ որ Տի­յար­պե­քիրի ժո­ղովուրդը այս պատ­մա­կան գի­տակ­ցութիւ­նով գրկա­բաց պի­տի ըն­դունի Կա­րօին։ Իսկ Կա­րօ ար­դէն Տի­յար­պե­քիրի օտար մէ­կը չէ։ Կը հա­ւատամ, որ տեղ­ւոյն երի­տասար­դութեան հետ շատ լաւ յա­րաբե­րու­թիւններ պի­տի ու­նե­նայ եւ լա­ւագոյն կեր­պով պի­տի ներ­կա­յաց­նէ իր կու­սակցու­թիւնը։ Յաջողութիւններ կը մաղթեմ իրեն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ