ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը նախապէս իրեն պատկանող կալուածներու վերատիրանալու համար դիմած է Սահմանադրական ատեան։ Պատրիարքարանը Պոլսոյ մէջ ունէր բազմաթիւ կալուածներ, որոնք 1973 թուականէն ետք գրաւուած էին պետութեան կողմէ։ Երուսաղէմի պատրիարքարանը այդ գրաւումներու դէմ իրաւական պայքար տարած էր Թուրքիոյ զանազան դատարաններէն ներս։ Սակայն իր բոլոր դիմումները ապարդիւն մնացած էին, որուն հետեւանքով Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեան, իբրեւ վերջին օրինական մարմին դիմած է Սահմանադրական ատեանի։
Թուրքիոյ իշխանութիւնները անցեալին վերջ տուած էին պատրիարքարանը ներկայացնող Սուրբ Յակոբի անուան հիմնարկի օրինական գոյութեան։ Նշենք որ Երուսաղէմի պատրիարքարանը եւ Սուրբ Յակոբ հիմնարկը իրականութեան մէջ նոյն մարմինն են, քանի որ պատրիարքարանի պաշտօնական անուանումին մէջ անգլերէնով պիտի յիշուիSaint James եւ արաբերէն Մար Յակոբ անուններով։ Բացի այս օրուայ պատրիարքը կ՚ընդունուի որպէս հիմնադրամի նախագահ։ Երեւոյթ մը, որ այնքան ալ հասկնալի չի թուիր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որոնք պաշտօնապէս լուծարքուած կը համարեն սոյն հիմնադրամը։
Այս մասին պատրիարքարանի իրաւապաշտպան Ալի Էլպէյօղլու դիտել կու տայ, թէ կարելի չէ Սուրբ Յակոբի հիմնարկը լուծուած համարել, մանաւանդ երբ ան կը պահէ իր գոյութիւնը այս անուանումով միջազգային իրաւական գետնի վրայ։ Մնաց որ Երուսաղէմի պատրիարքարանը արտերկրեան հաստատութիւն մը ըլլալով Թուրքիոյ իշխանութիւնները չեն կրնար անոր գոյութեան մասին վճիռ արձակել։ Փաստաբանի փոխանցած տեղեկութիւններով յայտնի կը դառնայ թէ Նուրհան պատրիարք սեփականութեան իրաւունք կը պահանջէ աւելի քան 100 միաւոր կալուածներու վրայ եւ այդ պահանջատիրութիւնը յետայսու կ՚ակնկալուի Սահմանադրական ատեանէն։
Վերջերս այս դատերու վերաբերեալ թղթածրարներու քննարկման նպատակով Նուրհան պատրիարք այցելած էր քաղաքս եւ հանդիպումներ ունեցած փաստաբան Էլպէյօղլուի հետ։ Պատրիարքի այս այցելութիւնը կասկածեալ եւ առեղծուածային մեկնաբանուած էր «Ժամանակ» օրաթերթի կողմէ, որուն լրատուութեան դէմ պատրիարքարանը փաստաբանի միջոցաւ հրատարակեց հերքում մը, փոխանցելով զանազան մանրամասնութիւններ թէ Նուրհան պատրիարքի այցելութեան եւ թէ շարունակուող գործընթացի մանրամասնութիւններու շուրջ։