Երկրէ ներս սովորական երեւոյթ դարձած է իւրաքանչիւր առաւօտ բերման ենթարկելու նոր լուրով մը օրուան սկսիլ։ Առհասարակ քաղաքական բնոյթով կատարուած այդ բերման ենթարկումները յաջորդող մէկ-երկու օրերու ընթացքին կը վերածուին ձերբակալութեան։
Այսպէսով կը սկսի իշխող կառավարութեան համար ընդդիմադիր համարուողները պատժելու գործընթաց մը։ Ձերբակալութիւնը ինքնին պատժամիջոց մը դարձած է մինչեւ դատական առաջին նիստը, ենթական ազատազրկելով։
Թուրքիա անցեալին այս երեւոյթը ապրած էր 12 Սեպտեմբեր 1980-ին, զինուորական յեղափոխութենէ ետք։ Այդ ժամանակ ալ բիւրաւոր մարդիկ բանտարկուած եւ ձերբակալութեան պայմաններուն մէջ ենթարկուած էին անհաւատալի տանջանքներու։ Մահուան բազում դէպքեր արձանագրուեցան այդ տանջանքներու հետեւանքով։ Թէեւ այս պահուն այդքան յաճախ չի խօսուիր տանջանքներու նիւթով, բայց անոնց գոյութիւնն ալ երբեւիցէ չէ բացառուած։
Յայտնի չէ թէ երկրի քաղաքական դաշտը հետզհետէ ճակատումներու տանող այս քաղաքական ռազմավարութիւնը ո՞ւր կը հասնի, կամ ե՞րբ կանգ կ՚առնէ։
Տիրող երեւոյթը արգելակները փճացած բեռնատար ինքնաշարժի մը դէպի ներքեւ գլորումը կը յիշեցնէ։
18 Փետրուար երեքշաբթի առաւօտուայ լրահոսը ողողուած էր 52 անձերու բերման ենթարկուելու լուրերով։ Անոնց մէջ կային քաղաքական գործիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ, լրագրողներ եւ մտաւորականներ։ Անոնց մէկ մասը անձամբ ալ ծանօթ են մեզի, քանի որ լուրջ ծառայութիւններ մատուցած են Հրանդ Տինքի Ընկերները Հարթակի աշխատութիւններով։
Նոյնպէս անոնց մէջ կը հանդիպինք հայ փոքրամասնութեան կրթական հաստատաութիւններու խնդիրները ուսումնասիրող ակադեմականներու։ Եւ այդ բոլորը ծիծաղելի կերպով կը մեղադրուի ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելով։
Քաղաքական դաշտի վրայ ինչպէս խօսքը, դատական մեղադրանքներն ալ հետզհետէ բոլորովին իմաստազուրկ դարձած են։
Արդարեւ Թուրքիոյ գործատէրերու մեծագոյն կազմակերպութեան՝ ԹԻՒՍԻԱՏ-ի համաժողովին կատարուած մեկնաբանութիւններն ալ դատական հարցաքննութեան նիւթ կը դառնան։ Յայտնի է որ իշխանութիւնը դոյզն իսկ հանդուրժողութիւն չունին իրեն ուղղուած քննադատութիւններուն հանդէպ։
Երկրէ ներս կառավարութեան վարած քաղաքականութեան դէմ այս հակազդեցութիւնը ափսոս որ նշանակութիւն չունի միջազգային յարաբերութիւններու առումով։ Այսպէս երկրի դիւանագիտական բոլոր նախընտրութիւնները ապարդիւն դուրս եկան։
Ռուսիա- Ուկրաինա պատերազմական դրութեան լուծում մը գտնելու գործընթացին մէջ բոլորովին անտեսուած է Թուրքիան։ Մինչդեռ յիշենք թէ այդ պատերազմի առաջին ամիսներուն Թուրքիա որքան մեծ յաւակնութիւններ ունէր ուկրաինական ցորենի գլխաւորութեամբ Եւրոպայի, այլ երկիրներ փոխանցուելու խնդրին մէջ։ Իսկ այժմ Փութին եւ Թրամբ Ռիյատի մէջ կը քննարկեն այս խնդիրը առանց Զելենսքիի մասնակցութեամբ եւ անտեսելով Թուրքիան։ Նման բնոյթով ժողով մը կը կայանայ Եւրոպայի մէջ, ուր դարձեալ կը բացակայի Թուրքիան։ Իսկ այս պայմաններու տակ Զելենսքի կ՚այցելէ Անգարա, իր երկրին անվտանգութեան երաշխիքներ ակնկալելով։
Պատկերը նման է նաեւ Սուրիոյ հաշւոյն, ուր Թուրքիա ի դէմ իր զինեալ ներկայութեան, դուրս դրուած է դիւանագիտական բանակցութիւններէ։
Ուրեմն երկրի մէջ տիրող վարկազրկումի կողքին կարելի է ըսել թէ Էրտողանի իշխանութիւնը համաշխարհային գետնի վրայ ալ կը մեկուսացուի այլոց ձերամբ։