ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՓՈՐ

Խոշոր պարապութիւն մը, որ ունեցաւ իմաստալից պարունակութիւն

Որքա՞ն ջանք պէտք էր թափեր միավանկ մը, որ­պէս­զի երե­­ւելի դառ­­նար, երբ մրցա­­կից­­ներն էին՝ դա­­տարկ, սին, պա­­րապ, նա­­նիր, թա­­փուր եւ ու­­նայն։ Այս մար­­տահրա­­ւէրի առ­­ջեւ գտնուեցաւ «փոր» բա­­ռը։ Հա­­մեստ էր եւ ինքնամ­­փոփ, կը սի­­րէր իր օրե­­րը հե­­զասահ անցնել։ Եւ ի՞նչ ընէր «փոր»ը, երբ վե­­րոյի­­շեալ հո­­մանիշ­­նե­­­րը ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին ուռճա­­ցեր, դար­­ձեր էին դա­­տար­­կա­­­խօս, սնա­­բան, ու­­նայնա­­միտ եւ նան­­րա­­­փառ։

Ցոյց տա­­լու հա­­մար, թէ «փոր» բա­­ռին պատ­­մութիւ­­նը սնա­­մէջ չէ, այլ ու­­նի հիւ­­թեղ պա­­րու­­նա­­­կու­­թիւն, ձե­­զի կ՚առա­­ջար­­կեմ միանալ մեր աշա­­կեր­­տա­­­կան խումբին ու հիացիկ քա­­լել հա­­րաւա­­յին Հա­­յաս­­տա­­­նի Գո­­րիս քա­­ղաքի Մաշ­­տոց գե­­ղատե­­սիլ պո­­ղոտա­­յի մայ­­թե­­­րուն վրայ, որոնք Յու­­նի­­­սի ջերմ արե­­ւի տակ զար­­դա­­­րուած կ՚ըլ­­լան պտղա­­տու հա­­սուն ծա­­ռերով։

- Պա­­րոն, այս թու­­թե­­­րէն կրնա՞նք ու­­տել։

Աւօն, որ քիչ առաջ պան­­դո­­­կէն ելած էր կուշտ փո­­րով, որո­­շած է հայ­­րե­­­նի միր­­գե­­­րու բո­­լոր տե­­սակ­­նե­­­րը ճա­­շակել, զուտ գրա­­կան պատ­­ճառնե­­րով, թէ մեր բա­­նաս­­տեղծնե­­րու նկա­­րագ­­րութիւննե­­րը կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նե՞ն իրա­­կանու­­թեան, թէ՝ չէ։ Տղան կու գայ չա­­րեն­­ցեան հե­­տեւեալ եզ­­րա­­­կացու­­թեան.

- Պա­­րոն, «արե­­ւահամ» են ասոնք։

- Լաւ կ՚ըլ­­լայ, եթէ չա­­փաւոր ու­­տես։

«Փոր» բա­­ռի ծա­­գու­­մը ան­­յայտ է։ Բազ­­մա­­­թիւ կար­­ծիքներ առա­­ջար­­կուած են, թէ ի՛նչ է անոր ար­­մա­­­տը։ Չու­­նե­­­նալով եզ­­րա­­­փակիչ մեկ­­նա­­­բանու­­թիւն մը, ստու­­գա­­­բան­­ներ փոր­­ձած են զայն հա­­մեմա­­տել հա­­րեւան լե­­զու­­նե­­­րու հա­­մապա­­տաս­­խան բա­­ռերու հետ։ Կայ յու­­նա­­­կան տե­­սու­­թիւնը, պարսկա­­կանը, սու­­մե­­­րակա­­նը, եւ այլն։ Բայց Աւո­­յին, եւ այս բա­­ռը օգ­­տա­­­գոր­­ծողնե­­րու հա­­մար ի՛նչ կա­­րեւո­­րու­­թիւն ու­­նի ծա­­գու­­մը, այնքան ատեն որ լե­­ցուն է ան։

«Փոր» բա­­ռի հիմ­­նա­­­կան եւ առա­­ջին իմաստն է «ծակ, պա­­րապու­­թիւն, փոս, խո­­ռոչ, գոգ»։ Այդ իմաս­­տով ալ զար­­գա­­­ցեր են «փոր անօ­­թոց», «փոր նա­­ւի» եւ «փոր սե­­խի» բա­­ռակա­­պակ­­ցութիւննե­­րը։ Իմաս­­տի զար­­գա­­­ցու­­մով, ապա սկսեր է նշա­­նակել ստա­­մոքս եւ աղիք, նաեւ քա­­ղիրթ, փո­­րոտիք, մարմնի այն մա­­սը, որու մէջ տե­­ղաւո­­րուած են ստա­­մոք­­սը, լեար­­դը, աղիք­­նե­­­րը, փայ­­ծա­­­կը եւ այլ գոր­­ծա­­­րան­­նե­­­րը։ Գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ «փոր» կը նշա­­նակէր կնոջ ար­­գանդը։ Երեք փո­­խաբե­­րու­­թիւննե­­րով ան դար­­ձաւ աւե­­լի իմաս­­տա­­­լից։ Առա­­ջինը՝ «ծին, ծնունդ», որ յայտնի է Գո­­րիսի զա­­ւակ, վի­­պագիր Սե­­րօ Խան­­զա­­­դեանի հե­­տեւեալ տո­­ղին մէջ. «Միւս փորդ տղայ լի­­նի, կնիկ», երկրոր­­դը՝ «ապ­­րուստի մի­­ջոց», իսկ վեր­­ջի­­­նը՝ «անօթ­­նե­­­րու ու­­ռուցիկ մի­­ջին մա­­սը»։ Անոր հա­­մար է, որ կ՚ըսենք «կու­­ժի փոր», «կո­­ղովի փոր»։

Ան­­ցած ենք Բախ­­շեան փո­­ղոցը։ Դա­­ւիթ Բե­­կի խաչ­­մե­­­րու­­կէն մին­­չեւ Գա­­րեգին Նժդեհ եր­­կա­­­րող հա­­տուա­­ծը ամե­­նէն ախոր­­ժա­­­բերն է։

- Պա­­րոն ասոնք ի՞նչ են։

- Փո­­րիդ խաթ­­րին հա­­մար՝ դե­­ղին բալ։

Ու Աւօն, օգ­­տուելով ցած եկած քա­­նի մը ճիւ­­ղե­­­րու հիւ­­րա­­­սիրու­­թե­­­նէն, կը վա­­յելէ այդ ջրա­­լի պտուղնե­­րը։

- Աւօ, փորդ պէտք է որ ճա­­շին պա­­հես։ Փո­­րի գե­­րի ըլ­­լալ լաւ չէ։

Դա­­րերու ըն­­թացքին մեր «փոր»ը յա­­գեցաւ բարդ բա­­ռերով, մօ­­տաւո­­րապէս 140 հատ, ինչպէս՝ փո­­րել, փո­­րաբաց, փո­­րադիր, փո­­րաթե­­փուկ, փո­­րալող, փո­­րախօս, փո­­րածոյ, փո­­րապաշտ, փո­­րահա­­տու­­թիւն, ինչպէս նաեւ՝ քա­­նի մը առող­­ջա­­­պահա­­կան բա­­ռեր (որոնք, կը վախ­­նանք Աւո­­յի պա­­րագա­­յին գոր­­ծա­­­ծելի պի­­տի ըլ­­լան). փո­­րացաւ, փո­­րափ­­քութիւն, փոր­­լուծու­­թիւն եւ փո­­րու­­փոշման։ Վեր­­ջի­­­նը գա­­ւառա­­կան ըն­­տիր բա­­ռ մըն է, որ կը նշա­­նակէ «սաս­­տիկ զղջա­­ցած»։ «Փոր» բա­­ռը ու­­նէր նաեւ արուես­­տա­­­գէտի հա­­կում, որ­­մէ յա­­ռաջա­­ցան՝ փո­­րագիր, փո­­րագ­­րա­­­զարդ, փո­­րագ­­րիչ, փո­­րագ­­րութիւն եւ փո­­րագ­­րանկար բա­­ռերը։ Ճար­­տար էր նաեւ բա­­ռը ու մե­­զի տուաւ գետ­­նա­­­փոր, հիմ­­նա­­­փոր, որմնա­­փոր եւ երկրա­­փոր բա­­ռերը։ Ու­­նե­­­ցանք նաեւ Գե­­ղար­­դի խո­­րափոր տա­­ճար­­նե­­­րը, Վա­­յոց Ձո­­րի Մար­­տի­­­րոս գիւ­­ղի վի­­մափոր Ս. Աս­­տուածա­­ծին եկե­­ղեցին, Խար­­բերդի Խոր­­խոր գիւ­­ղի Ս. Գէորգ ժայ­­ռա­­­փոր եկե­­ղեցին, Լո­­ռիի Գե­­ղասար գիւ­­ղի քա­­րափոր տու­­ներն ու դամ­­բա­­­րան­­նե­­­րը։

Կը կտրենք Անդրա­­նիկի, ապա Գու­­սան Աշո­­տի խաչ­­մե­­­րուկնե­­րը՝ սա­­լօրէ­­նինե­­րու եւ դա­­րաւոր թթե­­նինե­­րու հա­­տուա­­ծը։

- Պա­­րոն...

- Ոչ, հի­­մա պան­­դոկ չենք կրնար վե­­րադառ­­նալ։

- Փորս...

Օգ­­նութեան կը հաս­­նի սրճա­­րան մը։

«Փոր» բա­­ռը Գու­­գարք նա­­հան­­գի մէջ ու­­նե­­­ցաւ իր ամե­­նէն լայն տա­­րածու­­թիւնը։ Իր բուն իմաս­­տէն՝ գոգ, պա­­րապու­­թիւն եւ խո­­ռոչ՝ զար­­գա­­­ցաւ «հո­­վիտ»ը։ Ուստի, հիւ­­սի­­­սային Հա­­յաս­­տա­­­նի բազ­­մա­­­թիւ գա­­ւառ­­ներ անուանուած են «փոր», ինչպէս՝ Քվի­­շափո­­րը, Բող­­նո­­­փորը, Ման­­գեաց փո­­րը, Կող­­բա­­­փորը իր Կող­­բա­­­քար բեր­­դա­­­քաղա­­քով եւ Ծո­­բոփո­­րը իր Ախ­­թա­­­լայի հիաս­­քանչ վան­­քով։ Առանձնաց­­նել պէտք է Ձո­­րափո­­րը կամ Ձո­­րոփո­­րը, ուր ծնած էր 8-րդ դա­­րու աս­­տուածա­­բան, «Էջ­­միածին ի հօ­­րէ» եւ «Ու­­րախ լեր, սուրբ եկե­­ղեցի» շա­­րական­­նե­­­րու հե­­ղինակ Սա­­հակ Կա­­թողի­­կոս Ձո­­րոփո­­րեցին։ Աւո­­յին ժա­­մանա­­կաւոր բա­­ցակա­­յու­­թիւնը առիթ կու տայ, որ մտա­­բերենք նաեւ մէկ այլ պեր­­ճութիւն... ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ։ «Փոր»ը, ըստ հա­­յերէ­­նի դար­­ձուածքնե­­րու բա­­ռարան­­նե­­­րու, յղփա­­ցած է ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով։ Անոնք եօթա­­նասու­­նի չափ են, ինչպէս՝ «փո­­րը դա­­տար­­կել» ծննդա­­բերել, «փոր է, հոր չէ» մար­­դը ան­­սահման չի կրնար ու­տել, «փոր պա­հել» ախոր­ժակ պա­հել աւե­լի լաւ ու­տե­լիքի հա­մար, «փո­րը դա­տարկ» աղ­քատ, սնանկ, «փո­րը եփիլ» ան­համբե­րու­թե­նէ զայ­րա­նալ, «փո­րը լի­քը սա­տանայ» շատ խո­րամանկ մարդ, «փո­րը իւ­ղո­տիլ» հարստա­նալ, «փո­րը չվերցնել» նա­խան­ձիլ, «փո­րը օձ մտնել» նեն­գութեամբ եւ չա­րու­թեամբ լե­ցուիլ, «փո­րի գե­րի» որկրա­մոլ, «փո­րի մէջ օձեր ու­նե­նալ» չար մտադ­րութիւններ ու­նե­նալ։ Ինչպէս տե­սակա­ւոր են «փոր»ին պա­րու­նա­կու­թիւննե­րը, նոյնպէս ալ բազ­մա­զան եղած են անոր գա­ւառա­կան հնչիւննե­րը. Ըստ Հ. Աճա­ռեանի, Ագու­լի­սի, Տիգ­րա­նակեր­տի եւ Թիֆ­լի­սի մէջ՝ փուր, Համ­շէ­նի եւ Սե­բաս­տիոյ մէջ՝ փէօր, Զէյ­թունի մէջ՝ փիւյ կամ փիւր, Հա­ճընի մէջ՝ փոյ։

Աւօն կը վե­րամիանայ մե­զի։ Ան­ցած ենք Ակ­սել Բա­կունցի տու­նը, Անդրա­նիկի կի­սանդրին։ Գրի­գոր Տա­թեւա­ցիի խաչ­մե­րու­կին վրայ կը գտնենք Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեցին, որուն հիւ­սի­սային պա­տի վրայ փո­րագ­րուած կը տես­նենք տա­ճարի շի­նարա­րու­թեան պա­րագա­ները։ Մեր աչ­քե­րը կը զար­մացնէ նաեւ, հան­դի­պակաց լե­րան լան­ջին նստած Հին Գո­րիսը, ուր յայտնի է ժայ­ռա­փոր բնա­կարան­նե­րով։

Բո­լորին փո­րիկ­նե­րը եւ աչ­քե­րը կշտա­ցան։ Տա­ճարին մէջ ենք հի­մա, ուր շա­րակա­նի հո­գեգ­րաւ ձայ­ներ ան­թարթ կը պա­հեն մեզ ու մտա­ծել կու տան «ձայն» բառի մասին։ (Շար.)