Արդի գիտելիքներով ձկնորսութիւնը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ Թուրքիոյ ծովերուն մէջ աճող ձուկի տեսակներուն նուազեցման առումով։ Այս ընթացքը բարելաւելու համար տարուայ երկար ամիսներուն արգիլուած է ձկնորսութիւնը։ Իւրաքանչիւր տարի այդ արգելք կը վերանայ 1 Սեպտեմբերին։ Այս տարի տրուած ըլլալով թէ այդ թուականը կը զուգադիպի կրօնական մեծ տօնին, ձկնորսները քանի մը օր ուշացումով իրենց թորերը, դամբերը ծով նետեցին եւ ապա մեծ ուրախութեամբ յայտարարեցին աւելի քան 40 տարիներ այս ջուրերէն հեռացած թիւնիկ (ուսքումրու) ձկան վերայայտնութիւնը։ Անշուշտ որ ցնցիչ զարգացում մըն էր այս, քանի որ ձուկի այս տեսակը ամբողջովին կորսուած ըլլալով ան կը ներածուէր Նորուէկիայէն։ Առաջին որսի երթերէն գոհունակութեամբ վերադարձողները կ՚աւետէն թէ, այս տարի առատութիւն պիտի տիրէ Թուրքիոյ ծովերուն մէջ, որու հետեւանքով հասարակութիւնը աւելի դիւրաւ պիտի սնանի ձկան միսով։ Արդարեւ անցեալին ձկնեղէնը համեստ ընտանիքներու գլխաւոր սնունդն էր, քանի որ իր մատչելի գինով շատ աւելի հասանելի էր, քան մսեղէնը։ Սակայն անցնող տարիներու ընթացքին բերքի նուազումի հետեւանքով ան դարձած էր հարուստ սեղաններու սնունդ։ Լրատուամիջոցները այս առթիւ կ՚անդրադառնան նաեւ ձկան արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ աշխատանքի կարելիութիւններուն։ Ձկնորսական նաւերու մէջ աշխատանքը լաւ կը վարձատրուի, բայց այդ աշխատանքին դիմողները միշտ նուազ են, քանի որ պահանջուածը բաւական ծանր ու յոգնատանջ աշխատութիւն է։ Այս մասին ձկնորս մը կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը. «իսկապէս ծանր աշխատութիւն է։ Նախ եւ առաջ աշխատանքի ժամերը երբեք յստակ չեն։ Որսն է որ կ՚որոշէ այդ աշխատանքի տեւողութիւնը։ Եթէ հանդիպած ես բազմանդամ ձկան խումբի մը չես կրնար հանգիստի մասին մտածել, պարտադիր պիտի հետեւիս որսին։ Ճիշդ է որ լաւ կը վարձատրուինք, բայց ամէն մարդուն ընելիք գործը չէ»։
Բացի այդ նշենք որ արդի ձկնորսութիւնը բաւականին բազմածախս աշխատութիւն է։ Թորերու եւ նաւու նորոգութիւնը, տիզել վառելանիւթի արժէքը ընդմիշտ կը դժուարացնեն ձկնորսներու վաստակը։ Այս տարի մեկնարկող որսի եղանակը պիտի աւարտի 2018 թուականի Ապրիլ ամսուան մէջ։ Հետեւաբար ձկնորսները պիտի աշխատին այս կարճ ժամանակամիջոցին իրենց ամբողջ տարուայ ապրուստը հայթայթել։