Հակիրճ կենսագրութիւն Եդուարդ Թովմասեանի

ՌՈՊԷՐ ՔՈՓԹԱՇ

Իբրեւ Չոր­լու եւ Չա­թալ­ճա­ցի Պետ­րոս ու Մա­րի Թով­մա­սեան­նե­րու անդրա­նիկ որ­դին՝ Եդո­ւարդ Թով­մա­սեան ծնած է 25 Մա­յիս 1949-ին, Պոլ­սոյ Ետի­գու­լէ թա­ղը։ Այդ պատ­մա­կան թա­ղը կը գտնո­ւի Բիւ­զանդա­կան պա­րիսպնե­րէ ան­մի­ջապէս ներս եւ բնակ­չութեան մե­ծամաս­նութիւ­նը կը կազ­մէին յոյն եւ հայ հա­մայնքնե­րու ան­դամնե­րը։ Հայ­րը Պետ­րոս վար­պետ ոս­կե­րիչ մըն է Փակ Շու­կա­յի մէջ։ Թոմօն նախ­նա­կան ու­սումը ստա­ցաւ Սա­մաթիոյ Անա­րատ Յղու­թիւն Վար­ժա­րանը։ 1958-ին, մտաւ Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք, ուր ձե­ւաւո­րուե­ցաւ նաեւ իր գա­ղափա­րական ինքնու­թիւնը։

Սո­վորա­կան երե­ւոյթ է ու­սա­նողա­կան տա­րինե­րուն իրա­քան­չիւր ան­հա­տի ածա­կանով մը վե­րակո­չու­մը։

Այսպէս դա­սըն­կերներն ալ մա­կանու­նի կրճա­տու­մով մը զինք կո­չեցին Թո­մօ եւ այդ կո­չու­մով յի­շուե­ցաւ մին­չեւ վեր­ջին օրը։

Երկրի տար­բեր քա­ղաք­նե­րէն եկած տա­րեկից­նե­րը, Դպրե­վան­քի հիմ­նա­դիր Գա­րեգին Խա­չատու­րեանը եւ ապա Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուստեանը, Վա­հան Աճե­մեան, Ֆա­տըր Հար­տինք, Սապ­րի Ալ­թը­նէլ եւ Գե­ղամ Քե­րով­բեանի նման ու­սուցիչ­նե­րը մա­նաւանդ ալ հա­մալ­սա­րանա­կան մի­ջավայ­րի մէջ տի­րող «68-ի Ոգին» խո­րապէս ազ­դե­ցին Եդո­ւարդ Թով­մա­սեանի կեանքն ու աշ­խարհը ըն­կա­լելու եւ մեկ­նա­բանե­լու եղա­նակին։ Իս­թանպու­լի Հա­մալ­սա­րանի Գրա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի մէջ դա­սական լե­զու­նե­րու ու­սում ստա­նալէ ետք, փոր­ձեց հա­յերէն լե­զու ու գրա­կանու­թեան ու­սուցչու­թիւն ընել հա­մայնքա­յին վար­ժա­րան­նե­րու մէջ։ Բայց այդ վար­ժա­րան­նե­րու թա­ղական­նե­րը կամ խնա­մակալ­նե­րը խրտչե­ցան ձա­խակող­մեան գա­ղափար­նե­րով օժ­տո­ւած ու­սուցիչ մը պաշ­տօ­նակո­չելու։

1971-ին ամուսնա­ցաւ Փայ­լի­նէ Տիւլկե­րեանի հետ։ Այդ ամուսնու­թեան պտուղներն են 1977-ին Պետ­րոս եւ 1980-ին ալ Միհ­րա­նը։ Դպրե­վան­քի դա­սըն­կե­րոջ Խա­չիկ Աբե­լեանի հետ գոր­ծակցե­լով հիմ­նա­դիրը եղաւ «Թեք­նիք Տէօքիւմ» ըն­կե­րու­թեան, որ մին­չեւ օրս կ՚ար­տադրէ ոս­կերչա­կան աս­պա­րէզի եւ հա­սարա­կական վայ­րե­րէ ներս անվտան­գութեան ոլոր­տի զա­նազան սար­քեր։

1970-ական տա­րեթի­ւերու սկզբին Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք Սա­նուց Միու­թեան եր­դի­կին տակ կա­տարո­ւած մշա­կու­թա­յին եւ գե­ղարո­ւես­տա­կան աշ­խա­տու­թիւննե­րու ան­մի­ջական մաս­նա­կիցը, շատ ան­գամ ալ մտայ­ղա­ցողն էր։

Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի «Գի­գոր»ը թրքե­րէնի թարգմա­նեց ու հրա­տարա­կեց։

Ան­դա­մակ­ցե­ցաւ Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի, որուն կազ­մութեան օրե­րէն իսկ ան­մի­ջական մաս կը կազ­մէր։

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը հիմ­նուեցաւ 1993-ին, դար­ձեալ Եդո­ւարդ Թով­մա­սեանի նա­խաձեռ­նութեամբ։ Նախ­քան հրա­տարակ­չա­տան պաշ­տօ­նական հիմ­նադրու­մը ան ար­դէն հրա­տարա­կած էր վաս­տա­կաւոր ու­սուցիչ Վահ­րամ Պուրմաեանի յու­շե­րով «Դպրո­ցը իր Հո­գիով» անուն հա­տորը, որուն յա­ջոր­դեց նաեւ նոյն հե­ղինա­կի «Հէք» Թուղթի Կտոր­ներ» անուն գիր­քը։

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը աւե­լի քան 300 գիր­քե­րով կը շա­րու­նա­կէ ճո­խաց­նել պոլ­սա­հայ գրա­կան ու մշա­կու­թա­յին հսկայ աւան­դը։ «Արաս»ը միայն գիր­քեր հրա­տարա­կող հաս­տա­տու­թիւն մը չե­ղաւ։ Ան նաեւ դպրոց եղաւ, բո­լոր անոնց հա­մար, որոնք այս կամ այն եղա­նակով հե­տաքրքրո­ւեցան հայ գիր ու գրա­կանու­թեան հետ։

Եդո­ւարգ Թով­մա­սեանի հայ մշա­կոյ­թի հան­դէպ հե­տաքրքրու­թիւնը դրսեւորուեցաւ զա­նազան եղա­նակ­նե­րով։ «Աչըք Ռա­տիօ» կա­յանի հա­մար կնոջ Փայ­լի­նէի հետ միասին պատ­րաստե­ցին «Հայ Գրա­կանու­թեան Նմոյշներ» եւ «Յա­կոբ Պա­րոնեանի Հետ­քե­րով Պոլ­սա­հայու­թիւնը» անուն հա­ղոր­դումնե­րը»։

1990-ական­նե­րուն հիմ­նո­ւած «Քար­տեշ Թիւրքիւ­լեր» խումբին սա­տարեց, որ­պէս խորհրդա­տու։

Գրա­կանու­թեան եւ գե­ղարո­ւես­տի նո­ւիրեալ Եդո­ւարդ Թով­մա­սեան վեր­ջին տաս­նա­մեակին տա­ռապե­ցաւ քաղցկե­ղով։ Սա­կայն հի­ւան­դութիւ­նը ար­գելք չե­ղաւ որ ան շա­րու­նա­կէ իր ծա­ռայու­թիւնը, հայ երգ ու բա­նի համ­դէպ։

13 Դեկ­տեմբեր գի­շերո­ւայ ժա­մերուն մա­հացաւ եւ 17 Դեկ­տեմբե­րին ալ ըն­կերնե­րու, հա­մակիր­նե­րու խուռնե­րամ բազ­մութիւ­նով մը մաս­նակցած յու­ղարկա­ւորու­թեան արա­րողու­թիւնով յա­ւիտե­նու­թեան հասաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ