Երբ խորհրդարանը կորսնցուց օրէնսդիր յատկութիւնը…
ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
«Ազգային պետութիւն» եզրը ուսումնասիրելու համար խիստ շահեկան օրինակ մը ըլլալ կը թուի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը։ Ան 1923-ին հիմնուեցաւ իբրեւ բազմազգի եւ բազմակրօն կայսրութեան մը ժառանգորդը ըլլալով։ Համաշխարհային պատմութեան զարգացումներու զուգահեռ շարունակեց քաղաքական զանազան երեւոյթներ ստանալով։ Հիմնադրութենէն քառորդ դար ետք, երբ աւարտեցաւ Բ. Համաշխարհային Պատերազմը, Թուրքիա ալ հետեւեցաւ ընդհանուր հոսանքին եւ որդեգրեց բազմակուսակցական դրութիւնը։ Դէպի ժողովրդավարութիւն կատարուած կարեւոր այս փոփոխութիւնը յաճախ մնաց ձեւական ու կարծեցեալ։ Թէեւ ժողովուրդի ձայներով կը կատարուէր իշխանափոխութիւն, բայց բեմի ետին կը գործէին տարբեր ուժեր, որոնք պիտի ճշդէին երկրի ընթացքը։ Բազմակուսակցական ժողովրդավարութիւնը յաճախ կը սայթաքէր բեմի ետի դերակատարներուն միջամտութիւններով։ 1960, 1971 եւ 1980-ին այդ միջամտութիւնները կատարուեցան զինուորական հարուածի բնոյթով։ Այս յատկութիւնով օժտուած վերջին փորձը (չ)կայացաւ 15 Յուլիս 2016-ին։ Այդ օր իշխանափոխութեան համար փողոց ելլող զինուորները չյաջողեցան իրենց նպատակին մէջ եւ գոյացաւ ժողովրդավարութեան նոր ընդհատում մը, հակահարուածի բնոյթով։
Իշխող «Արդարութիւն Եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը եւ անոր հիմնադիրը՝ նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողան իսկոյն շրջեց կացութիւնը եւ վերջ տուաւ ընդդիմադիրներու քաղաքական գործունէութեան։ Այս նոր դրութեան մէջ երկրի խորհրդարանը կորսնցուց իր օրէնսդիր յատկութիւնը եւ երկրի կառավարումը շարունակուեցաւ օրէնքի համազօր որոշմնագիրերու միջոցաւ։
Այս պայմաններու մէջ գլխաւոր ընդդիմադիր շարժումը՝ Հանրապետական Կուսակցութիւնը ստիպուեցաւ դիմել խորհրդարանէ դուրս գետիններու վրայ ալ գործունէութիւն ծաւալելու։ Այդ բնոյթի գործունէութիւններու առաջինը եղաւ «Արդարութեան Քայլարշաւը», որ մեկնելով մայրաքաղաք Անգարայէն 24 օրուայ երթով մը հասաւ Իսթանպուլ եւ աւարտեցաւ հոծ բազմութեան մասնակցութիւնով կայացած հանրահաւաքով։
Ընդդիմադիրները այս երթին տեղի տուած արձագանգէն բաւական գոհ էին։ Կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու ապացուցած էր իր հեղինակութիւնը եւ ընդդիմադիր տարբեր միաւորումներու զօրակցութիւնը ապահովելով համախմբած էր կառավարութենէ դժգոհներու միասնութիւնը։
Այս յաջողութենէն տոգորուած կուսակցութիւնը շուտով կազմակերպեց նման բնոյթի նոր միջոցառում մը։ Չանաքքալէ քաղաքի Էճէապատ գաւառի մէջ կազմակերպուեցաւ քառօրեայ համաժողով մը, որ նոյնպէս կը դրոշմուէր «Արդարութիւն» բացատրութիւնով։
Ճշդուած էին ութը հիմնական ասուլիսներ եւ բազմաթիւ աշխատանոցներ։ Ասուլիսները կը կրէին հետեւեալ խորագիրները՝ «Դատարանի մէջ արդարութիւն», «Պետութեան մէջ արդարութիւն», «Ընտրութեան մէջ արդարութիւն», «Ապրուստի մէջ արդարութիւն», «Հաւատքի արդարութիւն», «Ուսման արդարութիւն», «Արդար կեանք» «Մետիայի մէջ արդարութիւն»։ Այս հիմնական ասուլիսներու կողքին կը շարունակուէր նաեւ աշխատանոցները, որոնք եւս կը քննարկէին խիստ էական նիւթեր։ 27 Օգոստոսի յետմիջօրէի ասուլիսին հրաւիրուած էր նաեւ «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Հանրածանօթ մտաւորական եւ բժշկական գիտութիւններու դասախօս Ճիհանկիր Իսլամի ժողովավարութեամբ կայացող ասուլիսին ելոյթ ունեցան նաեւ այլախոհ աստուածաբան Իհսան Էլիաչըք, Մեհմետ Պայրաքթար, Ֆաթմա Պոսթան Իւնսալ, Մուրթազա Տեմիր, Թայֆուն Աթայ եւ Մուհիտտին Եըլտըզ։ Իհսան Էլիաչըք իր ելոյթին մէջ շեշտը դրաւ կայսրութեան բազմակրօն յատկութեան վրայ եւ զգուշացուց այդ բազումէն ոեւէ մէկուն գերիշխանութեան պարագային յայտնուելիք ձախողութիւններու դէմ։ Տրուած ըլլալով որ երկրի մէջ կրօնական խտրականութենէ ամենածանր տուժածները ալեւիներն են, միւս ատենախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ յատկապէս նիւթ առին այս հաւատքին հետեւողներու խնդիրները։ Բագրատ Էսդուգեան իր զեկոյցը ներկայացուց աւելի համաշխարհային դրուածքի մը մէջ եւ յայտնեց թէ «հաւատք» եւ «արդարութիւն» եզրերը չեն կրնար կողք կողքի ըլլալ։ «կրօնները անխուսափելիօրէն պառակտիչ են։ Անոնք խտրականութիւն կը դնեն իրենց հետեւողներուն եւ չհետեւողներուն միջեւ։ Հետեւորդներուն կը խոստանան դրախտ եւ այլադաւաններուն համար ալ արժանի կը տեսնեն դժոխքը։ Մինչդեռ արդարութիւնը ընդգրկող բնոյթ ունի եւ արդար վերաբերում կը պահանջէ բոլորին հանդէպ։ Ուրեմն մեր խնդիրը ո՛չ թէ կրօններու միջեւ արդարութիւն, այլ հաւատացեալներու միջեւ արդարութիւն պէտք է ըլլայ։ Անհատը ինչ հաւատք ալ ունենայ, կամ նոյնիսկ հաւատք չունենայ արժանի է հաւասար յարգանքի։ Հասարակութիւնները դէպի այս համոզում մղողը ո՛չ եկեղեցին է, ո՛չ ալ մզկիթը, այլ պետական լայիք համակարգն է, որ ինք դուրս պիտի գայ այս կամ այն կրօնքի հպատակութենէ եւ բոլոր հաւատացեալները պիտի դիտէ իրենց իրաւունքներով»։ Էսդուգեան իր ելոյթին մէջ նշեց նաեւ թէ առաջին անգամ է որ կը զեկուցէ այսքան մեծ բազմութեան մը դիմաց։ Բազմութիւն՝ որ իր ուշադրութիւնով եւս արժանի էր գնահատանքի։
Քառօրեայ այս եզակի նախաձեռնութեան դիմաց իշխանութիւններուն եւ իշխանամէտ մամուլին միակ օրակարգը սահմանուեցաւ միջոցառումներու աւարտէն ետք քանի մը շարքայիններու գարեջուր ըմպելու նիւթով։ Նախագահ Էրտողան յաջորդող քանի մը օրերուն շահագործեց այս երեւոյթը պնդելով թէ նահատակներու շիրիմներուն մօտ սրբապղծութիւն կատարուած է։
Հանրապետական կուսակցութիւնը իր քաղաքառազմավարական բազմաթիւ սխալներէն ետք գտած է իր շարքայիններէն դուրս մնացողներուն ալ զօրակցութեան արժանացող ընդդիմութեան եղանակ մը։ Թուրքիոյ ներկայ օրերու իրողութիւնը անկարելի դարձուցած է խորհրդարանի մէջ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել։ Հանրապետականները այս իրողութեան անդրադարձած եւ փողոց իջած են, որուն դրական արդիւնքներն ալ սկսած են քաղել։