Ներհամայնքային ժողովրդավարութիւն


ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Ժողովրդավարութիւնը առաձգական հասկացութիւն մըն է։ Մանաւանդ Թուրքիոյ նման եր­կիրնե­րուն մէջ, ուր քա­ղաքա­ցի ըլ­լա­լու գի­տակ­ցութիւ­նը շատ ան­գամ կը փո­խարի­նուի ազ­գա­յին կամ կրօ­նական ինքնու­թեան վե­րաբե­րող բազ­մա­կի շեր­տե­րով։ Կրթա­կան ցած մա­կար­դա­կով խթա­նուած ազ­գայնա­պաշ­տութիւնն ու կրօ­նամո­լու­թիւնը կը դառ­նան սո­վորա­կան երե­ւոյթներ, որոնց գո­յու­թիւնը նոյ­նիսկ չի հար­ցաքննուիր։ Այս պայ­մաննե­րէն ծնունդ կ՚առ­նեն ու­ժեղ կո­չուած առաջ­նորդնե­րը, որոնք լաւ գի­տեն չա­րաշա­հել հա­սարա­կու­թեան զգա­ցումնե­րը, ինչպէս որ հո­վիւը կ՚առաջ­նորդէ ոչ­խարնե­րը. իրենց ստեղ­ծած վա­խի մթնո­լոր­տը զգաս­տութեան տակ կը պա­հէ զա­նոնք, որոնք կը մտա­ծեն, թէ դժուարու­թիւննե­րը յաղ­թա­հարե­լու հա­մար միաս­նութիւն մը անհրա­ժեշտ է, պայ­ման է հա­ւաքուիլ առաջ­նորդին շուրջ, որ կը խոս­տա­նայ յաղ­թա­հարել ար­գելքնե­րը՝ հաս­նե­լու հա­մար պայ­ծառ ապա­գայի։

Եր­կիրնե­րու կամ մեծ հա­սարա­կու­թիւննե­րու վե­րաբե­րող հաս­կա­ցու­թիւննե­րը կա­րելի՞ է պատ­շա­ճեց­նել փոքր հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րուն, ինչպէս որ է մե­րը։ Ներ­հա­մայնքա­յին ժո­ղովրդա­վարու­թեան մը մա­սին խօ­սիլ կա­րելի՞ է։ Փոքր հա­ւաքա­կանու­թիւն մըն ենք եւ մեզ­մէ քա­նի՞ տո­կոսը ներգրա­ւուած է հան­րա­յին կեան­քի մէջ։ Միու­թիւններ, կազ­մա­կեր­պութիւններ ու­նի՞նք, որոնք իրենց ձայ­նը բարձրաց­նէին ընդհա­նու­րին վե­րաբե­րող խնդիր­նե­րուն ժա­մանակ։ Քննա­դատու­թիւններ կամ գնա­հատա­կան­ներ կ՚ուղղե՞նք հա­մայնքը ղե­կավա­րող­նե­րու հաս­ցէին, կը քննե՞նք թա­ղային խոր­հուրդնե­րուն առած որո­շումնե­րը, կը վե­րահսկե՞նք հո­գեւո­րական­նե­րուն գոր­ծե­րը, կրթա­կան կեան­քի վե­րաբե­րեալ նիւ­թե­րու մէջ քննար­կումներ կը կազ­մա­կեր­պե՞նք։ Թէ մենք ալ կը նմա­նինք երկրի մե­ծամաս­նութեան, որ չորս կամ հինգ տա­րին ան­գամ մը կ՚եր­թայ ու կը քուէար­կէ եւ յե­տոյ Պի­ղատո­սի նման կը լուայ իր ձեռ­քե­րը ու կը քա­շուի մէկ կողմ։

Այս քա­ղաքին մէջ, կար­ծեմ, տաս­նեակ մը սա­նուց միու­թիւններ ու­նինք, որոնք եր­բեմն մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկներ, յա­ճախ նար­տի մրցա­շարեր կը կազ­մա­կեր­պեն, սա­կայն ցարդ իրեն­ցէ ոչ մէ­կը ար­տա­յայ­տուած է իր պատ­կա­նած վար­ժա­րանին վե­րաբե­րեալ։ Կ՚ըսուի, թէ սա ինչ թա­ղին վար­ժա­րանը դժուարին օրեր կը դի­մագ­րա­ւէ, սա­կայն այդ վար­ժա­րանի շրջա­նաւարտնե­րուն իսկ հիմ­նադրած սա­նուց միու­թե­նէն որե­ւէ ձայն չլսուիր։ Ի՜նչ լաւ պի­տի ըլ­լար եթէ սա­նուց միու­թիւնը կա­րենար կաս­կա­ծի են­թարկել թա­ղային խոր­հուրդին (որու ան­դամնե­րուն մե­ծամաս­նութիւ­նը շատ ան­գամ նա­խակրթա­րան մը իսկ չէ աւար­տած, ուր մնաց թա­ղին վար­ժա­րանը) առած որո­շումնե­րը, զա­նոնք քննար­կե­լի դարձնէր տուեալ թա­ղին կամ հա­սարա­կու­թեան առ­ջեւ, ար­շաւներ կազ­մա­կեր­պէր, տէ­րը ըլ­լար իր վար­ժա­րանին։ Սա­նուց միու­թիւննե­րը ան­կախ մար­միններ ըլ­լա­լով հան­դերձ, կը գան­ձատրուին թա­ղային խոր­հուրդնե­րուն կող­մէ, հե­տեւա­բար շատ ան­գամ կը դժուարա­նան սե­փական ձայն մը, կար­ծիք մը ու­նե­նալու կամ զայն ար­տա­յայ­տե­լու կա­րելիու­թե­նէն։ Թե­րեւս այս հան­գա­ման­քին կա­րելի է վե­րագ­րել իրենց յար­մա­րուո­ղակա­նու­թիւնը։

Կան սա­կայն ան­կախ մար­միններ ալ, որոնք կը սթա­փեց­նեն հա­սարա­կու­թիւնը իր կրա­ւորա­կանու­թե­նէն ու կը ջա­նան իրենց խօս­քը լսե­լի դարձնել հայ հա­ւաքա­կանու­թեան ու եր­բեմն նոյ­նիսկ երկրի վա­րիչ­նե­րուն։ Անոնցմէ է «Միտ­ք» հար­թա­կը, որ կը կազ­մա­կեր­պէ տար­բեր քննար­կումներ հան­րութիւ­նը յու­զող սա կամ նա հար­ցի մա­սին, դա­տական ատեան­նե­րուն առ­ջեւ եր­բեմն կը հե­տապնդէ հան­րութեան շա­հը, նոյ­նիսկ ցոյ­ցեր կը կազ­մա­կեր­պէ։ Պէտք չէ մոռ­նալ «Նոր Զար­թօնք»ը, որ երի­տասար­դա­կան շար­ժում մըն է խոր­քին մէջ։ Իրեն կը պար­տինք հայ­կա­կան ձայ­նասփիւ­ռի մը՝ «Նոր ռա­տիօ»ի գո­յու­թիւնը, «Քամփ Ար­մէ­ն»ի դի­մադ­րութիւ­նը, Հնչա­կեան «20 կա­խաղան­ներ»ու ոգե­կոչ­ման ձեռ­նարկնե­րը, «Կե­զի»ի մէջ ներ­կա­յու­թիւնը եւլն.։ Ժա­մանա­կին «Հայ Կին» հար­թա­կը աշ­խոյժ գոր­ծունէու­թիւն կը ծա­ւալէր հա­մայ­քէ ներս կա­նանց շար­ժում մը ստեղ­ծե­լու ուղղու­թեամբ եւ կը յա­ջողէր ալ, սա­կայն դժբախ­տա­բար այ­լեւս դադ­րե­ցուց կար­ծեմ իր գո­յու­թիւնը։ Կայ նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմ­նարկը, «Հայ­ճար»ը, որոնց գոր­ծունէու­թիւնը ան­ցած է հա­մայնքի սահ­մաննե­րէն ան­դին։

Հոն ուր ու­ժեղ ու կազ­մա­կեր­պուած է հա­սարա­կու­թիւնը՝ այնքան նուազ է իշ­խողնե­րուն կա­մայա­կանու­թիւնը։ Հե­տեւո­ղական եթէ ըլ­լա­յինք, եթէ մեր ձայ­նը լսե­լի դարձնէինք փո­խանորդ մը պի­տի կա­րենա՞ր այսքան տա­րի ձգձգել պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւնը։ Ու­սուցիչ­ներ եթէ կազ­մա­կեր­պուած ըլ­լա­յին՝ թա­ղային խոր­հուրդնե­րու վա­րիչ­նե­րը պի­տի կա­րենա­յի՞ն այսքան դիւ­րութեամբ տաս­նեակ ու­սուցիչ­ներ վտա­րել դպրոց­նե­րէն։ Աշա­կերտներ ու ծնող­ներ եթէ տէր ըլ­լա­յին իրենց պար­տէզնե­րուն՝ վար­ժա­րանի վա­րիչ­ներ պի­տի կա­րենա­յի՞ն դիւ­րութեամբ զա­նոնք վա­ճառել ու երկնա­քեր­ներ տնկել հոն։ Կամ եթէ մենք պաշտպա­նէինք ազատ մա­մու­լը՝ սե­ւազ­գեստ հո­գեւո­րական մը պի­տի կա­րենա՞ր նոյ­նիսկ ման­կա­կան թեր­թի մը գոր­ծե­րուն մի­ջամ­տել։

Բամ­բա­սա՞նք թէ բանն ասանկ... Քիչ մը եր­գի­ծանք...

Հե­տեւեալը մեծ զար­մա­ցու­մով լսե­ցի մտե­րիմ բա­րեկա­մէ մը։

Հայ­կա­կան միու­թիւն մը կը հրա­տարա­կէ ման­կա­կան հան­դէս մը։ Նոր տա­րին մօտ է, հե­տեւա­բար ու բնա­կանա­բար Կա­ղանդ պա­պան կեդ­րո­նական դէմքն է պար­բե­րաթեր­թին։ Որ­պէս նուէր պար­բե­րաթեր­թը մա­նուկնե­րուն տուած է օրա­ցոյց մը, Կա­ղանդ պա­պայի եր­գի­ծան­կա­րով. եղ­նիկնե­րը յոգ­նած են այ­լեւս Կա­ղանդ պա­պան հոս-հոն տե­ղափո­խելէ եւ ապստամ­բե­լով անոր դէմ զինք չուանով մը կա­պած են ծա­ռին եւ իրենք ալ նստած խաղ կը խա­ղան։ Վե­ղարա­ւոր մը կը կատ­ղի, կը փրփրի, կը պո­ռայ, կը կան­չէ, թէ իրենք կ՚ու­զեն կրօ­նական սե­րունդ մը հասցնել (Թայ­յիպ Էր­տո­ղանի ըսած dindar nesil-ը նկա­տի ու­նի թե­րեւս), սա­կայն ու­րիշներ Ս. Նի­կողա­յոսը (հոս ալ Կա­ղանդ պա­պան նկա­տի ու­նի կար­ծեմ) ծա­ռին կը կա­պեն, եղ­նիկնե­րուն առ­ջեւ խաղք-խայ­տա­ռակ կ՚ընեն։ Մին­չեւ հոս իր իրա­ւունքն է, որ­պէս հո­գեւո­րական իր զգա­ցած ան­հանգստու­թիւնը, քա­ղաքա­վարու­թեան սահ­մաննե­րուն մէջ, կրնայ բաժ­նել ոեւէ մէ­կու հետ, որե­ւէ հար­թա­կի վրայ։ Սա­կայն ան կ՚անցնի սահ­մա­նը. իր ան­հանգստու­թիւնը կը փո­խան­ցէ խնդրոյ առար­կայ միու­թեան ատե­նապե­տին։ Ոճը, ըսե­լաձե­ւը որ­քան ազ­դած ըլ­լա­լու է ատե­նապե­տին վրայ որ ան­մի­ջապէս ման­կա­կան պար­բե­րակա­նը կը հա­ւաքուի, ամ­բողջ տպա­քանա­կը դար­ձեալ տպա­րան կ՚ու­ղարկուի, Կա­ղանդ պա­պայով զար­դա­րուած էջը դուրս կը հա­նուի կամ կը փակ­ցուի, որ­պէսզի նոր սե­րունդը յան­կարծ չգայ­թակղի։ Ան­շուշտ, այս բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը կ՚իրա­կանան ո՛չ թէ վե­ղարա­ւորին դրա­մով, այլ այդ հաս­տա­տու­թեան...

Ձեր հասկնա­լիքը՝ «Ալո Ֆա­թիհ»ի դէպք մը՝ հայ­կա­կան տար­բե­րակով...

Հար­ցումներ՝ հո­գեւո­րական մը ի՞նչ իրա­ւունք ու­նի խառ­նուելու մա­մու­լի հրա­պարա­կումնե­րուն։ Ար­դեօք Ս. Նի­կողա­յոսի փաս­տա­բա՞նն է։ Հաս­տա­տու­թեան մը ատե­նապե­տը ինչո՞ւ տեղի տուած է դուրսէն եղած օտար միջամտութեան մը։ Արդեօք Ս. Նիկողայոսի բարեխօսութենէն զրկուելու մտահոգութի՞ւն մը ունեցած է։ Խմբագրակազմին անդամները արդեօք կը մտածե՞ն հրաժարելու մասին... Ս. Նիկողայոսին հանդէպ իրենց կատարած անարգանքին հաշիւը տալու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ