«Արաս»ի խոհանոցի ձօնուած նախաձեռնութիւնը

Համավա­րա­կի օրե­­րը, երբ արար աշ­­խարհ մատ­­նո­­­ւած էր տնա­­յին կա­­լան­­քի, ու­­նե­­­ցաւ շատ հե­­տաքրքրա­­կան հե­­տեւանքներ։ Մար­­դիկ առ­­ցանց դրու­­թեամբ ապսպրած նա­­խանիւ­­թե­­­րով մտան խո­­հանոց եւ փոր­­ձե­­­ցին նոր հա­­մեր գու­­շա­­­կել։ Ապա այդ գիւ­­տե­­­րը սոց­­ցանցե­­րու մի­­ջոցաւ բաժ­­նե­­­ցին իրա­­րու հետ։

Խո­­հանո­­ցը ու­­շադրու­­թեան առանցքը կը կազ­­մեր։

Իրե­­րայա­­ջորդ կը հրա­­տարա­­կուէին գիր­­քեր, ուր ըն­­թերցո­­ղը կը յայտնա­­բերէր իրեն հա­­մար ցարդ ան­­ծա­­­նօթ բազ­­մա­­­թիւ ու­­տեստե­­ղէնի բա­­ղադ­­րա­­­տոմ­­սեր։

Քա­­նի որ մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­ժէքնե­­րու ցու­­ցա­­­կի մէջ յա­­տուկ տեղ կը գրա­­ւէր խո­­հանո­­ցը, այս բա­­ղադ­­րա­­­տոմ­­սերն ալ իրենց կար­­գին տար­­բեր մշա­­կոյթնե­­րու ծա­­նօթա­­նալու հա­­մար բա­­նալիի մը ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը ու­­նե­­­ցան։

Միւս կող­­մէ հա­­մացան­­ցը տնա­­յին կա­­լան­­քի մատ­­նո­­­ւած մարդկանց հա­­մար իրա­­րու հետ հա­­ղոր­­դակցման նոր ոլորտ մըն ալ ստեղ­­ծեց։ Մար­­դիկ բջջա­­յին հե­­ռախօս­­նե­­­րով կամ հա­­մակար­­գիչնե­­րով կար­­ծե­­­ցեալ հան­­դի­­­պումներ ծրագ­­րե­­­ցին։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւրը իր բնա­­կարա­­նէն մաս­­նակցե­­ցաւ մերթ քա­­ղաքա­­կան կամ ըն­­կե­­­րային բա­­նակումնե­­րու, մերթ խմիչ­­քի սե­­ղան­­նե­­­րու եւ նոյ­­նիսկ մերթ ալ հա­­մերգնե­­րու։

Թան Մոր­­կիւլ եւ Մեհ­­մետ Ալի Ալա­­պորա այդ օրե­­րուն է որ հիմ­­նե­­­ցին gather-in հար­­թա­­­կը։

Ու­­րա­­­խու­­թեամբ կը տե­­ղեկա­­նանք թէ «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը գոր­­ծակցե­­լով այս հար­­թա­­­կին հետ, պատ­­րաստած է սե­­ղանի զրոյցնե­­րու շարք մը։ Այսպէս 16 Հոկ­­տեմբե­­րին Թա­­գու­­հի Թով­­մա­­­սեան կը պատ­­մէ իր հե­­ղինա­­կած «Մեր Շեն Սե­­ղանէն» անուն գիր­­քի ոդի­­սակա­­նը։ 23 Հոկ­­տեմբե­­րին Նա­­տիա Շե­­ներ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ ասո­­րի խո­­հանո­­ցէն յատ­­կանշա­­կան համ մը «քի­­թել,»ը։ 30 Հոկ­­տեմբե­­րին Սա­­սուն Էս­­դուգեան կը խօ­­սի Իս­­թանպու­­լի եւ Ան­­տիոքի խո­­հանո­­ցային մշա­­կոյ­­թի մա­­սին։ 6 Նո­­յեմ­­բե­­­րին Սիլ­­վա Էօզ­­յէրլի նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ Ամի­­տայի ճա­­շատե­­սակ­­նե­­­րը։ 13 Նո­­յեմ­­բե­­­րին Պօ­­ղոս Եղիազար ընդհա­­նուր ակ­­նարկ մը կը սե­­ւերէ Կի­­լիկիոյ Թա­­գաւո­­րու­­թեան ար­­քա­­­յական սե­­ղանին։ 20 Նո­­յեմ­­բե­­­րին Թա­­մար Պալ նոր տե­­սան­­կիւնով մը կը դի­­տէ աւան­­դա­­­կանա­­ցած կարգ մը բա­­ղադ­­րա­­­տոմ­­սեր։ Իսկ 27 Նո­­յեմ­­բե­­­րին գի­­նիի մաս­­նա­­­գէտ Լե­­ւոն Պա­­ղըշ կը խօ­­սի Իս­­թանպու­­լի յա­­տուկ հա­­մերու մա­­սին, միշտ նկա­­տի ու­­նե­­­նալով անոնց ալ­­քո­­­հոլա­­յին խմիչքնե­­րու հետ հա­­մերաշ­­խութիւ­­նը։

Բո­­լոր զրոյցնե­­րը պի­­տի հրա­­տարա­­կուին նոյն ժա­­մուն՝ 20.00-ին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ