Պոլսահայ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու նուաճած է 2024-ի Նոպելեան մրցանակը։
Տարօն Աճեմօղլուի հետ միասին Նոպելեալ դափնեկիրներ դարձած են Սայմըն Ճանսըն եւ Ճէյմս Ռոպինսոն։ Շուէտի Գիտութիւններու ակադեմիայի կողմէ կազմակերպուած Նոպելեան մրցանակները համաշխարհային գետնի վրայ ամենաբարձր մակարդակի գնահատականներէն կը համարուի։ Որոշումի հրապարակումէն ետք Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողան եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. յատուկ շնորհաւորութիւններով ողջունած են անուանի տնտեսագէտի յաջողութիւնը։ Ակադեմիան պարգեւատուութիւնը կը ներկայացնէ «հաստատութիւններուն կազմութեան գործընթացը եւ բարեկեցութեան ազդեցութիւնը» նիւթերու մասին հետազօտութիւնները գնահատելով։
Այս մասին եղած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Տնտեսագիտութեան այս տարուայ մրցանակակիրները դիւրացուցին բարգաւաճման միջազգային տարբերութիւնները ընկալելու խնդիրը։ Երեք տնտեսագէտները երկրի մը բարօրութեան համար հասարակական կազմակերպութիւններու կարեւորութիւնը շեշտեցին։ Իրաւաբանութեան գերիշխողութեան առումով տկար, հասարակութիւնը կեղեքող հաստատութիւններ ունեցող երկիրներու մէջ բարգաւաճում չիրականանար։ Մրցանակ ստացողներու հետազօտութիւնները կը պարզեն այս երեւոյթի պատճառները»։
Տարօն Աճեմօղլու ծնած է 1967-ին Իսթանպուլ։ Նախնական ուսումը ստացած է Արամեան Ունճեան Վարժարանը ապա աւարտած է Կալաթասարայի Լիսէն։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Անգլիոյ Եորք Համալսարանը եւ ապա տնտեսագիտութիւն ուսանած Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան Համալսարանի մէջ։
Ան աշխարհի առաջնատար տնտեսագէտներէն կը համարուի, որուն յօդուածները ամենաշատ մէջբեծուածներու կարգին է։
Տարօն Աճեմօղլուի հայրը Գէորգ Աճեմօղլու Իսթանպուլի Համալսարանի Իրաւաբանութեան Բաժնի դասախօսներէն էր։ Ան նաեւ կարեւոր մտաւորական մը եղած է երկրի յառաջադէմ շարժումներու մասնակից մը։ Մենք կը յիշենք «Եէօն» պարբերականի 20 Դեկտեմբեր 1961-ի յայտարարութիւնը գործազրկութեան, ժողովրդավարութեան, մշակութային զինակոչի եւ եկամուտներու բաշխման նիւթերու մասին։ Յաղտարարութիւնը ստորագրած էին 531 ակադեմական եւ մտաւորականներ, որոնց անուանացանկին առաջինն էր Գէորգ Աճեմօղլու։
Մայրը Իրմա Աճեմօղլու վաստակաւոր ուոսւոցչուհի մըն էր եւ երկար տարիներ վարած էր նաեւ Արամեան Ունճեան Վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ ան նաեւ ծանօթ է իր քերթուածներով որոնք հաւաքած է «Տալ Միայն» անուն գիրքին մէջ։