Աշխարհի տարածքին ամենաշատ հայկական եկեղեցիներով ծանօթ Պոլսոյ մէջ նախորդ շաբաթ մեկնարկեց մատաղօրհնութիւններու արշաւը։
Ընդունուած աւանդութեան համաձայն մատաղներու շարքը կը սկսի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Սիրոյ Սեղանով։ Հիմնական նպատակը թաղի վարժարանի տարեկան ելմտական պիւտճէի հաւասարեցնումն է։
Յայտնի դարձաւ թէ գոյացած 27,6 միլիոն ԹԼ բացի փոխարէն հաւաքուած է 20 միլիոն ԹԼ.։
Այս բոլորը մտածելով ակամայ տարուեցայ անցեալի յիշողութիւններու։ Սուրբ Գէորգի մատաղօրհնութիւնը թերեւս թաղի պատմութեան հետ զուգահեռ անցեալ ունեցող աւանդութիւն մըն է։ Իմ մանկութեան տարիներուն, մեր ծնողները եւ մեծ ծնողները անպայման ներկայ կը գտնուէին այդ արարողութեան, աւարտին ալ մատաղի միսով պատրաստուած սանտուիչներ ի ձեռին կը վերադառնային տուն։ Սա միայն մեր տան չէ, այլ ամբողջ թաղի հայութեան այդ օրուայ յատուկ անցուդարձն էր։ Կը պատմէին եղած նուիրատուութիւններու մասին, որոնց մէջ իրենք ալ կ՚ունենային իրենց վիճակած լումայի բաժինը։ Կը պարծենային շրջանաւարտներու թիւով եւ անոնց ձեռք բերած յաջողութիւններով։
Մատաղօրհնութեան խորհուրդի կողքին կար նաեւ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան սովորութիւնը։ Արդարեւ իմ մանկութեան տարիներուն իւրաքանչիւր սուրբի անուն, անձանուն էր նաեւ շատերուն համար։ Հետեւաբար հասարակ ժողովուրդն ալ այդ նոյն օրը կը նշէր իր հարազատներու անունը, տօնական սեղաններու շուրջ։
Երբ խօսքը կը վերաբերի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, կը յիշեմ նաեւ Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուած Սիրոյ Սեղանները։ Հոն ալ թաղը ունէր իր յայտնի բարերարները, որոնք պատիւներու կ՚արժանանային թաղական խորհուրդի կողմէ։ Անոնցմէ կը յիշեմ Աշոտ Բազումեանի եւ Տոքթ. Միքայէլ Ասլանի անունները։ Բայց ափսոս որ Պոյաճըգիւղ իմ երիտասարդութեան տարիներուն ալ հայաթափ եղած թաղ մըն էր եւ սեղանակիցները մեծաւ մասամբ կամ նախկին թաղեցիներ էին, կամ ալ Սայաթ Նովա Երգչախումբի շրջանակի մարդիկ։
Այսօր դպրոց չունեցող եկեղեցիներու համար բացառուած է մատաղօրհնութեան սովորութիւնը։ Տարիներ առաջ կայացած որոշումով մը Սիրոյ Սեղան կը սարքուի ոչ թէ թաղեցիները իրենց թաղի եկեղեցւոյ շուրջ մէկտեղելու, այլ վարժարաններու տարեկան պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար։
Շատեր կը բաժնեն այն կարծիքը, ըստ որու պոլսոհայութեան ընդհանուր եկամուտը եթէ միասնական նպատակով շահագործուի, Սիրոյ Սեղաններն ալ կը վերադառնան իրենց աւանդական եղանակին։
Յայտնի է որ ներկայ տրամադրութիւնը իր լուծումը գտած է բարերարներու նուիրատուութեան ապաւինելով։ Սա խնդրի դիւրին լուծման եղանակն է։ Թաղականը կը քստմնի բարերարին եւ ան ալ կատարած նուիրատուութիւնով պատիւներու կ՚արժանանայ։
Երեւոյթը մեր նկարագրածէն շատ աւելի հին անցեալ մը ունի։ Այդ անցեալի վկայութիւնը կը գտնենք պոլսահայ գրականութեան էջերուն մէջ։ Այն ինչ որ այսօր խորթ կը թուի մեզի, խորթ թուացած է նաեւ Յակոբ Պարոնեանին, որ իր սուր գրիչով ծիծաղի նիւթ դարձուցած է հայ երգիծական գրականութեան եւ թատրերգութեան ընտիր նմուշներով։
Համայնքային հաստատութիւններու երկար տարիներ առկախուած ընտրութիւններէն ետք նոր թեկնածուները կը խոստանային հիմնական բարեփոխումներ։
Կարճատեւ փորձը կը փաստէ թէ այս նոր շրջանն ալ փոխանակ ուժերու միաձուլումով նոր եղանակներ որոնելու, պիտի շարունակէ հին աւանդութիւնը։
Մեզի կը մնայ մաղթել «Աստուած վարձահատոյց թող ըլլայ»։
pakrates@yahoo.com