Կոմիտասի վերադարձը ծննդավայր

20Հոկ­տեմբեր 1924 թո­ւակա­նը յատ­կանշա­կան է, քա­նի որ Կո­միտաս Վար­դա­պետ իր ծնունդէն 155 տա­րի ետք առա­ջին ան­գամ կը յի­շատա­կուի ծննդա­վայր Կու­տի­նա Քա­ղաքին մէջ։

Յի­շատակ­ման կազ­մա­կեր­պիչն է Քիւ­թա­հիայի Քա­ղաքա­կան Խոր­հուրդը, որ այս նա­խաձեռ­նութեան հա­մար կը վա­յելէ նաեւ քա­ղաքա­պետա­րանի աջակ­ցութիւ­նը։

Լու­րը կը հա­ղոր­դեն «Քիւ­թա­հիա Հա­պէր» կայ­քէ­ջը, նշե­լով որ մե­ծանուն եր­գա­հանը իր ծննդա­վայ­րին մէջ յի­շատա­կելը յա­տուկ զգա­ցակա­նու­թեան մը պատ­ճառ պի­տի դառ­նայ։

Նա­խատե­սուած յայ­տագրի հա­մաձայն նախ պի­տի ցու­ցադրո­ւի Ապ­տուլլահ Թիւրքքա­նի հե­ղինա­կած կար­ճա­մեթ­րաժ ֆիլ­մը։ Ցու­ցադրու­թե­նէն ետք ֆիլ­մի հե­ղինակ­նե­րը ելոյթ պի­տի ու­նե­նան նման աշ­խա­տու­թեան խթան հան­դի­սացող գոր­ծօննե­րու մա­սին։

Ապա ելոյթ պի­տի ու­նե­նայ Ան­գա­րայի Պե­տական Երաժշտա­նոցի անձնա­կազ­մէն Փրոֆ. Ճենք Կիւ­րայ, նիւթ ու­նե­նալով Կո­միտա­սի աշ­խարհա­յեաց­քը եւ անոր երաժշտա­կան ցո­լացումնե­րը։

Ծրագ­րի երկրորդ բա­ժինը յատ­կա­ցուած է երաժշտա­կան ունկնդրու­թեան։ Այս բաժ­նին մէջ Մու­րատ Իչ­լի­նալ­չա, որ Պոլ­սոյ մէջ ծա­նօթ է իբ­րեւ շա­րակա­նագէտ, պի­տի կա­տարէ Կո­միտա­սեան եր­գեր։

Նոյնպէս Տույկու Կիւ­վե­նէր Կո­միտա­սեան եր­գե­րով, Միասէ Էօրիւմլիւ, Իս­մեթ Գա­րատե­նիզ, Մես­ուտէ Էլիֆ Կիւնկէօր Սա­րըքա­յա, Ալի­շան Պու­տաք, Ճա­ներ Պեք­թաշ, Մուսթա­ֆա Կէօչէր եւ Ճենք Կիւ­րայ ալ իրենց նո­ւագա­րան­նե­րով պի­տի մաս­նակցին երաժշտա­կան բաժ­նին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ