Բարեւ մը իսկ կը բաւէ…

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան բո­լոր այն քա­ղաք­ներն ու բնա­­կավայ­­րե­­­րը, որոնք ՀՏՓ-էն կամ ՏՊՓ-էն քա­­­ղաքա­­­պետ­­­ներ ու­­­նէին, ինչպէս օրի­­­նակ՝ Տի­­­յար­­­պե­­­­­­­քիրը, Շըռ­­­նա­­­­­­­քը, Ճիզ­­­րէն, Սու­­­րը, հա­­­յերէ­­­նը սկսած էին գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­ծել իրենց առօ­­­­րեայէն ներս։ Քա­­­­ղաքա­­­­պետա­­­­րանի ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, անոնց կայ­­­­քէ­­­­­­­­­­­­­­­ջերը նաեւ հա­­­­յերէ­­­­նով գրուած էին, «բա­­­­րի եկա­­­­ք»ը, «ող­­­­ջոյն»ը թրքե­­­­րէնի, քրտե­­­­րէնի, զա­­­­զայե­­­­րէնի, ասո­­­­րերէ­­­­նի առըն­­­­թեր նաեւ հա­­­­յերէ­­­­նով էին։ Այս քայ­­­­լը քրտա­­­­կան քա­­­­ղաքա­­­­կան շարժման նուազա­­­­գոյն տուրքն էր, զոր ան կը մա­­­­տու­­­­ցէր այդ տա­­­­րածաշրջա­­­­նի հնա­­­­գոյն ժո­­­­ղովուրդին նկատ­­­­մամբ։ Ժո­­­­ղովուրդ մը, որ այ­­­­սօ­­­­­­­­­­­­­­­րուան մեծ բա­­­­ցական է… Տուրք մը, այո՛, սա­­­­կայն ո՛չ միայն… Այլ լե­­­­զու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու կար­­­­գին հա­­­­յերէ­­­­նի ալ գո­­­­յու­­­­թիւնը կը յի­­­­շեց­­­­նէր այդ լե­­­­զուով ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տուող, չար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տուի իսկ՝ ստեղ­­­­ծող, կեր­­­­տող, չխօ­­­­սի իսկ՝ այդ լե­­­­զուով ապ­­­­րող ան­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­րուն գո­­­­յատե­­­­ւելու, մնա­­­­լու, տե­­­­ւելու կամ­­­­քը, վճռա­­­­կամու­­­­թիւնը։

Verba volant, scripta manent, ինչպէս կ՚ըսէ լա­­­­տինա­­­­կան առա­­­­ծը, այ­­­­սինքն՝ խօս­­­­քը գնա­­­­յուն, գի­­­­րը մնա­­­­յուն է։ Գի­­­­րը մնա­­­­յուն է նոյ­­­­նիսկ այն ժա­­­­մանակ, երբ զայն ստեղ­­­­ծած ժո­­­­ղովուրդը բնաջնջուած է։ Անոնք, որոնք լե­­­­զուն ջնջե­­­­լու հա­­­­մար յա­­­­մառ ջանք մը կը վատ­­­­նեն, քաջ գի­­­­տեն անոր զօ­­­­րու­­­­թիւնը։

Հե­­­­ռու չեր­­­­թանք։

Հա­­­­րաւ-արե­­­­ւելեան աւան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն քա­­­­ղաքա­­­­պետ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թեան կող­­­­մէ կը հե­­­­ռացուին իրենց պաշ­­­­տօննե­­­­րէն ու փո­­­­խարէ­­­­նը կը նշա­­­­նակուին քայ­­­­յում կո­­­­չուող պե­­­­տական խնա­­­­մատար­­­­ներ, քննիչ­­­­ներ։ Ան­­­­թարգմա­­­­նելի հաս­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թիւն մըն է այս քայ­­­­յու­­­­­­­­­­­­­­­մը. ան մարդ մըն է, որ պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նի կը նշա­­­­նակուի վե­­­­րէն, գա­­­­լու գրա­­­­ւելու հա­­­­մար տե­­­­ղը մէ­­­­կու մը, որ ընտրուած է տեղ­­­­ւոյն հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան կող­­­­մէ։

Քայ­­­­յու­­­­­­­­­­­­­մին առա­­­­ջին գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մէ­­­­կը կ՚ըլ­­­­լայ փո­­­­խել քա­­­­ղաքա­­­­պետա­­­­րանին ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, կայ­­­­քէ­­­­­­­­­­­­­­­ջերը՝ հե­­­­ռաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով անոնցմէ քրտե­­­­րէնը, հա­­­­յերէ­­­­նը, զա­­­­զայե­­­­րէնը, ասո­­­­րերէ­­­­նը, թո­­­­ղել միայն թրքե­­­­րէնը։ Ճիզ­­­­րէի հա­­­­մաքա­­­­ղաքա­­­­պետ Լէյ­­­­լա Իմ­­­­րեթ, որ ներ­­­­քին գոր­­­­ծոց նա­­­­խարա­­­­րու­­­­թեան կող­­­­մէ պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նէ հե­­­­ռացուած էր ան­­­­ցեալ տա­­­­րուան Սեպ­­­­տեմբե­­­­րին, վեր­­­­ջերս յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարած էր, որ կը տխրի երբ այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լէ քա­­­­ղաքա­­­­պետա­­­­րանին կայ­­­­քէ­­­­­­­­­­­­­­­ջը, որ իր ժա­­­­մանակ թրքե­­­­րէնով ու քրտե­­­­րէնով էր։ Ան ըսած է, որ ջնջած են ան­­­­ցեալին վե­­­­րաբե­­­­րող ամէն ինչ։ «Կայ­­­­քէ­­­­­­­­­­­­­­­ջը կը գոր­­­­ծէ մէկ լե­­­­զուով միայն, ինչ որ կ՚ապա­­­­ցու­­­­ցէ, թէ որ աս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ճան դէմ են այս ժո­­­­ղովուրդի լե­­­­զուին»։

Օս­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նեան կայսրու­­­­թեան ժա­­­­մանակ հա­­­­յերէ­­­­նով, նաեւ քա­­­­նի մը այլ լե­­­­զու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նաթերթ կը հրա­­­­տարա­­­­կուէր, քա­­­­ղաքա­­­­կան գոր­­­­ծիչներ ու կա­­­­ռավա­­­­րիչ­­­­ներ պատ­­­­րաստող պե­­­­տական վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ նաեւ հա­­­­յերէն կը դա­­­­սաւան­­­­դուէր, հա­­­­յերէ­­­­նով հրա­­­­տարա­­­­կուած վէպ մը կարճ ժա­­­­մանակ մը ետք նաեւ թրքե­­­­րէնի կը թարգմա­­­­նուէր։ Այլ լե­­­­զու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու պա­­­­րագա­­­­յին եւս տար­­­­բեր չէր իրո­­­­ղու­­­­թիւնը։ Պե­­­­տական հա­­­­զար ու մէկ խտրա­­­­կանու­­­­թիւննե­­­­րու, ճնշումնե­­­­րու առ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­թեամբ իսկ, բազ­­­­մամշա­­­­կոյթ հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան մը բա­­­­րի պտու­­­­ղը նկա­­­­տուող այս բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­զանու­­­­թիւնը պատ­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­ճօրէն կը յար­­­­գըուէր հա­­­­րիւր տա­­­­րի առաջ։ Օս­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ներէ­­­­նի կող­­­­քին հա­­­­յերէնն ու յու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­րէնը հա­­­­ւասա­­­­րապէս իսկ չըլ­­­­լար՝ գո­­­­նէ կրնա­­­­յին գո­­­­յակ­­­­ցիլ, հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան աչ­­­­քին խորթ չէր թուեր այդ լե­­­­զու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով եղած հրա­­­­տարա­­­­կու­­­­թիւննե­­­­րը, մարդկանց ական­­­­ջը վար­­­­ժուած էր լսե­­­­լու հա­­­­յերէ­­­­նը, յու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­րէնը, կրնա­­­­յին զա­­­­նազա­­­­նել այդ լե­­­­զու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը իրար­­­­մէ։

Հա­­­­յերէ­­­­նը ո՛չ միայն թրքա­­­­հայու­­­­թեան, այլ Թուրքիոյ լե­­­­զուն ալ չէ տա­­­­րինե­­­­րէ ի վեր։ Ըն­­­­դուղիին մէջ երբ բա­­­­նաք ու հա­­­­յերէն գիրք մը կար­­­­դաք՝ ձեր քով նստած ու­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­ւորը զար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ցած կը նա­­­­յի այդ տա­­­­ռերուն։ Երբ հա­­­­յերէն խօ­­­­սիք սրճա­­­­րանի մը մէջ՝ ձեզ հե­­­­տաքրքրու­­­­թեամբ ունկնդող սե­­­­ղանա­­­­կից­­­­ներ հա­­­­զար ու մէկ հա­­­­ւանա­­­­կանու­­­­թիւններ կը թուար­­­­կեն ձեր խօ­­­­սած լե­­­­զուն կռա­­­­հելու հա­­­­մար։ Չեն յա­­­­ջողիր սա­­­­կայն, հա­­­­յերէ­­­­նը իրենց միտքն ան­­­­գամ չի գար, չեն կրնար երե­­­­ւակա­­­­յել իսկ որ հա­­­­յերէ­­­­նը հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յին լե­­­­զու մըն էր երկրին մէջ։ Այո՛, անո՚նք ալ աղ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­տացած են այս առու­­­­մով, իրենց յի­­­­շողու­­­­թիւնն ալ սո­­­­ղան­­­­քի են­­­­թարկուած է։ Ո՛չ միայն մենք տու­­­­ժած ենք, նաեւ անոնք, թե­­­­րեւս աւե­­­­լի քան մենք, որոնք չեն իսկ ըմբռներ այդ կո­­­­րուստին ահագ­­­­նութիւ­­­­նը։

Ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւնը հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան բնաջնջումն էր, բայց նաեւ միայն նիւ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կան մշա­­­­կոյ­­­­թը՝ եկե­­­­ղեցի­­­­ները, վան­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը, շէ­­­­ներն ու աւան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը չքան­­­­դեց, հա­­­­յուն յի­­­­շատակն իսկ ոչնչաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու յա­­­­մառ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանք մը իրա­­­­կանա­­­­ցուց տաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մեակ­­­­ներ շա­­­­րու­­­­նակ։ Լե­­­­զուն յի­­­­շողու­­­­թիւնը կը կրէ իր մէջ. անով հայ­­­­հո­­­­­­­­­­­­­­­յէք իսկ, բա­­­­րեւ մը, ող­­­­ջոյն մը իսկ տաք ու­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­շին՝ հա­­­­զարա­­­­մեակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հնչիւ­­­­նը կը փո­­­­խան­­­­ցէք։ Սա «ծով» բա­­­­ռը առ­­­­նուազն հա­­­­զար հինգ հա­­­­րիւր տա­­­­րուան պատ­­­­մութիւն ու­­­­նի. եթէ ձեր լե­­­­զուէն քա­­­­կէք ու թան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րան դնէք՝ այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու եր­­­­կար հերթ մը կը գո­­­­յանայ վստա­­­­հաբար։ Հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիքը կրնայ ոչնչա­­­­նալ. թշնա­­­­միի յար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կումներ, բնա­­­­կան աղէտ­­­­ներ կրնան կոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­նել զայն, սա­­­­կայն լե­­­­զուն ոչնչաց­­­­նել ինչպէ՞ս կա­­­­րելի է։ Կայ­­­­քէ­­­­­­­­­­­­­­­ջերէն կրնաք ջնջել, ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն կրնաք սրբել, կրնաք դպրոց­­­­ներ փա­­­­կել, գիր­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը հրկի­­­­զել, նոյ­­­­նիսկ ժո­­­­ղովուրդը բնաջնջել, բայց անսպա­­­­սելի տե­­­­ղէ օր մը մէ­­­­կը կ՚ել­­­­լէ ու «բա­­­­րեւ» մը կ՚ըսէ… Ու դուք կը պար­­­­տուիք… Եւ ձեր պար­­­­տութիւ­­­­նը աւե­­­­լի զօ­­­­րաւոր կ՚ըլ­­­­լայ, հա­­­­ւատա­­­­ցէ՛ք, քան պար­­­­տեալ կար­­­­ծուածի­­­­նը։

Տա­­­­րիներ առաջ այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լած էի Այնթա­­­­պի Ս. Աս­­­­տուածա­­­­ծին մայր եկե­­­­ղեցին, որ այ­­­­սօր մզկի­­­­թի վե­­­­րածուած է։ Վե­­­­րանո­­­­րոգուելուն պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռով, ձգած էին որ ազա­­­­տօրէն շրջիմ։ Ո՛չ մէկ փաստ, ո՛չ մէկ ակ­­­­­նարկ, ո՛չ իսկ հետք մը՝ որ մատ­­­­­նէր հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան ինչ մը այդ կա­­­­ռոյ­­­­ցին վրայ։ Բայց ես գի­­­­տէի, վստահ էի որ ան­­­­պայման տեղ մը հետք մը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու է։ Յան­­­­կարծ, վեր­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տան մէջ, սիւ­­­­նի մը վե­­­­րին տա­­­­փարա­­­­կին վրայ տե­­­­սայ գիր մը՝ «վար­­­­դան»։ Այսքա՛ն։ Զինք ոչնչաց­­­­նել փոր­­­­ձող, բնա­­­­ջինջ ընել յանդգնող դա­­­­հիճին քի­­­­թին բեր­­­­նին նե­­­­տուած ծի­­­­ծաղի մը պէս՝ «վար­­­­դա՛ն»։

Ըմ­­­­բոստա­­­­ցու­­­­մի հա­­­­մար զէն­­­­քի պէտք չու­­­­նիք, «բա­­­­րեւ» մը իսկ կը բա­­­­ւէ։ Հա­­­­ւատա­­­­ցէ՛ք… Լե­­­­զու մը եր­­­­բեք այդքան անուշ չհնչեց, եր­­­­բեք այդքան գե­­­­ղեցիկ չգրուեցաւ՝ ինչքան հա­­­­յերէ­­­­նը «Կե­­­­զի» զբօ­­­­սապար­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­զի պաս­­­­տառնե­­­­րուն վրայ, ինչքան «Քամբ Ար­­­­մէն»ի դի­­­­մադ­­­­րութեան ժա­­­­մանակ։ Եւ Քուրթու­­­­լուշի պո­­­­ղոտա­­­­յին պա­­­­տերուն գրուած «Ո՞ւր էիր Աս­­­­տուած»նե­­­­րը, «Բա­­­­րի լոյս տի­­­­կին Արուս»նե­­­­րը եւլն. հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­սենեակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն դուրս հա­­­­նուած, եկե­­­ղեցիին պա­­­տերուն մէջ բան­­­տարկուած խեղճ հա­­­յերէ­­­նին ազա­­­տագ­­­րումը եղան.Մաշ­­­տո­­­­­­­ցի երե­­­ւակա­­­յու­­­թեան մէջ, ժայ­­­ռի մը վրայ աս­­տուծոյ մը թա­­թով գրուած տա­­ռերուն ու­­ժը ատոնց չափ զօ­րաւոր էր, հա­ւատա­ցէ՛ք…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ